Արձակ Բանաստեղծութիւն

Արձակ բանաստեղծութիւն, քնարական բովանդակութիւն եւ արձակ ձեւ ունեցող ստեղծագործութիւն։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արձակ բանաստեղծութիւնը ունի քնարական ու շատ յուզական բովանդակութիւն: Գրուած է արձակ ձեւով: Արձակ բանաստեղծութեան մէջ սիւժէն կամ ի սպառ կը բացակայի կամ կը գծագրուի սոսկ ակնարկներու ձեւով։ Արձակ բանաստեղծութիւնն ու պոեմը կ'անուանեն նաեւ արձակ քնարերգութիւն։ Անոնք համեմատաբար գրական նոր ձեւեր են, սկիզբ առած են 19-րդ դարէն։ Համաշխարհային ճանաչում ունին Ի. Ս. Տուրգենեւի «Արձակ բանաստեղծութիւնները», Շարլ Պոթլերի «Փոքրիկ Արձակ Պոեմները»։
Հայ գրականութեան մէջ արձակ բանաստեղծութեան փայլուն օրինակ են Աւետիք Իսահակեանի «Արձակ Պոեմները» եւ Միսաք Մեծարենցի գրեթէ բոլոր արձակ ստեղծագործութիւնները։
Ազատ Բանաստեղծութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիւղակները մանուշակներու պէս նստեր են բլրակներու ծունկին, հովիտներու գոգը կամ գետին քղանցքին մօտ: (Մ. Մեծարենց)
Կ'ուզէի գեղին մշտահոս աղբիւրն ըլլալ, ուրկէ գային բոլոր սափորները լեցուելու՝ մանուկներուն սափորները, կոյսերուն սափորները, երիտասարդներուն սափորները...: (Ռուբէն Զարդարեան)
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Էդուարդ Ջրբաշեան, Հ. Մախչանեան, Գրականագիտական բառարան, էջ 36