Jump to content

Արմինէ Սարգսեան

Արմինէ Սարգսեան
Ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1959(1959-12-16) (66 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Աշխատավայր Հայաստանի ազգագրութեան թանգարան և Երեւանի Պատմութեան Թանգարան
Վարած պաշտօններ տնօրէն

Արմինէ Խորենի Սարգսեան (16 Դեկտեմբեր 1959(1959-12-16), Երեւան, Խորհրդային Միութիւն), ազգագրագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն։

Արմինէ Սարգսեանը ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1959-ին Երեւանի մէջ։

1977 թուականին աւարտած է Երեւանի թիւ 115 միջնակարգ դպրոցը։ Նոյն տարին ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժինը, զոր աւարտած է 1982 թուականին։

1982 թուականէն սկսեալ աշխատանքի անցած է Հայաստանի ազգագրութեան թանգարանին մէջ։ 1989 թուականին տեղափոխուած է Երեւանի պատմութեան թանգարան, ուր նախ աշխատած է որպէս գիտաշխատող, ապա՝ գիտական գծով փոխտնօրէն։

2002 թուականէն ի վեր կը զբաղեցնէ Երեւանի պատմութեան թանգարանի տնօրէնի պաշտօնը։

Նոյն՝ 2002 թուականին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն եւ ստացած պատմական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան։

Գիտական եւ հասարակական գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմինէ Սարգսեանը հրատարակած է շարք մը գիտական յօդուածներ եւ բազմաթիւ գիտահանրամատչելի աշխատութիւններ՝ նուիրուած պատմութեան, ազգագրութեան եւ թանգարանագիտութեան հարցերուն։

Անդամ է հետեւեալ հասարակական կազմակերպութիւններուն՝

  • «Կամուրջ»,
  • «Թանգարաններու բարեկամներու ասոցիացիա»,
  • «Պատմաբան շրջանաւարտներու միութիւն»։

Բարեխիղճ եւ նուիրեալ աշխատանքի համար պարգեւատրուած է՝

  • Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պատուոգիր (2005),
  • Երեւանի քաղաքապետի պատուոգիրներ (2006, 2007),
  • Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պատուոգիր (2007)։
  • Երեւանի նշանաւոր ընտանիքները, մաս 1, Երեւան, 2009, 240 էջ։
  • Մովսես Խորենացու մետալ (2011)[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]