Jump to content

Արցախի գորգերը

Արցախի գորգերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ կարպետներն ու գորգերը վաճառքի համար չէին պատրաստուեր, անոնք կը համարուէին կենցաղային իրեր եւ ընտանեկան մասունքներ:

Ընդունուած օրէնքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Արցախի գորգերու գործարան
    Գորգը տունէն դուրս հանելը կը համարուէր վատ նախանշան:
  • Մասունք համարուող գորգերը պաշտպանական նշանակութիւն ունէին եւ յաճախ բերրիութիւն կը խորհրդանշէին:
  • Գորգը հանդիսացած է լաւագոյն եւ թանկագին նուէր բարեկամներուն, ընկերներուն, նոյնիսկ` դրացի երկիրներու թագաւորներուն նուիրելու համար:
  • Արցախի գորգերը իրենց նախշերով ծանօթ են իբրեւ «Վիշապագորգեր», «Օձագորգեր», «Արեւագորգեր», «Արծուագորգեր»:
  • Երկար տարիներ ազրպէյճանցի գորգահաւաքներ Արցախի գիւղերէն հաւաքած են հին` հարիւրաւոր տարիներու պատմութիւն ունեցող գորգերը, որոնք ներկայիս ցուցադրուած են Պաքուի թանգարաններուն մէջ` որպէս «ազրպէյճանական հին գորգեր»:
  • ԺԹ. եւ Ի. դարերուն, Շուշիի գորգերը իբրեւ լաւագոյնները ճանչցուած էին շրջանին մէջ եւ կը վաճառուէին հարեւան քաղաքներուն մէջ[1]:
  • Հիմնական գոյները, որոնք կ'օգտագործուին ղարաբաղեան գորգերու պատրաստութեան մէջ կարմիրի, կապոյտի եւ շագանակագոյնի մութ երանգներն են[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Hakobyan. Medieval Art of Artsakh, p. 84.
  2. Արցախի գորգեր