Jump to content

Աւստրիական Կայսրութիւն


Աւստրիական Կայսրութիւն
 Հռոմէական Սրբազան կայսրութիւն 1804 Աւստրօ-Հունգարական կայսրութիւն 
(Դրօշ) (Զինանշան)
քարտէզ


(Կայսրութիւնը 1815 թուականին)

Ընդհանուր տեղեկանք
Մայրաքաղաք Վիեննա
Մակերես 700.000 կմ²
Բնակչութիւն 21 200 000
Լեզու Գերմաներէն
կրօնք Կաթողիկէ
Իշխանութիւն
Պետական կարգ Կայսրութիւն
Դինաստիա Հապսպուրկներ
Պետութեան գլուխ Կայսր

Աւստրիական Կայսրութիւն (գերմ.՝ Kaiserthum Österreich), պետական կազմաւորում կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։ Մայրաքաղաքն էր Վիեննան, իսկ կառավարող արքայատոհմը՝ Հապսպուրկները։ 1867 թուականին կը վերածուի Աւստրո-Հունկարական կայսրութեան։

Աւստրիական կայսրութիւնը ստեղծուած է 1804 թուականին Ֆրանց Բ.-ի (I Ասւտրիացի) կողմէ։

Ազգային հակասութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձգտելով ամրապնդել կեդրոնական իշխանութիւնը կեդրոնախոյս ձգտումներով օժտուած, անկայուն, բազմազգ պետութեան մէջ, Վիեննայի գերմանախօս վերնախաւը մեծ մասամբ կը հենուէր ամբողջ կայսրութեան մէջ էթնիկ գերմանացիներու սոցիալ-տնտեսական գերիշխանութեան պահպանման եւ կայունացման վրայ։ Սակայն գերմանացիները կը կազմէին աւելի քիչ, քան կայսրութեան բնակչութեան 1/4 -ը, այդ պատճառով ալ կայսրութեան իշխանութիւնները կը ձգտէին իրականացնել գերմանացման քաղաքականութիւն։ Այդ գործընթացին մէջ առանձնապէս կարեւոր դեր կը խաղային XII—XIII դարերու սաքսոնեան գաղութացման ընթացքին հիմնադրուած, երկրի կեդրոնը, հիւսիսը եւ արեւելքը տեղակայուած գերմանական քաղաքներն ու ամրոցները, որոնք շրջապատուած էին տարաբնակեցուած այլ ազգերու համատարած արեալներով։

1848-1849 թուականներու յեղափոխութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1848 թ. Մարտին, տնտեսական ճգնաժամի տարիներուն, յուզումները Վիեննայի մէջ հանգեցուցին Մետեռնիխի հրաժարականին։ Նոր եբաւարար դէմոկրատական չէր ռադիկալ առաջնորդներու համար։ Վերջիններս 1848 թուականի Մայիսի 15-ին կազմակերպեցին մասսայական ցոյց։ 1835 թուականին մահացած Ֆրանս I-ին փոխարինած Ֆերտինանտ I-ը փախաւ Ինսպրուկ։ Աւստրիական կայսրութեան տարբեր մասերու մէջ սկսաւ յեղափոխութիւն։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]