Արմենակ Խախամեան

Արմենակ Խախամեան
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Քըրշեհիր, Թուրքիա
Մահացած է 1944
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Կրթութիւն Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետի ժառանգաւորաց բարձրագոյն վարժարան
Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժին
Մասնագիտութիւն դեղագործ
Աշխատավայր Հալք Էվիի (Ժողովրդական տուն) բուժարանի եւ Բերա թաղամասի աղքատախնամ դարմանատան բժիշկ

Արմենակ Խախամեան (1884, Քըրշեհիր - 1944, Կոստանդնուպոլիս), հայ դեղագործ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմենակ Խախամեան ծնած է 1884 թուականին, Անգարայի նահանգի Կեսարիոյ գաւառի Քըրշեհիր քաղաքին մէջ։

Մանկական տարիքին տեղափոխուած է Կեսարիա։ Ուսանած է Կեսարիոյ ազգային վարժարաններէն ներս։

1904 թուականին աւարտած է Կեսարիոյ Սուրբ Կարապետի ժառանգաւորաց բարձրագոյն վարժարանը։

1908 թուականին աւարտած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։

Ուսանողական տարիներուն զանազան պարբերականներու աշխատակցած է՝ գիտական, գրական եւ առողջապահական յօդուածներով։ Բժշկութեամբ զբաղուած է Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու մէջ եւ արժանացած է մեծ համակրանքի։

1914 թուականին աշխատած է Կ. Պոլսոյ Գալեճիք թաղամասին մէջ, եղած Հալք Էվիի (Ժողովրդական տուն) բուժարանի եւ Բերա թաղամասի աղքատախնամ դարմանատան բժիշկ։

Կ. Պոլսոյ մէջ վայելած է մեծ ժողովրդականութիւն։ 1914 թուականին, Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած է՝ հրամանատարի աստիճանով։

Եղած է Սուրիական ռազմաճակատի վրայ, գերի ինկած է անգլիացիներուն եւ որոշ ժամանակ մնացած՝ Եգիպտոս։ Պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձած է Կ. Պոլիս։

1915 թուականին Կ. Պոլսոյ Կալաթա թաղամասին մէջ ձերբակալուած եւ աքսորուած է, զոր պատճառ դարձած է, որ անունը յայտնուի տարբեր հեղինակներու (օրինակ Արշակ Ալպօյաճեանի) նշած նահատակուածներու ցուցակներուն մէջ։

Իրականութեան մէջ հրաշքով փրկուելով կոտորածներէն, վերադարձած է Կ. Պոլիս ու շարունակած զբաղիլ բժշկութեամբ։ Կ. Պոլսոյ Պարմաք Գափու Իմամ փողոցի, ապա՝ Բերա թաղամասի Իսթիքլալ պողոտայի մէջ ունեցած է սեփական դարմանատուն կամ հիւանդանոց, որուն ճակատին հայերէն գրուած էր «Խախամեանի Քլինիք»։

1940-ական թթ. սկզբնաւորութեան Երեւանի մէջ բնակող եղբօրորդիին յղած նամակին մէջ գրած է, որ Կ. Պոլսոյ հայերու վրայ դրուած պետական հարկերը այնքան մեծ են, որ ինքը մտածմներէն խցում ստացած է։

Մահացած է 1944 թուականին, Կ. Պոլիս, սրտային հիւանդութիւնէ՝ 60 տարեկան հասակին։

Թաղուած է Կ. Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Որդին՝ Լեւոն Արմենակ Խախամեան եւս եղած է ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ։

Երեւանի մէջ ազգանուանակից ազգականներ ունի։

Գիտական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական պրպտումները վերաբերած են բժշկական բարոյագիտութեան, բժիշկ-գիտութիւն, բժիշկ-ճշմարտութիւն, բժիշկ-հիւանդ, բժիշկ-բժիշկ փոխյարաբերութիւններին։ Հրապարակախօսական ու բժշկական յօդուածներով եւ այլ ստեղծագործութիւններով թղթակցած է Բագարատ Թեւեանի՝ Կ. Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Երջանկին Տարեցոյցը» պարբերականին եւ այլ թերթերու։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ղազարեան Վ․, Բժշկական եւ առողջապահական տարեցոյց, Կ. Պոլիս, 1914։
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն հայ Կեսարիոյ, h. Բ., Գահիրէ, 1937։
  • Շիկահեր Վարդ, Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան, 1923–1975, Սթանպուլ, 1975։
  • Զարմիկի՝ երեւանաբնակ Արմենակ Խախամեանի յայտնած տուեալները, 1998։
  • Մինասեան Հ., Արմենակ Խախամեան-115, «Նարեկ», Ե., 1999, թ. 1։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Շահբազեան Յ. եւ ուրիշներ, Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի (1915–1923 թթ.), հ. 3, Անդարայի նահանգ, Երեւան, 2006։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։