Արղէադոն հարստութիւն (հին յուն․՝ Ἀργεάδαι, յուն․՝ Δυναστεία των Αργεαδών) ․հին յունական թագաւորական ընտանիք (հարստութիւն)։ Եղած է Մակեդոնիոյ գլխաւոր հարստութիւնը Ք․Ա․ 700 - Ք․Ա․310։ Յին յունական արձանագրութիւնները կը վկայեն թէ հարստութիւնը սկսած է Արղոսէն (Արղոս Άργος → Ἀργεάδαι կամ Αργεάδες)։ Պատմութեան մէջ հանրածանօթ Արղէադցիներ եղած են Փիլիպոս Բ․ եւ Մեծն Աղեքսանտր։
Այդ կը հաստատէ նաեւ Իրոդոթոս իր «Իրոդոթու Իսթորիես» գործին մէջ, կը նշէ թէ «Արղոսէն Իլիրիա հասան երեք եղբայրներ, Թիմենիդես (Արղէադոններուն) սերունդէն՝ Ղուանիս, Աէրոբոս եւ Բերդիքաս։ Եւ երբ Իլիրեացիներէն անցան Մակեդոնիոյ վերին մասը, հասան Լեվէա քաղաքը։ Երեք եղբայրները թագաւորին կը ծառայեն։ Թագաւորը կը պահանջէ իր երկրէն մեկնին, որովհետեւ ըստ գուշակութեան մը որ կը հաւատայ ԲԵրդիքասին բացառիկ բան մը պիտի պատահի։ Երեք եղբայրները կը հաստատուին Մակեդոնիոյ ուրիշ մէկ շրջանին մէջ, «Միդասին պարտէզներուն մօտ, Վերմիօ լերան ստորոտը։ Անոնք աստիճանաբար կը գրաւեն ամբողջ Մակեդոնիան։ Իրոդոթոս կը նշէ նաեւ թէ Աղեքսանտր Ա․ մասնակցած է Ք․Ա․ 504/500 Ողիմպիական խաղերուն, ուր տարակարծութիւններ եղած են անոր մասնակցութեան համար․ կասկածի տակ առած են անոր ծագումը։ Սակայն, Էլլանոդիքեսները, քննելով Արղէադեսներէն անոր ծագումը, կը հաստատեն թէ Մակեդոնացիները յոյն են եւ այդպէս անոր կ՛արտօնեն խաղերուն մասնակցի։