Jump to content

Արսէն Երկաթ

Արսէն Երկաթ
Ծնած է 1893[1]
Ծննդավայր Ամասիա, Թուրքիա
Մահացած է 1969[1]
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Արսէն Երկաթ (Շամլեան, 1893[1], Ամասիա, Թուրքիա - 1969[1]), հայ բանաստեղծ եւ արձակագիր:

Ծնած է Ամասիա եւ նախնական կրթութիւնը ստացած՝ տեղւոյն ազգ. վարժարանին մէջ։ 1907-ին հաստատուած է Եգիպտոս, ուր բժիշկ էր հայրը եւ կեանքին մեծագոյն մասը հոն ապրած է։ Յաճախած է Գահիրէի Գալուստեան նախակրթարանը եւ ֆրանսական երկրորդական վարժարանը։ 1919-1921-ին հետեւած է Փարիզի համալսարանի գրական դասընթացքներուն։

1920-21-ին եղած է Փարիզի դաշնակցական Կոմիտէի գործօն անդամներէն:

1966-ին հաստատուած է Մոնթրէալ (Քանատա), ուր մինջեւ մահ շարունակած է աշխատակցիլ հայ եւ ֆրանսական թերթերու, քերթողական ու արձակ էջերով։

1922-ին հրատարակած է քերթուածներու հատոր մը Գահիրէի մէջ՝ «Արեւի եւ մահուան երգեր», որուն կը յաջորդեն 1925-ի «Աստուածներու վերջալոյսը» եւ 1945-ի «Սոնաթներ» հաւաքածոները։

Իր մահուան տարին (1969) լոյս տեսած է «Եգիպտականք» արձակ էջերու հաւաքածոն։ Հոս ամփոփուած են նախապէս ֆրանսերէնով հրատարակուած եւ իր կողմէ հայերէնի թարգմանուած էջերը, զորս հեղինակը կոչած է «Սիրոյ, կեանքի եւ մահուան պատկերներ»:

Վերջին տարիներուն «Յուսաբեր»ի, «Հայրենիք»ի եւ «Յառաջ»ի մէջ հրատարակուեցան «Ընդհատ էջերը»-ը, իմաստասիրական մտածումներ` գեղարուեստական ձեւով ներկայացուած[2]:

Գահիրէի, ֆրանսայի, Պելժիոյ եւ Մոնթրէալի գրական շրջաններուն մէջ, ֆրանսերէնով իր բանաստեղծութիւնները արժանացած են գնահատանքի։

Գրած է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով եւ իր գրութիւնները մրցանակի արժանացած են Եգիպտոսի մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  2. «50 Տարի Առաջ 15 Յունուար 1970)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-01-15։ արտագրուած է՝ 2021-09-30