Արցախի անձնագիր

Արցախի անձնագիր

Արցախի անձնագիր, պաշտօնական փաստաթուղթ, որ կը տրամադրուի Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն՝ ճանբորդելու երկրի պետական սահմաններէն դուրս։ Փաստաթուղթը կը տրամադրուի նաեւ անձի նոյնականացումն իրականացնելու համար։ Արցախի Հանրապետութեան անձնագրերը կը տրամադրուին Սահմանադրութեան 2006-ին ընդունուած փոփոխութեան հիման վրայ։

Ֆիզիկական նկարագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախի սովորական անձնագիրը մուգ կարմիր գոյնի է, որու վրայ ոսկեգոյնով պատկերուած է Արցախի զինանշանը: Վերջինս կը գտնուի կազմի կեդրոնական հատուածին մէջ։ Իր արտաքին տեսքով անձնագիրը նման է Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագրին։ Անձնագրի կազմի վրայ, ոսկեգոյն տառերով, հայերէնով եւ անգլերէնով գրուած է «Արցախի Հանրապետութիւն» եւ «Անձնագիր» բառերը։ Անձնագիրը տրուած պահէն վաւերական է 10 տարի ժամկէտով։ Անձնագրի բովանդակութիւնը հասանելի է հայերէնով եւ անգլերէնով։

Ճանբորդութիւն եւ ճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախի չճանչցուած ըլլալու պատճառով անձնագիրը չընդունուիր միջազգային հանրութեան կողմէ եւ կ՚օգտագործուի միայն Արցախի սահմաններէն ներս եւ հետխորհրդային երեք մասամբ ճանչցուած երկիրներուն՝ Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիայի եւ Մերձդնեստրի Մոլտովական Հանրապետութեան մէջ՝ որպէս Չճանչցուած անկախ պետութիւններու համագործակցութեան անդամ երկիրներ։ Համագործակցութեան անդամ պետութիւնները սահմանած են վիզայի ազատականացման ռեժիմ անդամ չճանչցուած երկիրներու համար։ Ի յաւելումն, Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները, առանց վիզայի, կրնան ճանբորդել Հայաստան։

Արցախի մէջ օրինական է երկքաղաքացիութիւնը, որու պատճառով Արցախի քաղաքացիները օտարերկրեայ պետութիւններ կը մեկնին Հայաստանի անձնագրերով։ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիները նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներ են։ 2012-ին բազմաթիւ սուրիահայերու տրամադրուած է Արցախի Հանրապետութեան անձնագիր[1]։

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. https://web.archive.org/web/20130321010803/https://emedia.am/hy/syria-kashatagh