Արջ

(Վերայղուած է Արջ (արեւմտահայերէն)-էն)
Արջ
Արջ
Սեւ արջ
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Կենդանիներ
Տիպ Քորդաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Ինֆրադաս Գազաններ
Կարգ Գիշատիչներ
Ընտանիք Արջեր
Լատիներէն անուանում
Ursidae
 Fisher 1817 
Արեալ
պատկեր


Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ


Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ





Արջեր (լատիներէն՝ Ursidae), գիշատիչներու կարգի կաթնասուններու ընտանիք, Աշխարհի մէջ յայտնի է 8, Հայաստանի մէջ՝ 1 տեսակ՝ գորշ արջ։ Ունին մեծ գլուխ, սուր դունչ, հզօր, հնգամատ թաթեր։ Արջերը ամենակեր են, ունակ են լաւ մագլցելու եւ լողալու, արագ կը վազեն, կրնան կենալ ու անցնիլ կարճ տարածութիւններ՝ ետեւի թաթերուն վրայ։ Ունին կարճ պոչ, երկարամազ եւ խիտ մորթի, ինչպէս նաեւ գերազանց հոտառութիւն ու լսողութիւն։ Որսի կ'ելլեն երեկոյեան կամ արեւածագի կողմը։ Սովորաբար կը վախնան մարդոցմէ, բայց կրնան վտանգաւոր ըլլալ այն վայրերուն մէջ, ուր իրենք աւելի յաճախ կը շփուին մարդոց հետ, յատկապէս սպիտակ արջը եւ կրիզլին։ Զգայուն չեն մեղուներու խայթոցներուն։ Բնութեան մէջ բնական թշնամիներ գրեթէ չունին։

Ընդհանուր Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համեմատած այլ ընտանիքներու գիշատիչներու կարգին պատկանող կենդանիներու հետ՝ արջերը կ'առանձնանան արտաքին տեսքի առաւելագոյն միօրինակութեամբ, չափերով, ներքին կառուցուածքի շատ յատկութիւններով։ Անոնք կը հանդիսանան ժամանակակից ամենախոշոր ցամաքային գիշատիչ կենդանիները։ Սպիտակ արջի մարմնի երկարութիւնը կրնայ հասնիլ 3 մեթրի, 750 եւ 1000 ք․կ․ կշիռք կրնայ ունենալ։ Էգերը արուներէն փոքր են, վերջիններուն մարմնի առաւելագոյն երկարութիւնը կը հասնի 3.4 մեթրի։ Սպիտակ արջերու քով արուներու եւ էգերու միջեւ չափերու ու ծանրութեան տարբերութիւնը մօտ է կրկնապատիկին։

Կազմաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արջերը հիմնականը համեմատաբար կարճ ոտքերով խոշոր եւ ամրակազմ կենդանիներ են: Անոնք սեռականօրէն կը տարբերին արուներէն, որոնք աւելի խոշոր են:[1] Խոշոր տեսակներու քովը այդ տարբերութիւնը աւելի ընդգծուած է: Որոշ բեւեռային արջեր եւ գորշ արջերու ենթատեսակներ կը կշռեն աւելի քան 750 քկ: Ամէնէ փոքր արջերը կը բնակին Ասիոյ մէջ, անոնց արուներու ծանրութիւնը 65 քկ է, էգերունը՝ 45:

Ի տարբերութիւն այլ կենդանիներու, արջերը ներբաններուն վրայ քալող են: Անոնք իրենց ծանրութիւնը կը տարածէն ետեւի ոտքերուն վրայ եւ կը քայլեն անճոռնի քալուածքով: Արջերը կրնան կանգնիլ ետեւի ոտքերուն վրայ եւ նստիլ ուղիղ դիրքով, հաւասարակշռութիւնը պահելով: Արջերը ունին անշարժ մագիլներ, որոնք կ'օգտագործեն փորելու, մագլցելու, որսալու համար: Արջերու ականջները կլոր են:

Արջերը կը վազեն բաւական արագ, արագութիւնը գորշ արջերուն քովը կը հասնի 48 քմ/ժ, սակայն, կատուազգիներէն աւելի փոքր արագութիւնով: Մորթերնին բաւական կոպիտ է, մազածածկոյթը բարձր է. տեսակներու մեծ մասինը թանձր է։ Գոյնը միօրինակ է, սեւ երանգներէն մինչեւ սպիտակաւուն. մեծ բանտայի քով՝ սեւ-սպիտակ։ Կուրծքերուն կամ աչքերուն շուրջը կը նկատուին բաց բիծեր։ Որոշ տեսակներու քով տեղի ունին մորթի գոյնի անհատական կամ աշխարհագրական տարբերութիւններ։ Գոյնը եղանակի հետ կապուած՝ փոփոխութեան չենթարկուիր։

Անուան Ծագումնաբանութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս կենդանիի «արջ» անուանումը ունի նախահնդեւրոպական ծագում[2], նոյնէն կը ծագին նաեւ արջի անունը քանի մը այլ լեզուներու մէջ, ինչպէս յունարէն ἄρκτος [արքթօս], լատիներէն ursus [ուրսուս], ուելերէն arth (որէն Արթուր (Arthur) անունը սեռած է), ալպաներէն ari:

Գորշ արջին կենսաբանական Ursus arctos անունի համար Քարլ Լինեյը պարզապէս կեդանիի լատիներէն եւ յունարէն անունները միացուցած է:

Որոշ լեզուներու մէջ արջին անունը ծագած է տարբեր արտայայտութիւններէ, ինչպէս անգլերէնին մէջ "brown one" (գորշ մը) կամ սլաւոնական «մեղուակեր» (մետւէդ)[3]

Աստղագիտութեան Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ Արջի համաստեղութեան պատկերումը երկնակամարին վրայ

Երկնակամարին ամէնէ նշանաւոր համաստեղութիւններէն են Մեծ Արջի եւ Փոքր Արջի համաստեղութիւնները:

Բանահիւսութեան Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արջը ժողովրդական հեքիաթներու եւ այլ պատումներու ճանչցուած հերոսներէն մէկն է: Յայտնի արտայայտութիւն մըն է «Արջի ծառայութիւնը», որ կը նշանակէ անհարկի փութկոտութեամբ մէկուն լաւութիւն ընելու ցանկութիւնը, երբ ատով աւելի շատ վնաս կը հասցուի: Կայ տարածուած ասացուածք՝ «Արջը գիտէ եօթը երգ եւ բոլորը՝ տանձի մասին»:

Տարածումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արջերը կը բնակին Եւրասիոյ մէջ, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներու մէջ (գլխաւորապէս Հիւսիսային կիսագունդի վրայ)։ Մարդու գործունէութեան պատճառով, արջերու բնական շարքը, կրճատուած է եւ այժմ վերացած՝ Եւրոպաի տարածքի մեծ մասէն, ամբողջովին վերացած են Հիւսիսային Ափրիկէէն, տեղի ունեցած է՝ իրենց բնական կարգի կրճատում, նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ եւ Ճափոնի մէջ։

Արջերու Տարածումը Ըստ Իրենց Տեսակներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

                Մեծ
փանտա
           Մալայական
արջ
           Երկարադունչ
արջ
      Ակնոցաւոր
արջ
                          Հիմալայական
արջ
           Ամերիկեան
սեւ արջ
                     Գորշ
արջ
      Բեւեռային
արջ

Դասակարգում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արջերու Ursidae ընտանիքը կը բաժանուի հետեւեալ դասերու՝
    • Մեծ Փանտա (Ailuropoda melanoleuca)
    • Ակնոցաւոր Արջ (Tremarctos ornatus)
    • Գորշ Արջ (Ursus arctos)
      • Սիպերիական Գորշ Արջ (Ursus arctos collaris)
      • Սուրիական Գորշ Արջ (Ursus arctos syriacus)
      • Կրիզլի (Ursus arctos horribilis)
      • Կոպիի Արջ (Ursus arctos gobiensis)
    • Ամերիկեան Սեւ Արջ (Ursus americanus)
      • Քերմոտի Արջ (Ursus americanus cermodei)
    • Բեւեռային Արջ (Ursus maritimus)
    • Ասիական Սեւ Արջ (Ursus thibetanus)
    • Երկարադունչ Արջ (Melursus ursinus)
    • Մալայեական Արջ (Helarctos malayanus)

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Magnus Andersen Բեւեռային Արջերու Սեռական Տարբերակումը Journal of Mammalogy 2005, Էջ 895-901 http://cstl-csm.semo.edu/jhrobins/BS107[permanent dead link]
  2. Հրաչեայ Աջառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե.1926
  3. Votruba Martin։ «Bears»։ Slovak Studies Program։ University of Pittsburgh։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 January 2012-ին։ արտագրուած է՝ 2009-03-12 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։