Jump to content

Արմենիի յետ-մինոասեան գերեզմանատուն

Հնաբանական վայր
Արմենիի յետ-մինոասեան գերեզմանատուն
Υστερομινωικό νεκροταφείο Αρμένων
Արմենի Գերեզմանատուն
Երկիր  Յունաստան

Արմենիի յետ-մինոասեան գերեզմանատուն (յուն․՝ Υστερομινωικό νεκροταφείο Αρμένων)․ Ք․Ա․13րդ - Ք․Ա․12րդ դարաշրջանի գերեզմանատուն։ Կը գտնուի Արմենի գիւղին մօտ, Ռեթիմնօ քաղաքին հարաւը (10 քլ), Մոնախա Էլիա շրջանին Բրինոքեֆալօ վայրը։

Հնաբանական վայրին գոյութիւնը կը յայտնաբերուի 1965-ին, երբ մօտակայ Սոմաթա գիւղին աշակերտներէն մին, ձեռքին բռնած հնադարեան անօթով մը կը խաղար։ Աշակերտին ուսուցիչը երբ անօթը կը տեսնէ, կը հասկնայ թէ հնաբանական մեծ արժէք ունեցող իր մըն է եւ աշակերտին կը հարցնէ թէ ո՞ւր գտած է անօթը։ Անմիջապէս կը տեղեկացուի Ռեթիմնոյի հնաբանական սպասարկութիւնը եւ աշակերտն ու հովիւ հայրը պատասխանատուներուն կը ցուցնեն վայրը, որուն վրայ ցիր ու ցան անօթներ եւս կային, իսկ Ռեթիմնոյի հնաբանական թանգարանին կը յանձնեն գտնուած անօթը։ Վայրը, Սոմաթա գիւղին մօտակայ հողատարածք մըն էր։ Շրջանը այդ օրէն սկսեալ հնաբանական վայր յայտարարուած է եւ 1969-ին կը սկսին հնաբանական պեղումներ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին։

1969-ին կաղնիներով պատուած անտառին մէջ սկսած պեղումները կը յայտնաբերեն յետ-մինոասեան ժամանակաշրջանի (Ք․Ա․1425 - Ք․Ա․1210) կամարապատ դամբաններ, արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ։ Ըստ հնաբան-պատմաբաններուն, շատ հաւանաբար անոնք ընտանեկան դամբաններ են։ Անոնց մէջ, զետեղուած դամբանին յատակը եւ կամ վիմադամբանի մէջ, գտնուած են անվնաս վիճակի մէջ դիակներ։ Դամբաններուն մեծ մասը դարերու ընթացքին դամբանաբեկումի երթարկուած չըլլալով հարուստ են ընդգրկուած իրերով․ կաւէ անօթներ, պատկերիկներ, պղինձէ զէնքեր, գեղեցիկ ոսկեղէններ, բազմաթիւ գործիքներ, Գծային Ա․ գիրով շօշափելի արձանագրութիւն մը, եւայլն։

Պեղումները կը շարունակուին մինչեւ մեր օրերուն։ Դիրախ դրուած է յայտնաբերել համապատասխան քաղաքը որուն կը պատկանէր գերեզմաննոցը, որովհետեւ յայտնաբերուած իւրաքանչիւր դամբան՝ ընտանեկան է։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]