Jump to content

Արմենակ Հայկունի

Արմենակ Հայկունի (1835 - 1866 թթ.), հայ գրող, ուսուցիչ, հասարակական եւ մշակութային գործիչ։

Հակառակ իր ապրած սակաւաթիւ տարիներուն, ունեցած արտակարգ կարողութիւնովը մեծ հետք ձգած է հայ ընկերային-գրական կեանքէն ներս՝ 60-ական թուականներուն։ Իր բարատոքսող միտքը, առանց միջավայրային նախապաշրումներու, ենթակայ ըլլալու խիզախօրէն ընդդիմաբանած ու մերկապարանոց ցոյց տուած է ընկերային ու կրօնական բոլոր զեղծումները, որոնք մինչեւ այն ատեն կը պաշտպանուէին իրեն ժամանակակիցներէն։

Ծնած է Կ. Պոլիս 1835-ին եւ փոքր տարիքէն կորսնցնելով իր մայրը, տառապած է խորթ մօր մը հսկողութեան տակ։ 1847-ին, հազիւ 12 տարեկան, կը դրուի Ս. Փրկչի որբանոցը։ Հայկունիի ըմբոստ եւ համարձակ երեւակայութիւնը հանդարտ չի մնար այդ կսկծալի մանկարանին մէջ ու գիշերանց բոկոտն ու գլխաբաց փախչելով որբանոցէն հետիոտն կ՝երթայ մինչեւ Պէպէք Տք. Համլինի նոր բացած վարժարանը[1] եւ հոն փարելով՝ Տոքթորին ոտքերուն, կը յաջողի ընդունուիլ նոյն վարժարանը։ Անգլիական կրթութեան ազդեցութեամբ, Հայկունի իր ուսանողական շրջանին մէջ կը լքէ մայր եկեղեցին ու կ՝ ընդունի Բողոքականութիւնը։

Դպրոցական շրջանը աւարտելէն յետոյ 1854-ին, իբրեւ թարգման անգլիական զինուորական Քօլօնէլ Հայնի, կը մասնակցի Խրիմի պատերազմին՝ Սիլիստրէի պաշարման։ Պոլիս դառնալէն յետոյ, Հայկունի Բողոքական կրօնին մէջ եւս չի գտնելով այն անկեղծ ու անխարդախ ուղղութիւնը, զոր կարծած էր գտնել, կը վերադառնայ մայր եկեղեցւոյ։

1857-1858-ին հրատարակած է «Մուսայք Մասեաց» թատերական պարբերականը, 1858-ին հիմնադրած՝ «Հայկազեան ընկերութիւնը», զոր գոյատեւած էմինչեւ 1861 թուական։ 1861-ին Իզմիր կ՛ուղեւորի՝ Մեսրոպեան վարժարանի իբրեւ անգլերէնի ուսուցիչ։ Հոն ինքզինքը գործունէութեան նոր եւ աւելի պարարտ հողի մը վրայ կը հաստասէ։ Այնուհետեւ Գրիգոր Չիլինկիրեանի հետ կը հրատարակէ «Ծաղիկ» հանդէսը[2] (մինչեւ 1862), ժամանակակից թերթերերէն բոլորովին տարբեր ուղղութիւնով մը։ 1863-ի վերջերը Պոլիս կը վերադառնայ ու հոն կը շարունակէ իր հրապարտկագրական կեանքը՝ հրատարակելով «Մուսայք Մասեաց» ձայն ընկերսիրական թերթը։ «Մուսայք Մասեաց»ի մէջ տպագրած է թատերագիտական յօդուածներ ու ժամանակին բեմադրուած «Արա Գեղեցիկ», «Օղիմպիատա», «Երնջակ» պատմական ողբերգութիւնները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայկունի Արմենակ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2018-04-16 
  2. Matbaalar binlerce kitap bastı(թուրք.)