Արհեստական Բանականութեան Արագ Զարգացում

Արհեստական բանականութեան արագ զարգացում[1] կը նշանակէ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) բնագաւառին մէջ արագ եւ լայնածաւալ աճի ժամանակաշրջան մը։
Այս զարգացումը սկիզբ կ'առնէ՝ 2010-ականներուն, սակայն զգալի աճ կ'արձանագրէ 2020-ականներուն[2]։
Այս ժամանակաշրջանը երբեմն կը կոչուի նաեւ «Արհեստական Բանականութեան Գարունը». եզր մը, որ կը գործածուի զանազանելու համար զայն նախորդող «Արհեստական Բանականութեան Ձմեռներ»էն[3]։
2025-ի դրութեամբ, «ChatGPT»ն դարձած է աշխարհի տարածքին ամէնէն շատ այցելուող կայքերէն չորրորդը՝ զիջելով միայն «Կուկըլ»ին (Google), «Եություպ»ին (YouTube) եւ Դիմատետրին (Facebook)[4]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1950-ին Ալան Թիւրինկ կ'առաջարկէ «մտածող մեքենաներ» հնարելու գաղափարը։ Անոնք համակարգիչներ պիտի ըլլային, որոնք ունակ պիտի ըլլային դատողութիւն ընելու՝ մարդու մակարդակով։
Ան կը սկսի իր հանրայայտ «Թիւրինկի քննութիւնը», ուր հարցաքննիչ մը կը ստանար երկու նիւթ եւ պէտք էր որոշէր, թէ ո՛րը ստեղծուած էր արհեստական բանականութեան կողմէ, իսկ ո՛րը՝ մարդու։
1956-ին Ճոն ՄաքՔարթի առաջին անգամ կը գործածէ «Արհեստական բանականութիւն» եզրը, որուն շնորհիւ հետագային ան կը ճանչցուի իբրեւ արհեստական բանականութեան հայրը[5]։
1956-ին տեղի կ'ունենայ Տարթմաութի համաժողովը, որ կազմակերպուած էր Ճոն ՄաքՔարթիի, Նաթանիէլ Ռոչեսթըրի, Մարվին Մինսքիի եւ Քլոտ Շաննընի կողմէ։ Այս համաժողովը կը նկատուի արհեստական բանականութեան իբրեւ գիտական բնագաւառի ծննդավայրը, քանի որ երկու ամսուան տեւողութեամբ աշխատանոց մը կը կազմակերպուի, որուն ընթացքին, յառաջատար գիտնականներ կ'ուսումնասիրեն մարդուն նման բանականութիւն ունեցող մեքենաներ ստեղծելու գաղափարը։
Ճոն ՄաքՔարթի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1958-ին Ճոն ՄաքՔարթի կը ստեղծէ «LISP» ծրագրաւորման լեզուն[6], որ կը դառնայ արհեստական բանականութեան հիմնական ծրագրաւորման լեզուն։ Անիկա լայն տարածում կը գտնէ եւ կը գործածուի ԱԲ-ին առնչուող բազմաթիւ ծրագիրներու մէջ, ինչպիսիք են՝ «IBM 704» համակարգիչով իրականացուած նախագիծերը։
Թէեւ բազմաթիւ լեզուներ կը ծագին եւ կ'անհետանան, սակայն LISP-ը մինչեւ 2006 Միացեալ Նահանգներու մէջ կը մնայ արհեստական բանականութեան ամէնէն տարածուած ծրագրաւորման լեզուն։ Անիկա իր վստահելիութիւնը կը պարտէր ԱԲ-ի գործելակերպին, քանի որ այն օրերուն ԱԲ համակարգերը յաճախ ունէին փոփոխական երկարութիւն ունեցող ցանկեր, ինչ որ ոչ պիտանի կը դարձնէր հաստատուն երկարութեան միջոցները։
1962-ին, արհեստական բանականութեան հետազօտութիւնները շարունակելու նպատակով, Ճոն ՄաքՔարթի կը հիմնէ «Սթենֆորտի Արհեստական Բանականութեան Տարրալուծարանը»։ Անիկա կը դառնայ ԱԲ հետազօտութեան կարեւոր կեդրոն մը՝ նպաստելով բազմաթիւ զարգացումներու, ինչպիսիք են՝ Ինքնագործ մարդասարքութեան գիտութիւնը (ռոպոթագիտութիւնը), բժշկական ախտորոշումը, բնական լեզուի մշակումն ու ինքնավար փոխադրամիջոցները։
Ճոն ՄաքՔարթի նաեւ համահիմնադիրն էր «MIT» Արհեստական Բանականութեան Առաջին Տարրալուծարանին, որ այսօր ճանչցուած է իբրեւ՝ «MIT Computer Science and Artificial Intelligence Laboratory» անունով։
Յառաջխաղացք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1966-ին Ժոզէֆ Վայզընպաում կը ստեղծէ «Էլիզա» (ELIZA) ծրագիրը, որ նախատեսուած էր իբրեւ զգացական գործիք մը։ Ասիկա կը կատարուէր օգտատիրոջ մուտքագրած խօսքերը անդրադարձնելով եւ հարցումները դարձեալ օգտատիրոջ ուղղելով։ «Էլիզա»ն կը ճանչցուի իբրեւ արհեստական բանականութիւն ունեցող առաջին զրուցակից-ծրագիրը (chatbot)։ Ան կը գործածէր օրինակաձեւ համընկնում եւ փոխարինում՝ օգտատէրերուն մէջ այն տպաւորութիւնը ստեղծելու համար, թէ իրենք իրական մարդուն հետ կը խօսին։ «Էլիզա»ն մեծ քայլ մը կ'ըլլայ առօրեայ գործածութեան ԱԲ-ի զարգացման մէջ եւ հիմք կը ծառայէ ապագայ զրուցակից-ծրագիրներուն, ինչպիսիք են՝ «OpenAI»ը «ChatGPT»ն կամ «Կուկըլ»ի «Gemini»ն։
Ժամանակի ընթացքին արհեստական բանականութիւնը կը սկսի ներգրաւուիլ նոր սարքերու մէջ։ ԱԲ-ի տարածուած կիրառութիւններէն կ'ըլլան «արհեստական օգնականները»։
2011-ին, «Էփըլ» (Apple) ընկերութիւնը կը հրապարակէ «iPhone 4S»ը, որ կը ներառէր նոր ԱԲ օգնական մը՝ «Սիրի» (Siri) անունով։ Սիրին ի սկզբանէ մշակուած էր 2007-ին՝ Տեկ Քիթլաուսի, Ատամ Չէյըրի եւ Թոմ Կրուպըրի կողմէ։ Ունենալով սեփական ընկերութիւն մը՝ «Siri Inc.», անոնք կը գրաւեն «Apple»ի ուշադրութիւնը եւ ընկերութիւնը կ'որոշէ զայն ներգրաւել իր «iOS» համակարգին մէջ։ «Սիրի»ն յեղափոխութիւն կը յառաջացնէ՝ դառնալով առաջին լայնօրէն տարածուած ուշիմ հեռաձայններու՝ «սմարթֆոնային» ԱԲ օգնականը։ Կողմնորոշուիլը կամ գործառոյթներ սահմանելը շատ աւելի դիւրին կը դառնան՝ միայն ձայնային հրամաններով[7]։
«Սիրի»ի յաջողութենէն ետք, «Կուկըլ»ի եւ «Ամազոն»ի նման ընկերութիւններ կը ստեղծեն իրենց սեփական ԱԲ օգնականները։
2014-ին Ամազոն կը ներկայացնէ Ալեքսան (Alexa)՝ իր «Echo» խելացի բարձրախօսով, որ կ'արտօնէ օգտատէրերուն հաղորդակցիլ ԱԲ օգնականին հետ առանց ուշիմ հեռաձայնի կարիքի։
2016-ին «Կուկըլ»ը կը հրապարակէ «Կուկըլ Օգնական»ը (Google Assistant)-ը՝ նման գործառոյթներով։
2022-ին լոյս կը տեսնեն հատուածէն պատկեր ստեղծող ձեւերը՝ «DALL·E 2» եւ «Midjourney»-ն[8]։
«ChatGPT»-ն՝ «OpenAI»-ի ստեղծած ԱԲ զրուցակից-ծրագիրը, կը գործարկուի 2022-ին։ Անիկա ընդամէնը երկու ամսուան ընթացքին կ'անցնի 100 միլիոն օգտատէրէն՝ դառնալով ամէնէն արագ աճ արձանագրած ծրագիրը։
2025-ի դրութեամբ «ChatGPT»ն կը մնայ աշխարհին մէջ ամէնէն շատ այցելուող կայքերէն չորրորդը՝ «Google»ի եւ «Facebook»ի նման կայքերէն ետք։ «Gemini», «Claude» եւ «Copilot» զրուցակիցները նոյն դասակարգին կը պատկանին եւ կը կոչուին լեզուական մեծ միջոցներ (LLM)։ Անոնք նախատեսուած են մարդկային լեզուին համապատասխան արձագանգելու եւ բազմազան խնդիրներ կատարելու կարողութիւն ունենալու համար։ Անոնք կը մարզուին հսկայական ծաւալի տուեալներով՝ ընդունելի պատասխաններ արտադրելու նպատակով։ Ներկայիս զրուցակից-ծրագիրները կը ներառեն նաեւ ԱԲ պատկերներու ստեղծումը։
2025-ի հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ ամերիկացի չափահասներուն կէսէն աւելին առնուազն մէկ անգամ օգտագործած է լեզուական մեծ միջոց մը[9]:
Ոլորտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենսաբժշկական ոլորտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2020-ին «DeepMind»-ի «AlphaFold» ծրագիրը, որ նախատեսուած է սպիտակուցներու ծալքաւորման կանխատեսման համար, «CASP»-ի «Global Distance Test» (GDT)-ին մէջ կ'արձանագրէ 90-էն աւելի արդիւնք։ Կառուցուածքային կենսաբան եւ Նոպելեան մրցանակակիր Վենքի Ռամակրիշնանը այս արդիւնքը կը բնորոշէ իբրեւ «զարմացուցիչ յառաջընթաց սպիտակուցներու ծալքաւորման խնդիրին մէջ»։ Սպիտակուցներու կառուցուածքը ճշգրիտ կերպով կանխատեսելու կարողութիւնը՝ միայն ամինաթթուներու յաջորդականութեան հիման վրայ, կրնայ արագացնել դեղագործական բացայայտումները եւ նպաստել հիւանդութիւններու աւելի խոր ըմբռնման[10][11]։
Պատկերներ եւ տեսանիւթեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Stable Diffusion»ով ստեղծուած պատկեր մը՝ «ձիու վրայ նստած տիեզերագնացի լուսանկար մը» հատուածային հրահանգին հիման վրայ։
Ժամանակի ընթացքին արհեստական բանականութեան հզօրութիւնը շարունակաբար կը մեծնայ։
2015-ին անոր նախնական տարածումը կը սկսի «Կուկըլ»-ի «DeepDream»ի հրապարակումով, որ ԱԲ ծրագիր մըն է եւ որ նախորդ պատկերներէ ստացուած մուտքերն ու ձեւերը կը փոխէ՝ ստեղծելով տեսիլային, երբեմն ալ «երեւակայական» պատկերներ[12]։

Յունուար 2021-ին «OpenAI»ը կը հրապարակէ «DALL·E»ն, որ հնարաւորութիւն կու տայ պատկերներ ստեղծելու պարզ հատուածներու հրահանգներով։ Այս նորարարութիւնը օգտատէրերուն թոյլ կու տայ ստեղծելու գրեթէ ամէն տեսակի պատկերներ։ Շուտով «DALL·E»ին կը հետեւին այլ հզօր ձեւեր, ինչպիսիք են՝ Google-ի «Gemini»ն։

Հատուածէն տեսանիւթ ստեղծող ԱԲ գործիքներու ժողովրդականութիւնը արագ կերպով կ'աճի։ 2024-ին «OpenAI»ի «Sora»ին նման միջոցներու հրապարակումով, հատուածէն տեսանիւթ ստեղծելը կը սկսի լայնօրէն ընդունուիլ՝ յատկապէս գովազդներու մէջ, քանի որ անիկա կը նուազեցնէ արտադրական ծախսերը եւ կ'արագացնէ արտադրութեան ընթացքը։
Արհեստական բանականութիւնը կը զարգանայ այնպիսի արագութեամբ, որ կը գերազանցէ ժամանակակից յայտնաբերման գործիքներու կարողութիւնները։ Քանի որ այս գործիքները լայն հասարակութեան համար հասանելի են, կը ծագին լուրջ մտահոգութիւններ անոնց բարոյական եւ պատասխանատու գործածութեան շուրջ։ Բազմիցս արձանագրուած են դէպքեր, ուր կեղծուած (deepfake) տեսանիւթերը օգտագործուած են քաղաքական ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար՝ դառնալով անվտանգութեան սպառնալիք մը։
Լեզու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«GPT-3»ն մեծ լեզուական միջոց մըն է, որ կը հրապարակուի 2020-ին «OpenAI»-ի կողմէ եւ ունակ է ստեղծելու մարդուն նման հատուածներ։ Նոր տարբերակ մը՝ «GPT-4»ը, կը հրապարակուի 14 Մարտ 2023-ին եւ կը գործածուի «Microsoft-ի Bing» որոնողական համակարգին մէջ[13]։
Այլ լեզուական միջոցներ ալ կը հրապարակուին, ինչպիսիք են՝ «Կուկըլ»ի «PaLM»ը եւ «Gemini»ն, ինչպէս նաեւ՝ «Meta Platforms»-ի «LLaMA»ն[14]։
Երաժշտութիւն եւ ձայն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2016-ին «Google»ի «DeepMind»ը կը մշակէ «WaveNet»ը, որ հնարաւոր կը դարձնէ անմիջական ձայնային տուեալներու՝ խօսքի եւ դաշնամուրի հնչիւններու ստեղծումը։ Անիկա ի վիճակի է ստեղծելու տարբեր ձայներ՝ ճանչնալով խօսողներու ինքնութիւնը[15]։ Այս նորարարութիւնը կը դառնայ ապագայ միջոցներու հիմնաքար մը՝ «զրոյց» ձեւաւորելու, ինչ որ մեծ օգուտ կը դառնայ երաժշտութեան արտադրութեան։
«WaveNet»ի ուղիով ընթանալով՝ «OpenAI»ը կը հրապարակէ «Jukebox»ը, որ առաջին լայնածաւալ միջոցն է երգեր ստեղծելու համար։ Անիկա կը ստեղծէ անմիջական ձայն՝ տարբեր սեռերով եւ ոճերով՝ ցուցադրելով, որ ԱԲ-ն ունակ է բարդ ձայնային ստեղծագործութիւններու[16]։ «Կուկըլ»ը կը հրապարակէ «MusicLM»ը, որ հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծելու ձայն՝ հատուածային հրահանգներով[17]։ Այս միջոցը կրնայ նաեւ ստեղծել ամբողջական երգեր՝ միայն մրմնջուած մեղեդիի եւ հատուածի մը հիման վրայ։ Այս զարգացումը նշանակալի քայլ մըն էր երաժշտական ստեղծագործութեան գործիքները աւելի հասանելի դարձնելու հանրութեան համար։
Մարտ 2020-ին կը հիմնուի «15.ai»ը։ Այս հարթակը ձայնի նմանակում կը կատարէր եւ մեծ դեր կ'ունենայ ԱԲ ցարգացման մէջ։ Կարճ մարզումէ ետք, անիկա կը ստեղծէ ընդունելի ձայներ եւ շուտով լայն տարածում կը գտնէ, երբ մարդիկ կը սկսին զայն օգտագործել իրենց սիրելի գեղարուեստական կերպարներու ձայները նմանակելու համար։
Արհեստական կերպով ստեղծուած ձայնային կատարումներ հնարաւոր կը դառնան նաեւ «ElevenLabs»ի նման գործիքներով, որ կը թոյլատրէ ձայն ստեղծել հանրային որեւէ ձայնագրութեան հիման վրայ։ Իբրեւ արդիւնք՝ համացանցին վրայ ձայնային նիւթեր ունեցող ոեւէ հանրայայտ անձ, երգիչ կամ քաղաքական գործիչ կրնայ ենթարկուիլ ձայնային նմանակման։ Այս երեւոյթը կը հանգեցնէ այն բանին, որ կը սկսին ստեղծուիլ երգեր՝ գոյութիւն չունեցող արուեստագէտներու անունով, եւ նոյնպէս քաղաքական գործիչներու ձայներու խոր կեղծումներ, ինչպէս օրինակ՝ Ճօ Պայտընի անունով տարածուած կեղծ զանգերը, որոնք մեծ ուշադրութիւն կը գրաւեն։
Ուժանիւթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արհեստական բանականութեան համար գործածուող սարքաւորումներուն ելեկտրականութեան սպառումը զգալիօրէն աճած է՝ ծանրաբեռնելով ելեկտրացանցերը։ Ասիկա պատճառ դարձած է, որ հանածոյ վառելանիւթով աշխատող ելեկտրակայաններ շարունակեն գործել, մինչդեռ այլ պարագաներու մէջ անոնք արդէն պիտի դադրէին։
Այս աճող պահանջները բաւարարելու նպատակով «Microsoft»ը, «Google»ը եւ «Amazon»ը ներդրումներ կատարած են թէ՛ գործող, թէ՛ ծրագրաւորուած միջուկային ելեկտրակայաններու մէջ։
Սեպտեմբեր 2024-ին, «Microsoft»ը համաձայնագիր մը կը կնքէ «Constellation Energy» ընկերութեան հետ՝ «Three Mile Island»ի միջուկային հիւլէական բարդ ելեկտրականութիւն ձեռք բերելու համար։ Ելեկտրակայանը, որ 2019-ին փակուած էր, նախատեսուած է վերագործարկել 2028-ին՝ «Microsoft»ի տուեալներու կեդրոններուն ելեկտրամատակարարումը ապահովելու նպատակով։ Անիկա կը գտնուի այն միաւորին քով, որ 1979-ին պատճառ կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան միջուկային ամէնէն ծանր արկածին[18][19][20]։
Մշակութային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչ արհեստական բանականութիւնը կը յառաջանայ եւ աւելի խոր կը ներթափանցէ հասարակական կեանքէն ներս, տարակարծութիւնները կը բազմանան անոր շուրջ.
- Մէկ կողմէ ոմանք կ'ողջունեն արհեստական բանականութեան զարգացումը՝ զայն նկատելով իբրեւ օգտակար գործիք մը, որ կը նպաստէ տուեալներու ճշգրիտ վերլուծման, բժշկական նորարարութիւններու եւ եղանակային կանխատեսումներու կատարելագործման։ Յատկապէս, երբ մարդիկ վստահ են, որ արհեստական բանականութիւնը պատշաճ կերպով կը վերահսկուի եւ կը գործածուի պատասխանատու ձեւով, անոնց ընդունումը դէպի այս նոր արհեստագիտութիւնը աւելի դրական կ'ըլլայ։
- Միւս կողմէ, ոմանք լուրջ մտահոգութիւններ կը յայտնեն եւ կը վախնան, թէ արհեստական բանականութիւնը կրնայ վտանգել մարդկային էութեան որոշ հիմնարար արժէքներ։ Անոնց համոզումով՝ արհեստական բանականութեան չափազանց մեծ գործածութիւնը կրնայ տկարացնել մարդկային ստեղծագործական ոգին, աղքատացնել մարդկային յարաբերութիւնները եւ մարդը աւելի կախեալ դարձնել մեքենաներէն՝ թէ՛ հաղորդակցութեան, թէ՛ ստեղծագործ աշխատանքի ոլորտներուն մէջ։ Աւելին, շուկայի մէջ անոր ազդեցութիւնը կարեւոր հարց կը համարուի, քանի որ մասնաւորապէս արհեստագիտական ոլորտին մէջ բազմաթիւ աշխատանքներ կրնան փոխարինուիլ արհեստական բանականութեամբ՝ ընկերային եւ տնտեսական լուրջ մարտահրաւէրներ յառաջացնելով։
Այսպիսով, արհեստական բանականութեան վերաբերեալ քննարկումը կը շարունակուի մնալ բարդ ու բազմակողմանի, պահանջելով գիտակցուած մօտեցում, պատասխանատու կառավարում եւ մարդակեդրոն տեսլական, որպէսզի նորարարութիւնը ծառայէ մարդուն, ոչ թէ հակառակը։
Գործարարութիւն եւ տնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հակառակ այն իրողութեան, որ արհեստական բանականութիւնը տնտեսական եւ արհեստագիտական մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ, սակայն միաժամանակ ընկերային մեծ մարտահրաւէրներու դուռ կը բանայ։
- Արհեստական բանականութեան արտօնագիրեր՝ 2024-ին Չինաստանի եւ ԱՄՆ-ի արտօնագիրերը կազմած են ամբողջ աշխարհի ¾-ը։
- Տնտեսական ակնկալիքներ՝ Կարգ մը տնտեսագէտներ կը հաւատան արհեստական բանականութեան արտադրողականութիւն եւ տնտեսական աճ խթանող ուժին, իսկ ուրիշներ՝ զգուշ են։
- Արհեստագիտական մեծ ընկերութիւններ արհեստական բանականութիւնը կը նկատեն միաժամանակ իբրեւ հնարաւորութիւն եւ սպառնալիք։ Օրինակ՝ «Google»ը կ'արագացնէ «AI» հետազօտութիւնը «DeepMind» եւ «Google Brain»ի միացումով։
- Արհեստական բանականութեան մատչելիութիւնը՝ մեքենայական ուսուցման գործիքները կարելի է գնել կամ օգտագործել ամպային հարթակներով, որ կը տարածէ «AI» հմտութիւնները։ Բազմաթիւ ընկերութիւններ արհեստական բանականութիւնը կը համարեն իրենց գերակայ արհեստագիտական առաջնահերթութիւնը։
- Օգտագործման ոլորտներ՝ արտադրանքի եւ ծառայութիւններու բարելաւում, որոշումներու որակի բարձրացում եւ գործընթացներու արագացում։ Կարգ մը ընկերութիւններ արդէն արձանագրած են մինչեւ 16% եկամուտի աճ։
- Ներդրումներ՝ արհեստական «AI» ներդրումները մեծ աճ արձանագրած են 2014-ին՝ 18 միլիարի հասնելով, 2021-ին՝ 119 միլիարի, իսկ 2023-ին «AI»ը կազմած է ներդրումներու 30%-ը[21]։
- Տնտեսական բացասական կողմերը՝ կրնայ խորացնել անհաւասարութիւնը եւ հարստութիւնն ու իշխանութիւնը կեդրոնացնել, աշխատավարձքերը նուազեցնել՝ մեքենաներ օգտագործելով եւ ստեղծելով ընկերատնտեսական բաժանումներ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Արհեստական բանականութեան արագ զարգացում
- ↑ Արհեստական բանականութեան զարգացումը
- ↑ Արհեստական Բանականութեան Ձմեռը
- ↑ Աշխարհի տարածքին ամէնէն շատ այցելուող կայքեր
- ↑ Ի՞նչ է արհեստական բանականութիւնը
- ↑ Ծրագրաւորման լեզու
- ↑ Արհեստական բանականութեան օգնականները
- ↑ ԱԲ օգնականին հետ[permanent dead link]
- ↑ Լեզուական Մեծ Միջոցներ
- ↑ Կենսաբժշկական ոլորտ
- ↑ Նոր ծրագիր
- ↑ Երեւակայական պատկերներու ստեղծում
- ↑ Նոր տարբերակներ
- ↑ Լեզու
- ↑ Երաժշտութիւն եւ ձայն
- ↑ Ձայնային ոճեր
- ↑ Ձայն ստեղծել հրահանգներով
- ↑ Արհեստական բանականութեան արագ զարգացման ետին գտնուող բնապահպանական ապահովումը
- ↑ Ածուխով աշխատող ելեկտրակայանները
- ↑ «Three Mile Island»ի միջուկային կայանը կը վերագործարկուի եւ իր արտադրած ելեկտրականութիւնը կը վաճառէ «Microsoft»ին
- ↑ Արհեստական «AI» ներդրումները մեծ աճ արձանագրած են
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Chen Caiwei (26-03-2025)։ China built hundreds of AI data centers to catch the AI boom. Now many stand unused։ MIT Technology Review։ արտագրուած է՝ 2025-03-27 [permanent dead link]
- Heath Alex (05-12-2024)։ Why investors don't mind that AI is a money pit։ The Verge։ արտագրուած է՝ 16-03-2025
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- In the Age of AI։ Frontline (6)։ 5 Նոյեմբեր, 2019։ արտագրուած է՝ 4 Յունիս, 2023