Արշակ Պօղոսեան

Արշակ Պօղոսեան
Ծննդավայր Սեբաստիա, Սեբաստիոյ նահանգ
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Աշխատավայր Նաֆթլուղի զինուորական հիւանդանոց

Արշակ Պօղոսեան (Սեբաստիա, Սեբաստիոյ նահանգ - անյայտ), հայ բժիշկ։

Ծնած է Սեբաստիա նահանգի կեդրոն՝ Սեբաստիա քաղաքին մէջ։ Ստացած է բժշկական կրթութիւն ու աշխատած է իբրեւ բժիշկ։ Ա. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն՝ 1914-ին, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած է իբրեւ զինուորական բժիշկ։

Սարիղամիշի մէջ ծառայելու ընթացքին, թուրք զինուորէ մը տեղեկանալով, որ բանակին մէջ ծառայող բոլոր հայ զինուորականները՝ գաղտնի հրամանով, դատապարտուած են մահուան, ընկերոջ՝ բժիշկ Սարգիս Յովսէփեանի հետ փախած է զօրամասէն եւ գերի յանձնուած՝ ռուսական կողմին։ Յաջորդ օրը, ամէնուր տարածուած են՝ իւրաքանչիւր դասալիքի գլուխը, 50.000 ոսկի գնահատումով ազդագիրեր։ Հետագային, նկատուած են՝ անհետ կորած։ Բժիշկները ռազմագերիներու հետ տեղափոխուած են Թիֆլիս եւ բանտարկուած։ Եռամսեայ բանտարկութենէ ետք, զանոնք հարկադրական աշխատանքի ուղարկած են՝ Նաֆթլուղի զինուորական հիւանդանոցը։

1915-ին՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին միջնորդութեամբ, գերութենէ ազատելով ՝ բժիշկները տեղափոխուած են Էջմիածին, ուր անոնք օգնութիւն ցուցաբերած են՝ սովէն ու հիւանդութիւններէն տառապող, աւելի քան 75.000 գաղթականներու։

Սեպտեմբեր 1918-ին , Արշակ Պօղոսեան գտնուած է Պաքու եւ թաքնուած՝ հրեայ բարեկամի մը տունը, ականատես եղած է Պաքուի հայութեան կոտորածին։ Հետագային, բնակութիւն հաստատած է՝ Փարիզ, ամուսնացած եւ դարձած է անուանի բժիշկ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թորլաքեան Միսաք, Օրերուս հետ, Պէյրութ, 2001։
  • Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Ս. Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Ստեփանեան Հ., Սարգիս Յովսէփեան - 115, «Առողջապահութեան լրատու», Երեւան, 2003։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։