Jump to content

Աւետիք Իսահակեանի Անուան Կեդրոնական Գրադարան

Աւետիք Իսահակեանի Անուան Կեդրոնական Գրադարան
Երկիր Հայաստան
Տեսակ գրադարան[1]
Հիմնուած է 1935[1]
Տեղադրութիւն Երեւան[2] և Կեդրոն
Հասցէ Նալբանդյան 4/1, Երևան
Այլ տուեալներ
Կայք isahakyanlibrary.am
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.

Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանը տեղեկատուական, մշակութային եւ կրթադաստիարակչական գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւն է Երեւանի մէջ։

15 Օգոստոս 1935-ին Երեւանի Ամիրեան 26 հասցէին վրայ բացուած է առաջին մասսայական գրադարանը, որու վարիչ նշանակուած է Թ. Բարխուդարեանը։ 1938 թուականին բացուած է գրադարանի ընթերցասրահը եւ գրադարանը ունեցած է շուրջ 1100 ընթերցող։

1941 թուականին գրադարանի վարիչ նշանակուած է Գարիկ Մկրտչեանը, այնուհետեւ՝ Մարուսեայ Աբգարեանը, 1949-1992 թուականներուն՝ Վարովառա Գէորգի Մարգարեանը։ 1955 թուականին գրադարանը անուանակոչուած է Աւետիք Իսահակեանի անունով՝ Վարպետի ծննդեան 80-ամեակի կապակցութեամբ։ 1964 թուականին գրադարանին մէջ հիմնուած է Կուլտուրայի ժողովրդական համալսարան՝ 4 ֆակուլտետով։ 1979 թուականին Երքաղխորհրդի գործկոմի Մայիսի 16-ի որոշմամբ մասսայական գրադարաններու բազայի վրայ ստեղծուած է Երեւանի մեծահասակներուն սպասարկող գրադարաններու կեդրոնացուած համակարգը՝ ԳԿՀ, որու կեդրոնական գրադարանը դարձած է Աւետիք Իսահակեանի անուան։ Գրադարանի ենթակայութեան տակ էին 47 գրադարան-մասնաճիւղերը։ 1992 թուականին գրադարանի տնօրէն նշանակուած է Կարինէ Տիգրանի Եղիազարեանը։ 1993 թուականին բացուած են գրադարանի արուեստի, մամուլի, օտար լեզուի եւ տեխնիկական գրականութեան բաժինները, 1993 թուականին՝ Աւետիք Իսահակեանի անուան հանդիսութիւններու դահլիճը։

1993 թուականէն Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան տարելիցի առթիւ պարբերաբար կը կազմակերպուին «Պատանի եւ երիտասարդ ստեղծագործողներու եւ կատարողներու» հանրապետական մրցոյթ-փառատօներ։ 1995 թուականին Երքաղխորհրդի գործկոմի Դեկտեմբերի 22-ի որոշմամբ միաւորուած են մեծահասակներուն (ԳԿ) եւ մանուկներուն (ՄԳԿՀ) սպասարկող գրադարաններու կեդրոնացուած համակարգերը եւ Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանը դարձած է միաւորուած համակարգի կեդրոնական գրադարան։ Տնօրէն նշանակուած է Յասմիկ Վարդգէսի Կարապետեանը։

1998 թուականին Երեւանի քաղաքապետարանի Հոկտեմբերի 27-ի որոշմամբ գրադարանը դարձած է համայնքային գրադարաններու համար մեթոդ-մատենագիտական համակարգող կեդրոն։ 2000 թուականին հրատարակուած է գրադարանին մէջ գործող «Բողբոջներ» գրական ստուդիայի սաներու ստեղծագործութիւններու գրքոյկը՝ «Առաջին ծիլեր» խորագրով։ 2001 թուականէն գրադարանը դարձած է «Հայաստանի գրադարաններու կոնսորցիում»-ի հիմնադիր անդամ։ 2002 թուականէն այստեղ կ՚իրականացուի «Ազգային գրադարանային շաբաթ» միջոցառումներու շարքը։ 2002 թուականին ՀՀ կառավարութեան Նոյեմբերի 28-ի որոշմամբ Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանը վերակազմակերպուած է «Աւետիք Իսահակեանի անուան ԿԳ» ՊՈԱԿ-ի՝ իր 7 գրադարան-մասնաճիւղերով։

2004 թուականէն գրադարանը դարձած է «Հայկական միացեալ գրադարանային աւտոմատացուած ցանցի» ծրագրի մասնակից, 2005 թուականի Ապրիլին բացուած է Հայաստանի առաջին «Ամերիկեան անկիւնը»` Հայաստանի ԱՄՆ դեսպանատան աջակցութեամբ, որ յագեցուած է տեղեկատուական ժամանակակից սարքաւորումներով եւ պարբերաբար կը համալրուի նոր գրականութեամբ, ապահովուած է ելեկտրոնային պարբերականներու եւ այլ ռեսուրսներու բաժանորդագրութեամբ։ 2005 թուականէն գրադարանին մէջ կը գործէ մանկական թատերական ստուդիան։ 2008 թուականի Ապրիլին Հայաստանի մէջ գործող «Բրիտանական խորհրդի» աջակցութեամբ կեդրոնական գրադարանին մէջ բացուած է «Բրիտանական կեդրոնը»։ 2009 թուականին Երեւանի քաղաքապետի 2009 թուականի Սեպտեմբերի 7-ի թիւ 8141-Ա որոշմամբ «Աւետիք Իսահակեանի անուան ԿԳ» ՊՈԱԿ-ը վերակազմակերպուած է «Աւետիք Իսահակեանի անուան ԿԳ» ՀՈԱԿ-ի՝ իր 7 մասնաճիւղերով։ 2010 թուականին Գրադարանի Բաղրամեան-20 հասցէին վրայ գործող մասնաճիւղին մէջ բացուած է «Ասիական կեդրոնը»՝ Հայաստանի մէջ Հնդկաստանի, Չինաստանի, Լիբանանի եւ Ղազախիստանի դեսպանատուներու աջակցութեամբ։ 2010 թուականին հրատարակուած է գրադարանին մէջ գործող «Բողբոջներ» գրական ստուդիայի սաներու ստեղծագործութիւններու երրորդ գրքոյկը՝ «Առաջին ծիլեր» խորագրով։

2013 թուականի Յունուարէն «Աւետիք Իսահակեանի անուան ԿԳ» ՀՈԱԿ-ի մասնաճիւղերուի մէջ կը գործարկուի ելեկտրոնային գրացուցակներու "ALEPH" ծրագիրը։ Ընթերցողները կարող են օգտուած «Ոսկէ շղթայ 1», «Ոսկէ շղթայ 2» եւ «Ոսկէ շղթայ 3» թուային գրականութեան բազաներէն։ Տեսողական խնդիրներ ունեցող ընթերցողներու համար տեղակայուած է նաեւ «Արեւ» ծրագիրը։

2014 թուականի Մարտին Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան համագործակցութեան շնորհիւ Կեդրոնական գրադարանին մէջ բացուեցաւ «Ֆրանկոֆոնիայի կեդրոն» բաժինը, որ յագեցած է տեղեկատուական ժամանակակից սարքաւորումներով, ֆրանսերէն մեծարժէք գրականութեամբ եւ ելեկտրոնային այլ բազաներով։

2016 թուականի Ապրիլի 6-ին, ՀՀ կառավարութեան 1998 թուականի Փետրուարի 26-ի №116 որոշմամբ սահմանուած կարգով՝ արտադրանքի եւ ծառայութիւններու որակի բարձրացումը խթանելու, անոնց որակի կառավարման արդիւնաւէտ մեթոդներու ներդրման աջակցելու նպատակով՝ ՀՀ կառավարութեան № 355-Ա որոշման համաձայն «Աւետիք Իսահակայանի անուան ԿԳ» ՀՈԱԿ-ը արժանացաւ դիպլոմի եւ մրցանակի։

2017 թուականին աւարտած են «Աւ. Իսահակեանի անուան ԿԳ» ՀՈԱԿ-ի բոլոր գրադարան-մասնաճիւղերուն մէջ ֆոնտերու աւտոմատացուած գրացուցակներու ստեղծման աշխատանքները։

2018 թուականին սկսած են ընթերցողներու ելեկտրոնային սպասարկումը եւ գրադարանային գործընթացներու աւտոմատացումը ՀՈԱԿ-ի բոլոր գրադարան-մասնաճիւղերուն մէջ։

  • Մեթոդական աշխատանքներու կազմակերպման բաժին
  • Տեղեկատու-մատենագիտական բաժին
  • Գրականութեան համալրման եւ մշակման բաժին
  • Գրացուցակներու բաժին
  • Սպասարկման բաժին
  • Ընթերցասրահի բաժին
  • Օտարալեզու գրականութեան բաժին
  • Մամուլի բաժին
  • Միջգրադարանային սպասարկման բաժին
  • Ընթերցողներու գրանցման եւ հաշուառման բաժին
  • Հասարակական կապերու եւ միջոցառումներու բաժին
  • Տեխնիկական գրականութեան բաժին (Տիգրան Մեծի 30 հեռ.56-02-90)
  • Մանկական գրականութեան բաժին
  • Ճորճ Պայրոնի անուան Արուեստի գրականութեան բաժին (Մոսկովեան 31 /184 հեռ.53-35-93)
  • Ֆոնտերու օգտագործման եւ պահպանման բաժին (Աթոյեան անցուղի 9, շ.1 հեռ. 45-37-60, Էրեբունի 32/91 հեռ.45-9046)
  • Գործընթացներու աւտոմատացման եւ թուայնացման բաժին
  • Ամերիկեան անկիւն
  • Բրիտանական կեդրոն
  • Ֆրանկոֆոնիայի կեդրոն
  • Ասիական կեդրոն
  • Կադրերու եւ ընդհանուր բաժին
  • Կազմարարական բաժին
  • Հաշուապահական հաշուառման բաժին

Գրադարանի մասնաճիւղեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Թիւ 15 Սայաթ-Նովա 37 հեռ. 55-62-20
  • Թիւ 21 Բաղրամեան 20 հեռ. 58-01-73
  • Թիւ 27 Նորքի 5-րդ փ. 65 ԱՀԿ-ի շ. հեռ. 65-20-65
  • Թիւ 28 Մամիկոնեանց 21 հեռ. 23-43-79
  • Թիւ 29 Կոմիտաս 6 հեռ. 27-22-90
  • Թիւ 33 Կիեւեան 3 հեռ. 27-08-31
  • Թիւ 36 Ն. Զարեան 19 հեռ. 32-60-38

Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանը Երեւանի կեդրոնն է՝ Նալբանդեան փողոցի 4/1 շէնքին մէջ, հեռախօս՝ (+374-10)-589610։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 https://isahakyanlibrary.am/Patmutyun-eng.html
  2. https://isahakyanlibrary.am/Masnachyuxer-eng.html

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]