Jump to content

Արօտավայր

Կովերու արածեցումը արօտավայրի մէջ

Արօտավայր (այսպէս եւ՝ արօտատեղ, արօտ, մարգագետին) կը կոչուին այն գիւղատնտեսական հողատարածքները, որոնք պիտանի են գիւղատնտեսական անասուններու կանոնաւոր արածեցման համար։

Արօտավայրերը կը բաժնուին բնական եւ ցանովի (արհեստական) տեսակներու[1]։

Բնական արօտավայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնական արօտավայրերուն բուսածածկը կազմուած է գլխաւորաբար վայրի բազմամեայ խոտաբոյսերէ։ Տարբեր գօտիներու մէջ կարելի է հանդիպիլ նաեւ քարաքոսերու (քարի մամուռներ), կիսաթուփերու (կիսանապատային եւ անապատային գօտիներու մէջ)։

Արհեստական արօտավայրեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցանուած կամ արհեստական արօտավայրեր կը ստեղծուին ցած բերքատու հողատարածքներու վրայ՝ ցանելով թիթեռնածաղկաւոր եւ հացազգի խոտաբոյսեր։

Ասիկա յատկապէս տարածուած է Արեւմուտքի մէջ իբրեւ արդիւնաւէտ գործելակերպ։

Արօտավայրերուն մէջ անասունները կը սնանին կանաչ կերով, որ հարուստ է սպիտակուցներով, ածխաջուրերով, կենսանիւթերով եւ հանքային աղերով։ Այս կերը դիւրամարս եւ տնտեսապէս մատչելի է։

Արօտային կերակրման շնորհիւ անասուններու օրկանիզմը աւելի դիմացկուն կը դառնայ զանազան հիւանդութիւններու դէմ, իսկ դեռատիներունը աճն ու զարգացումը տեղի կ'ունենան աւելի առողջ պայմաններու մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]