Armenian Weekly

(Վերայղուած է Արմինիըն Ուիքլի-էն)

Կաղապար:Տեղեկաքարտ պարբերական

«Armenian Weekly» կամ «Արմինիըն Ուիքլի» («Հայկական շաբաթաթերթ»)։ Լոյս կը տեսնէ «Հայրենիք» Ընկերակցութենէն։ ՀՅԴ Ամերիկայի արեւելեան շրջանի կեդրոնական կոմիտէի անգլիատառ պաշտօնաթերթ։

Լոյս կը տեսնէ 1934 թուականէն, Ուոթըրթաունի մէջ, Պոսթըն-ի մօտ անգլերէն լեզուով։

1934էն 1969 լոյս կը տեսնէր "Hairenik Weekly" («Հայրենիք շաբաթաթերթ») անունով։

Ամերիկաբնակ անգլախօս հայ երիտասարդութիւնը յաղորդակից կը դարձնէ ՀՅԴ գաղափարախօսութեանը, Հայ դատի խնդիրներուն, հայ ժողովուրդի հին ու նոր պատմութեանը, մշակոյթին։ Առաջին անգամ այս թերթի էջերուն մէջ տպագրուած է Ուիլեամ Սարոյեանի անդրանիկ պատմուածքը։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պաշտօնական կայք