Աւազ

Աւազ, մանրաբեկոր հանքային մասնիկներէ բաղկացած հատիկաւոր նիւթ[1]։
Աւազը կրնայ ունենալ տարբեր բաղադրութիւններ, սակայն սովորաբար կը սահմանուի իր հատիկներու չափով։ Աւազի հատիկները աւելի փոքր են, քան խիճի հատիկները, եւ աւելի մեծ՝ քան տիղմի մասնիկները
«Աւազ» բառը կրնայ գործածուիլ նաեւ հողի հատիկային կազմութեան դասակարգ մը կամ հողի տեսակ մը նշանակելու համար, այսինքն՝ հող մը, որ զանգուածային առումով 85 տոկոսէն աւելի աւազի չափ ունեցող մասնիկներ կը պարունակէ[2]։ ։

Աւազի բաղադրութիւնը կը տարբերի՝ ըստ տեղական ապարներու աղբիւրներէն եւ բնական պայմաններէն։
Մարդկային ժամանակաշրջաններու չափանիշով աւազը չվերականգնող բնական պաշար մըն է, իսկ շինանիւթային պեթոնի պատրաստութեան համար յարմար աւազը մեծ պահանջարկ ունի։ Անապատային աւազը, հակառակ իր առատութեան, պեթոնի պատրաստութեան համար յարմար չէ։
Ամէն տարի շինարարութեան նպատակով կը գործածուի շուրջ 50 միլիառ թոն ծովափնեայ եւ բրածոյ աւազ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աւազ, Լիպիա
- Ծովեզերեայ աւազ, Հնդկաստան
- Հրաբխային աւազ, Սանթորինի
- Աւազ, Քալիֆորնիա
- Աւազ,Ալճերիա
- Աւազածածկ բնակարաններ, Սոմալ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Աւազ
- ↑ ««Աւազ» բառը կրնայ գործածուիլ նաեւ հողի հատիկային կազմութեան դասակարգ մը կամ հողի տեսակ մը նշանակելու համար»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-03-29-ին։ արտագրուած է՝ 2019-03-29