Jump to content

Ափրիկեան միութեան դրօշ

Ափրիկեան միութեան դրօշ
Տեսակ flag design?
Իրաւասութեան տարածք Աֆրիկյան Միություն?
Ընդունուած է 2010
Գոյներ կանաչ, ճերմակ և կարմիր

ափրիկեան միութեան դրօշ, ափրիկեան միութեան խորհրդանիշը։ Ընդունուած է 31 Յունուար 2010-ին Ատիս Ապապայի պետութեան ղեկավարներու եւ կառավարութեան Ասամբելայի 14-րդ նստաշրջանին[1]։

Դրօշը կանաչ գոյնի ուղղանկիւն պաստառ է, որու կեդրոնը տեղակայուած է Ափրիկէ մայրցամաքի կանաչ ուրուապատկերը՝ 53 սպիտակ շողացող ճառագայթներով՝ շրջապատուած 53 ոսկեգոյն հնգաթեւ աստղերով[2]։

Խորհրդանիշներու նշանակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Կանաչ գոյնը կը խորհրդանշէ ափրիկեան յոյսերը եւ միասնութեան ձգտումը։
  • Ոսկեգոյնը կը խորհրդանշէ ափրիկեան հարստութիւնը եւ պայծառ ապագան։
  • Սպիտակ գոյնը կը ներկայացնէ Ափրիկէի՝ ամբողջ աշխարհին մէջ իրական ընկերներ ունենալու ցանկութեան մաքրութիւնը։
  • 53 աստղերը կը խորհրդանշեն ափրիկեան միութեան անդամ բոլոր պետութիւնները (Յուլիս 2011-ին Հարաւային Սուտանը դարձաւ միութեան 54-րդ անդամը, Մարոքի անդամակցութիւնը վերականգնուեցաւ 2017 թուականի Փետրուարին)։

Ափրիկեան միութիւն կազմակերպութեան առաջին դրօշը ուղղանկիւն պաստառ էր՝ կազմուած հինգ հորիզոնական շերտէ։ Վերին եւ ստորին շերտերը կանաչ էին եւ կեդրոնական սպիտակ շերտէ կ՚առանձնանէին երկու նեղ, ոսկեգոյն շերտով։ Դրօշի կեդրոնը տեղակայուած էր ափրիկեան Միութեան խորհրդանիշը։ Դրօշը ընդունուած է 1970 թուականին։

Գոյներու խորհուրդը հետեւեալն էր. կանաչը կը խորհրդանշէր ափրիկեան յոյսերը եւ միասնութեան ձգտումը, ոսկեգոյնը կը նշանակէր Ափրիկէի հարստութիւնն եւ պայծառ ապագան, սպիտակը կը ներկայացնէր Ափրիկէի՝ ամբողջ աշխարհին մէջ իրական ընկերներ ունենալու ցանկութեան մաքրութիւնը, իսկ կարմիրը կը խորհրդանշէր ափրիկեան համերաշխութիւնն եւ Ափրիկէի ազատագրման համար թափուած արիւնը[3]։

2002 թուականին ափրիկեան Միութիւն կազմակերպութիւնը ձեւափոխուեցաո ափրիկեան միութեան։ 2003 թուականին յայտարարուեցաւ մրցոյթ նոր խորհրդանիշի եւ դրօշի մշակման համար։ Սակայն ափրիկեան միութեան Ասամբլեան 2004 թուականին Ատիս-Ապապայի մէջ կայացած նիստին որոշեց պահպանել ափրիկեան Միութիւն կազմակերպութեան նախկին խորհրդանիշը։ Նոր դրօշը մշակուեցաւ 2010 թուականին եւ աւելի յստակ խորհրդանշեց միասնութեան գաղափարը՝ շնորհիւ Ափրիկէի ուրուապատկերու մեծ չափի եւ մայրցամաքի բոլոր պետութիւնները խորհրդանշող աստղերուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «8th African Union Gender Pre-Summit on 2016 African Year of Human Rights, with Particular Focus on the Rights of Women 17 – 21 January 2016 – African Union»։ www.au.int։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ մարտի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ հուլիսի 17
  2. «Western Sahara welcomes Morocco's African Union membership»։ 2017 թ․ հունվարի 31 via www.bbc.co.uk
  3. Kelley Peter (2010 թ․ փետրվարի 18)։ «HFS staffer Yadesa Bojia celebrated for designing striking new African Union flag»։ University of Washington

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]