Jump to content

Արման Մալումեան

Արման Մալումեան
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Armand Roger Maloumian[1]
Ծնած է 4 Մայիս 1928(1928-05-04)[1]
Ծննդավայր Մարսէյլ, Բուշ-դյու-Ռոն[1]
Մահացած է 24 Յունիս 2007(2007-06-24)[2][1] (79 տարեկանին)
Մահուան վայր Սեն Բրիյո[1]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն գրագէտ և զինուորական

Արման Մալումեան (ֆրանսերէն՝ Armand Maloumian, 4 Մայիս 1928(1928-05-04)[1], Մարսէյլ, Բուշ-դյու-Ռոն[1] - 24 Յունիս 2007(2007-06-24)[2][1], Սեն Բրիյո[1]), ֆրանսահայ գրող։

Մալումեան կը ծնի Մարսէյլ, Թուրքիոյ հայերու ընտանիքի մը մէջ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք ապաստանած էին Ֆրանսա։ Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած էին անոր մեծ հայրը, մեծ մայրը, հօրեղբայրներն ու հօրաքոյրները, մօրեղբայրներն ու մօրաքոյրները։ Ընդհանուր առմամբ, անոր ընտանիքին առնուազն երեսուն անդամները զոհ գացած էին ցեղասպանութեան։ Հայրը՝ Ժան-Պաթիսթ (Յովհաննէս-Մկրտիչ) Մալումեան, սկզբնապէս բժիշկ էր Թուրքիոյ մէջ, իսկ Ֆրանսայի մէջ դարձաւ մարզական վնասուածքաբանութեան մասնագէտ (քանի որ ան իրաւունք չունէր Ֆրանսայի մէջ բժշկութեամբ զբաղելու)։ Մայրը Վիքթորիան էր (ծնեալ՝ Շահինեան)։ Արմանի ծնունդէն առաջ, հայրը Յունաստանի մէջ կը վարէր հայկական որբանոցներ, իսկ մայրը հարազատ մօր պէս եղած էր այդ որբերէն շատերուն համար, որոնցմէ յատկապէս յիշատակելի է Մելինէ Մանուշեանը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, նկատի ունենալով ընտանիքին պայքարը նացիներուն դէմ, ինչպէս նաեւ օրինակ առնելով իր եղբօրմէն՝ Սերժէն, որ Ֆրանսայի գրաւման առաջին իսկ ամիսներուն մեկնած էր Անգլիա, ան մասնակցեցաւ ֆրանսական դիմադրական շարժումին։ Իր ըմբոստութիւնը պայթեցաւ յատկապէս 1943-ին, երբ Քոնտորսէ լիսէի տասներորդ դասարանի միւս աշակերտներուն հետ միասին ստիպուեցաւ Կեստափոյի դիմաց վար առնել իր տաբատը։ 1944-ին, 16 տարեկան հասակին, կեղծ ինքնութեան թուղթերով ան մտաւ Զօրավար Լըքլերքի ֆրանսական երկրորդ զրահապատ բաժինը եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ մարտերուն։ Իր քաջութեան համար ան պարգեւատրուեցաւ վեց անգամ։ Իր «Le Vieux Pont» հրասայլի միակ փրկուածն ըլլալով՝ ան գլխու ծանր վնասուածք ստացաւ։ Խորհրդային Միութեան մէջ ձերբակալուելու ատեն, անոր բոլոր շքանշանները բռնագրաւուեցան։

1946-ին Փարիզի մէջ Թուրքիոյ հայ գաղթականներուն մէջ սկսած քարոզչութիւնը՝ դէպի «պատմական հայրենիք» վերադառնալու մասին, մղեց բազմաթիւ հայերու (որոնք յաճախ տակաւին Նանսենեան անցագիրեր ունէին) 1947-ին հաստատուելու Խորհրդային Հայաստան։ Այս նիւթով խորհրդային քարոզչութեան կողմէ նոյնիսկ շարժապատկեր մը նկարահանուած էր։ Մալումեան ընտանիքը «Ռոսիա» նաւով մեկնած այն սակաւաթիւ ընտանիքներէն էր, որոնք ունէին ֆրանսական հպատակութիւն։ Խորհրդային Հայաստան գալու պատճառը խորհրդային իշխանութիւններու պաշտօնական հրաւէրն էր, որպէսզի ընտանիքին մեծը Երեւանի մէջ հիմնէ վնասուածքաբանութեան ամպիոնը․ ընտանիքը ամենեւին մտադիր չէր մնալու Խորհրդային Հայաստան։ Սակայն Մալումեան ընտանիքը դիմագրաւեց յուսախաբութեան մեծ ալիք մը, ստալինեան Խորհրդային Միութեան ընդհանուր վախի ու համատարած մատնութեան մթնոլորտը եւ խորհրդային քաղաքացիութիւն ընդունելու իշխանութիւններու ճնշումները։

1948-ին ընտանիքը կը փորձէ վերադառնալ Փարիզ։ Նախ իր եղբայրը՝ Նիքը, կը փորձէ մտնել Ֆրանսայի դեսպանատուն, սակայն առանց հոն հասնելու կը ձերբակալուի։ Այնուհետեւ Արման երեք անգամ կը դիմէ Ֆրանսայի դեսպանատուն։ Բեմադրիչ Եուրի Երզնկեանը, որ կը ճանչնար Արմանը նկարահանումներու ընթացքին եւ գիտէր անոր Ֆրանսա վերադառնալու փափաքը, իր յուշերուն մէջ գրած է, թէ ան արտակարգ քաջութիւն ցուցաբերած է։ Մալումեան մեկնած էր Մոսկուա՝ «Մեթրոփոլ» պանդոկ, օտար բանակի (երկրորդ զրահապատ բաժնի) զինուորական տարազով, շամփայն պատուիրած եւ նուագախումբէն պահանջած էր նուագել Ամերիկայի քայլերգը։ Այս բոլորը պատահեցան խորհրդային իշխանութիւններու կողմէ իր ձերբակալութեան նախօրեակին։

31 Հոկտեմբեր 1948-ին, երբ հազիւ 20 տարեկան էր, Արման Մալումեան կը ձերբակալուի Պետական անվտանգութեան նախարարութեան (MGB) կողմէ եւ կը մեղադրուի լրտեսութեան մէջ։ Բանտարկութեան ընթացքին ան կը տանջահարուի եւ 14 ամիս միայնակ կը պահուի խուցի մէջ։ Խորհրդային օրէնքի 58-1ա յօդուածով, իբրեւ հայրենիքի դաւաճան, ան կը դատապարտուի մահապատիժի, սակայն երեք ամիս ետք պատիժը կը փոխուի 25 տարուան բանտարկութեան։ Այս երեք ամիսներուն մասին Արման Մալումեան իր գրքին մէջ գրած է․

«Ես դատապարտուած եմ մահուան։ Դատավճիռը պիտի գործադրուի յառաջիկայ օրերուն... Ամէն անգամ, երբ քայլեր կը մօտենան խուցիս, կը կարծեմ, որ ինծի համար են։ Ամէն անգամ, երբ դուռը կը բացուի, կը մտածեմ՝ "վերջ, զիս գնդակահարելու կը տանին։ Ասիկա մահն է"... Դուռս բացին օրական տասն անգամ եւ երեք ամիս շարունակ։ Ես մեռայ 920 անգամ։ Քսան տարեկան էի»։

1950-էն 1953 թուականներուն ան կը գտնուի Րեչլակի (Retchlag) ճամբարը եւ կը մասնակցի Վորքութայի ապստամբութեան։ Րեչլակի մէջ ան կը գտնուէր 2-րդ բաժանմունքին մէջ, որուն գործադուլի կոմիտէն կը ղեկավարէր նոր ժամանած Ֆելիքս Քենձերսքին։ Ինչպէս կը նշէ ճամբարի սպաներէն մէկը, Մալումեան, միւս կալանաւորներուն հետ միասին, պաշտպանած է գործադուլի գաղափարը եւ դրամահաւաք կազմակերպած՝ նախատեսուած իրադարձութիւններուն դիմագրաւելու համար։ Ըստ վկայութիւններու, Մալումեան յետագային ընտրուած է ճամբարի երկրորդ բաժանմունքի գործադուլը ղեկավարելու համար։ Գործադուլի մասնակից Ա. Ա. Ուկրիմովը կը շեշտէ, որ թէեւ գործադուլի կոմիտէն կը գործէր ստուերի մէջ, սակայն անիկա շատ աշխուժ էր, ներկայ ու համախմբուած, եւ անոնց մէջ էր նաեւ Մալումեան։

Գործադուլի ճնշումէն ետք, Մալումեան կ՚ուղարկուի Թայշէթի մօտ գտնուող Օզերլակի ճամբարը, ուր կը հանդիպի գրող Եուրի Տոմպրովսքիին եւ անոր հետ կը կապէ սերտ բարեկամութիւն։

Խորհրդային իշխանութիւնները Մալումեան ընտանիքին թոյլ տուին Ֆրանսա վերադառնալ 1954-ին՝ Իոսիֆ Ստալինի մահէն ետք։ Արմանը կրցաւ վերադառնալ միայն 1956-ին՝ Փետրուար 17-ին իր ազատ արձակումէն ետք։

1976-ին Մալումեան կը հրատարակէ Կուլակի մասին իր յուշերու գիրքը՝ «Les fils du Goulag», որ կը թարգմանուի քանի մը լեզուներու։ 1983-ին ան կ՚անդամակցի «Միջազգային դիմադրութիւն» կազմակերպութեան, որուն յետագային կը դառնայ ղեկավարը։

1990-ական թուականներուն ան Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի «Դիմադրութիւնը Կուլակի մէջ» գիտաժողովներուն, որոնք կազմակերպուած էին «Le Retour» հրատարակչութեան կողմէ։

Ֆրանսայի մէջ ան կ՚ապրէր Պրետանի մէջ։ Մահացաւ Սեն-Պրիէօք քաղաքին մէջ՝ 24 Յունիս 2007-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 4 5 6 7 8 9 (unspecified title)
  2. 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  3. (ֆրանսերեն) Armand Maloumian, 2025-12-19, https://fr.wikipedia.org/w/index.php?title=Armand_Maloumian&oldid=231610535, վերցված է 2026-07-17