Jump to content

Ափոլլօ ծրագիր

Ափոլօ ծրագիրը (Apollo Program), որ նաեւ կը կոչուէր «Ափոլլօ նախագիծ» (Project Apollo), ՆԱՍԱ-ի ղեկավարած Միացեալ Նահանգներու մարդատար տիեզերական ծրագիրն էր, որ 1969-ին առաջին անգամ մարդիկ հասցուցած էր Լուսին։

Ափոլլօ ծրագիրը կը ծրագրուի 1960-ին՝ նախագահ Տուայթ Դ. Այզընհաուըրի պաշտօնավարութեան օրերուն, Մըրքիւրի ծրագիրին ընթացքին, եւ կ'իրականացուի Ճեմինի ծրագիրէն ետք։ Հետագային, ծրագիրը կը նուիրուի նախագահ Ճոն Ֆ. Քենետիի հռչակած ազգային նպատակին՝ «Մինչեւ այս տասնամեակի աւարտը մարդ մը Լուսին իջեցնել եւ ապահով վերադարձնել Երկիր», ինչպէս ան յայտարարած էր 25 Մայիս 1961-ին, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ուղղուած պատմական իր ճառին մէջ։

Քենետիի այս նպատակը կ'իրագործուի Ափոլլօ 11 առաքելութեան ընթացքին, երբ տիեզերագնացներ Նիլ Արմսթրոնկ եւ Պազ Օլտրին 20 Յուլիս 1969-ին, Լուսինի վրայ վայրէջք կը կատարեն իրենց Լուսնային Վայրէջքանաւով (Lunar Module, LM) եւ կը քալեն Լուսինին վրայ։ Միաժամանակ Մայքըլ Քոլինզ կը մնար Լուսինի ուղեծիրին մէջ՝ Հրամանատարական եւ Ծառայողական Տիեզերանաւին (Command and Service Module, CSM) մէջ։

Երեք տիեզերագնացներն ալ 24 Յուլիսին ապահով կը վերադառնան Երկիր եւ վայրէջք կը կատարեն Խաղաղական Ովկիանոսին մէջ։ Այս պատմական դէպքին աշխարհի շուրջ 650 միլիոն հոգի հեռատեսիլով կը հետեւի։

Ափոլլօ ծրագիրին յաջորդ հինգ առաքելութիւններն ալ յաջողութեամբ Լուսին կը հասցնեն տիեզերագնացներ։ Ապա՝ Ափոլլօ 17-ն կ'ուղարկուի Դեկտեմբեր 1972-ին։ Ընդհանուր առմամբ, այս վեց Լուսնային առաքելութիւններուն ընթացքին տասներկու հոգի կը քալէ Լուսինին վրայ։

Պազ Օլտրին, որ կը տեսնուի Լուսինին վրայ կանգնած պատմական լուսանկարին մէջ, Նիլ Արմսթրոնկի հետ կը քալէ Լուսինին վրայ 20-21 Յուլիս 1969-ին՝ Ափոլօ 11 առաքելութեան ընթացքին։

Ափոլլօ 17 առաքելութեան ժամանակ առաջին անգամ լայնօրէն կ'օգտագործուի Լուսնային Շարժակառքը (Lunar Roving Vehicle), որ տիեզերագնացներուն հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ տարածութիւններ ուսումնասիրելու։

1968-ին Ափոլլօ 8 առաքելութեան ընթացքին, տիեզերագնաց Ուիլիըմ Անտըրզի նկարահանած «Երկրածագ» (Earthrise) լուսանկարը կը դառնայ տիեզերագնացութեան պատմութեան ամէնէն նշանաւոր պատկերներէն մէկը։

Ափոլլօ ծրագիրը կը գործէ 1961-էն մինչեւ 1972, իսկ առաջին մարդատար թռիչքը կը կատարուի 1968-ին։ Սակայն ծրագիրը ծանր հարուած կը ստանայ 1967-ին, երբ Ափոլլօ 1-ի նախաթռիչքային փորձարկման ընթացքին խցիկին մէջ բռնկած հրդեհը կը զոհէ ամբողջ անձնակազմը։

Առաջին Լուսնային վայրէջքէն ետք, բաւարար քանակութեամբ հրթիռներ եւ տիեզերանաւեր մնացած էին եւս ինը Լուսնային առաքելութիւններ իրականացնելու համար, որոնք նախատեսուած էին ընդարձակ երկրաբանական եւ աստղաֆիզիքական ուսումնասիրութիւններու։ Սակայն նիւթական սահմանափակումներու պատճառով, այդ առաքելութիւններէն երեքը կը չեղարկուին։

Մնացեալ վեց առաքելութիւններէն հինգը յաջողութեամբ վայրէջք կը կատարէ Լուսինին վրայ։

Միայն Ափոլլօ 13 առաքելութիւնը ստիպուած կ'ըլլայ հրաժարիլ վայրէջքէն, որովհետեւ դէպի Լուսին թռիչքի ընթացքին, թթուածինի անօթներէն մէկը պայթի եւ լրջօրէն կը վնասէ հրամանատարական եւ ծառայողական տիեզերանաւը։ Անձնակազմը մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի ապահով վերադառնալ Երկիր՝ Լուսնային Վայրէջքանաւը օգտագործելով իբրեւ ժամանակաւոր «փրկանաւ»։

Ափոլլօ ծրագիրը իր արձակումներուն համար կը գործածէր Սաթըրն հրթիռներու ընտանիքը։ Նոյն հրթիռները կը ծառայեն նաեւ Ափոլլոյի Կիրառական Ծրագիրին (Apollo Applications Program), որուն արդիւնքներէն էր Սքայլէպ տիեզերակայանը։ Սքայլէպը 1973-1974 թուականներուն կը հիւրընկալէ երեք մարդատար առաքելութիւն։

1975-ին կ'իրականանայ նաեւ Ափոլլօ-Սոյուզ Փորձնական Նախագիծը, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան առաջին համատեղ մարդատար առաքելութիւնն էր Երկիրի ցած ուղեծիրին մէջ։

Ափոլլօ ծրագիրը կ'արձանագրէ մարդատար տիեզերագնացութեան պատմութեան բազմաթիւ կարեւոր յաղթանակներ։ Անիկա մինչեւ օրս միակ ծրագիրն է, որ մարդիկ հասցուցած է Լուսինին վրայ։

Ափոլլօ 8-ն առաջին մարդատար առաքելութիւնն էր, որ դուրս կու գայ Երկիրի ցած ուղեծիրէն եւ ուղեծիր կը մտնէ այլ երկնային մարմինի շուրջ, իսկ Ափոլօ 11-ը առաջին մարդատար առաքելութիւնն էր, որ մարդիկ Լուսինի վրայ վայրէջք կը կատարէ։

Ընդհանուր առմամբ, Ափոլլօ ծրագիրը Երկիր կը բերէ 842 փաունտ (382 քիլոկրամ) լուսնային ապառաժներ եւ հողային նմոյշներ, որոնք զգալիօրէն կը նպաստեն Լուսինին բաղադրութեան եւ երկրաբանական պատմութեան ուսումնասիրութեան։

Ծրագիրը նաեւ հիմք կը դնէ ՆԱՍԱ-ի հետագայ մարդատար տիեզերական գործունէութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ Ճանսըն Տիեզերական Կեդրոնի եւ Քենետի Տիեզերական Կեդրոնի կառուցման։ Ափոլլօն կը խթանէ նաեւ բազմաթիւ արհեստագիտական բնագաւառներու զարգացումը, ներառեալ՝ օդատիեզերական ելեկտրոնային համակարգերը, հեռահաղորդակցութիւնը եւ համակարգիչներու զարգացումը[1]։

Լուսինի առաքելութիւններէն ետք, մարդիկ կրկին Երկիրի ցած ուղեծիրէն դուրս կու գան միայն 2026-ին, երբ Արտեմիս 2 առաքելութիւնը թռիչք կը կատարէ Լուսինին շուրջ՝ Արտեմիս ծրագիրին շրջանակներուն մէջ։ Արտեմիս ծրագիրը կը հիմնադրուի 2017-ին՝ իբրեւ Ափոլլոյի ժառանգորդը, եւ նպատակ ունի 2028-էն ոչ առաջ կրկին մարդիկ իջեցնել Լուսինին վրայ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]