Ա23 Սառցալեռը

Ա23 Սառցալեռը, ունի 3500 քառ. քմ մեծութիւն: Անոր ընդհանուր բարձրութիւնը կը հասնի 400 մեթրի` Էյֆէլ աշտարակէն աւելի բարձր, սակայն անոր միայն 40 մեթրը (13 յարկանի շէնքի մը բարձրութեան) տեսանելի է ջուրին մակերեսին:
Ա23 սառցալեռը Անթարքթիքէն (Հարաւային բեւեռ) բաժնուած է 1986 թուականին: Միաժամանակ ուրիշ մեծ սառցալեռներ բաժնուած են նաեւ, սակայն անոնք ծփացած, հեռացած եւ վերջապէս հալած են: Մինչ Ա23 կախուած մնացած է հարաւային ովկիանոսին Ուէտըլ ծովուն մէջ մօտաւորապէս 30 տարի[1]:
2020 թուականին սառցալեռը վերջապէս կ'անցնի ծովուն սահմանները եւ կը սկսի օրական մօտաւորապէս 5 քմ. յառաջանալ:
Գիտնականները կ'ենթադրէին, թէ ան բնական ընթացքով պիտի ուղղուի դէպի «Սառցալեռներու նրբանցքը» հարաւային Ատլանտեանի մէջ եւ հալի:
Սակայն օգոստոս 2024-ին ան դարձեալ «կը բանտարկուի» այս անգամ հարաւային ովկիանոսի ջուրերուն շրջող պտուտահողմի մը մէջ: Սառցալեռը օրական մօտաւորապէս 24 քմ. կը յառաջանայ, սակայն` միշտ ինքն իր վրայ դառնալով եւ նոյն տեղը մնալով:
Ա23-ը վերջապէս «ազատ կ'արձակուի» Դեկտեմբեր 2024-ին եւ կը սկսի ուղղուիլ դէպի հարաւային Ատլանտեանի մէջ Սաութ Ճորճիա կղզին: Այս հեռաւոր կղզիին վրայ կ'ապրին տեսակաւոր անասուններու գաղութներ, փենկուէնի չորս տարբեր տեսակներ, ինչպէս նաեւ` ծովաշուներ եւ ծովարջեր[2]:
Մասնագէտները դարձեալ կ'ակնկալեն, որ սառցալեռը պիտի կտրտուի եւ հալի Սաութ Ճորճիա հասնելէն շատ առաջ: Սակայն արբանեակներէն առնուած նկարներ ցոյց կու տան, որ 24 յՅունուար 2025-ին սառցալեռը անփոփոխ էր:
Սառցալեռը կը շարժի ջուրի հոսանքին հետ, հետեւաբար, մեծ վախ չկայ, որ ան կղզիին զարնուի: Մասնագէտները յոյսով են, որ Ա23-ը պիտի ընթանայ ովկիանոսի հոսանքներուն հետ եւ ապահով կերպով հալի հարաւային Ատլանտեանի մէջ: