Jump to content

Աքպար Ալլահապատի

Աքպար Ալլահապատի կամ Աքպար Ալլահապատեցի կամ Սայյէտ Աքպար Հուսէյն (ուրտու՝ اکبر الہ آبادی, հինտի՝, անգլերէն՝ Akbar Allahabadi)։ Հնդիկ բանաստեղծ, Ուրտու լեզուի (իսլամական հնդկերէն) գրականութեան մեծագոյն երգիծաբաններէն։[1][2]

Աքպարի ամէնայայտնի բանաստեղծութիւնը կը ծաղրէր արեւմտեան մշակոյթի յարձակումին հետեւանքով ծագած մշակութային երկսայրաբանութիւնը (անգլերէն՝ Dilemma)։

Անոր զայրոյթը գլխաւորապէս ուղղուած էր տեղացի-բնիկներուն դէմ, զորս կը համարէր այլանդակ կեղծ-արեւմուտքցի։

Հնդիկներուն մէջ ան յայտնի դարձաւ որպէս «Լիսան Ուլ-Ասր» (բառացիօրէն՝ «Դարու լեզու՝ Ժամանակաշրջանի բանաստեղծ»)։

Աքպար Ալլահապատեցի ծնած է Ալլահապատ շրջանի (Այժմու՝ Փրայակրաճ) Պարա աւանին մէջ։ Ալլահապատի կը պատկանէր Սայյէտներու ընտանիքի (Մուհամմատ մարգարէի թոռնիկ՝ Հուսէյնի շառաւիղները), որոնք Հնդկաստան ժամանած էին Պարսկաստանէն, որպէս զինուորներ։[3] Անոր մեծ հայրը կը յարէր Շիիայականութեան (արաբերէն՝ المذهب الشيعي), մինչդեռ անոր հայրն ու հօրեղբայրը կը հետեւէին Սուննի (արաբերէն՝ المذهب السنّي) ուղղութեան։

Աքպար տան մէջ հօրմէն կը սորվի արաբերէն, պարսկերէն եւ ուսողութիւն (անգլերէն՝ Mathematics)։ 1856 թուականին, Աքպարի մայրը կը տեղափոխուի Ալլահապատ, ուր կը ստանայ անգլիական ուսում, սակայն ուսումը կիսատ կը թողու եւ կը լքէ դպրոցը 1859 թուականին։ Այնուամենայնիւ, ան կը շարունակէ ուսումնասիրել անգլերէնն ու ընդարձակօրէն կ՚ընթերցէ գրականութիւնը։[3]

Դպրոցը լքելէն ետք, Ալլահապատի աշխատանքի կ՚ընդունուի երկաթուղիի ճարտարագիտութեան բաժանմունքէն ներս (անգլերէն՝ Railway Engineering Department) որպէս դպիր։

Աշխատանքին հետ միասին, ան կը յանձնէ քննութիւն մը, որուն շնորհիւ իրաւունք կ՚ունենայ փաստաբան ըլլալու։ Ապա կ՚աշխատի որպէս հարկահաւաք (ուրտու՝ تحصیلدار, հինտի՝ तहसीलदार, թահսիլտար) եւ ի վերջոյ դատաւոր:[3]

Աքպար հանգստեան կը կոչուի 1905 թուականին ու կը շարունակէ ապրիլ Ալլահապատի մէջ։ 1921թ․ Սեպտեմբերի 9-ին կը մահանայ տենդախտի պատճառով։

«Hungama Hai Kyon Barpa»-ն ժողովրդական կազալ (ghazal) մըն է, գրուած՝ Աքպար Ալլահապատիի կողմէ եւ առաւելաբար մեկնաբանուած՝ Ղուլամ Ալիի կողմէ։ Անոր բանաստեղծութեան տողերը իրենց տեղը գտած են նաեւ Նուսրաթ Ֆաթէհ Ալի Խանի նշանաւոր «Tum ik Gorakh Dhanda Ho» քաուալիի (qawwali) մէջ։

Աքպար Ալլահապատիի շարք մը քերթուածներ գործածուած են 2015-ի հնդկական «Masaan» ժապաւէնին մէջ։ Նկարագրելով ասիկա որպէս գիտակից յարգանքի տուրք՝ ժապաւէնի երգերու հեղինակ Վարուն Կրովըր բացատրած է, թէ ինք կը փափաքէր գլխաւոր հերոսուհիներէն մէկը՝ Շաալուն (զոր կը մարմնաւորէ Շուեթա Թրիփաթին), ներկայացնել որպէս անձ մը, որուն սիրած զբաղմունքը հնդկական բանաստեղծութիւն եւ շայիրի (shayri) կարդալն է։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Bose, Sugata, Jalal, Ayesha, խմբգրնր․ (1998)։ Nationalism, democracy and development : state and politics in India։ Oxford University Press։ ISBN 0195644425։ OCLC 38764810
  2. Dihalvi Muhammad Rahim։ Hazrat-i-Akbar ke Shab-o-Roz։ էջ 36
  3. 1 2 3 Allahabadi Talib։ Akbar Allahabadi։ Allahabad։ էջեր 17–394
  4. (անգլերեն) Akbar Allahabadi, 2025-12-16, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Akbar_Allahabadi&oldid=1327846952, վերցված է 2026-02-16