Աւստրիոյ հայերը
Աւստրիոյ հայերը, հայերը առաջին անգամ Աւստրիա սկսած են մուտք գործել 17-րդ դարուն: Հաստատուած առաջին հայերը եղած են պոլսահայ վաճառականներ: Յովհաննէս Աստուածատուրեան հիմնած է 17 Յունուար 1685-ին առաջին սրճարանը[1][2][3], իսկ Երեւանէն Իսահակ Ղուկասեան՝ առաջին սուրճի գործարանը։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-րդ դարու սկիզբը, հայերու հոծ բազմութիւն մը սկսած է հաստատուիլ Վիեննա, երբ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութենէն անջատուած կղերականներ փոխադրուելով Վիեննա՝ հիմնած են Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութիւնը (1810)։ Այդ շրջանին հայութեան թիւը սկսած է աճիլ, մեծ թիւով հայեր սկսած են յաճախել Վիեննայի համալսարաններն ու նշանաւոր երաժշտանոցները։
19-րդ դարու վերջաւորութեան, Աւստրիա կը բնակէին շուրջ 200 հայեր, մեծամասնութեամբ` Վիեննա քաղաքը:
1810-ին վիեննական Մխիթարեաններու հաստատուիլը մեծ դեր ունեցած է հայագիտական տարբեր բնագաւառներու եւ հայոց եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան ասպարէզին համար: Վանքը եղած է հայագիտական ճանչցուած կեդրոն:
Ա․ աշխարհամարտէն ետք, Թուրքիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն ապաստան գտած են քանի մը տասնեակ հայ ընտանիքներ, սակայն հայերու մեծ հոսքը տեղի ունեցած է 1970ական թուականներու կէսերուն, երբ Վիեննա տեղափոխուած են հայեր Լիբանանէն եւ Իրանէն, այդ երկիրներու քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով: 1960-1980 թուականներուն Վիեննայի հայ ուսանողներու թիւը աւելցած է, երբ հայ երիտասարդներ Լիբանանէն, Իրանէն ու Եգիպտոսէն եկած են ուսանելու Վիեննայի համալսարաններուն մէջ, որոնցմէ շատերը ուսումը աւարտելէն ետք չեն վերադարձած իրենց քաղաքները, ինչպէս նաեւ բաւական մեծ թիւով հայեր մայր հայրենիքէն գալով 90ականներու սկիզբը հաստատուած են Վիեննա: Այդ շրջանին Աւստրիոյ մէջ բնակող հայերու թիւը կը հաշուէր շուրջ 3000: Ներկայիս, Սուրիայէն մեծ թիւով հայեր ապաստան գտած են Աւստրիոյ մէջ։
1910-ին հիմնուած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ), վերականգնուած՝ 26 Ապրիլ 1960-ին։ ՀԲԸՄ նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացած է հայ համայնքի կարօտեալներուն, ուսանող երիտասարդներուն, ինչպէս նաեւ 70ական թուականներուն Մ․ Նահանգներ տեղափոխուած լիբանանահայերուն ու պարսկահայերուն:
1965-1968 կառուցուած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ օծուած՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի ձեռքով: Եկեղեցիին կողքին կառուցուած է «Ազգային Տուն»ը եւ սրահ մը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան անունով: Նոյն շէնքին մէջ կը գտնուին Յովհաննէս Շիրազ շաբաթօրեայ դպրոցը, Աւստրօ-Հայկական Մշակութային Ընկերութեան, Հայ Ուսանողական ու Երիտասարդական Միութեան, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) ակումբները:
18 Սեպտեմբեր 1975-ին Վիեննա այցելած է ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ Բաբգէն Սարգիսով, Շուշիի ծնունդ, որուն ի պատիւ տրուած է ընդունելութիւն։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «COFFEE»։ Werbeka.com։ արտագրուած է՝ 28 August 2017
- ↑ «Café Wien :: History of the Viennese Coffeehouse»։ Cafe-wien.at։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 29 August 2017-ին։ արտագրուած է՝ 28 August 2017
- ↑ «Coffee - Viennese institution - coffeehouse»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-05-09-ին։ արտագրուած է՝ 2012-09-22