Արիստակէս Լաստիվերցի
Արիստակես Լաստիվերցի | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | անհայտ[1][2] |
Ծննդավայր | Լաստիվեր?, Կարին, Բագրատունիներու Թագաւորութիւն[1][2] |
Մահացած է | անհայտ[1][2] |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, հոգեւորական, աստուածաբան |
Լեզու | հայերէն |
Ազգութիւն | Հայ[1][2] |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ուշագրաւ աշխատանքներ | History of Armenia? |
Արիստակէս Լաստիվերցի Ուիքիքաղուածքի մէջ |
Արիստակէս Լաստիվերցի (նաեւ՝ լաստիերտցի, մօտ 1002, գ. Լաստիւեր (Բարձր Հայք նահանգի Կարնոյ գաւառ), 1080), 11-րդ դարու հայ պատմիչ, աստուածաբան։ Վկայ եղած է սելճուք թուրքերու վայրագութիւններուն, Արծնի եւ Սմբատալեռան (Սմբատաբերդի) սոսկալի կոտորածներուն, տեղահանուած եւ հալածուած է։ Արիստակէս Լաստիվերցին խորացած է աստուածաբանութեան եւ ճարտասանութեան մէջ, տիրապետած է յունարէնին, ուսումնասիրած Հայաստանի եւ Բիւզանդիոնի պատմութեանը։ Ամենայն հայոց կաթողիկոս սարգիս Ա Սեւանցիի յանձնարարութեամբ գրած է «պատմութիւնէ երկ», ուր կը ներկայացնէ 1001- 1072 թթ. վերաբերող պատմական իրադարձութիւնները։ Կը նկարագրէ սելճուք-թուրքերու արշաւանքները՝ մանրամասն ներկայացնելով անոնց ընթացքին հայոց աշխարհին հասած արհաւիրհքները, կոտորածները եւ աւերածութիւնները։ Յուզիչ է սելճուքներու կողմէն 1064 թ.-ի Անիի գրաւման նկարագրութիւնը։ Լաստիվերցին կ'անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի անկախութեան եւ մասնաւորապէս՝ Անիի թագաւորութեան վերացմանը ուղղուած Բիւզանդիոնի նենգ քաղաքականութեանը, կը գովերգէ Բագրատունի վերջին արքաներ՝ Գագիկ Ա-ին, Աշոտ Դ.-ին, Գագիկ Բ-ին, զօրավար վահրամ Պահլաւունիին եւ ուրիշներուն։ Արժէքաւոր տուեալներ կը հաղորդէ թոնդրակեան շարժման մասին։[3]:
Լաստիվերցիի «Պատմութիւն» երկը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լաստիվերցիի գլխաւոր աշխատութիւնն է 1072–79-ին գրած «պատմութիւն Արիստակիսի Լաստիւերտցւոյ վարդապետի…» երկը[4]: Բաղկացած է չափածոյ նախերգանքէ, 25 գլուխէ եւ հեղինակի յիշատակարանէն։ Արիստակէս Լաստիվերցին իր նկարագրած դէպքերու մեծ մասի ժամանակակիցն է եւ ականատեսը։ Ողբալով սելճուք թուրքերու պատճառած աղէտները եւ նուաճուած Հայաստանի վիճակը՝ պատմաեան դէպքերուն վկայաբանական բնոյթ չէ տուած, ներխուժումները չէ դիտած իբրեւ կրօնական տարբերութեան հետեւանք, այլ համարած զաւթողական պատերազմ, որուն դէմ պէտք է պայքարիլ։ Բուն շարադրանըն կ՛ընդգրկէ 1000–45-ի հայ-բիւզանդական յարաբերութիւնները, սելճուքեան արշաւանքները 1047–1048-էն մինչեւ Անիի գրաւումը (1064) եւ Մանազկերտի ճակատամարտը (1071):
Մանրամասը նկարագրած է Տայքը նուաճելու Բիւզանդիոնի փորձերը (1000–22), բանակցութիւնները հայ եւ վրաց իշխաններու հետ, Անիի թագաւորութեան անկումը (1045) եւն։ Բիւզանդիոնի պատմութեան վերաբերող գլուխները լիովին կը համակերպին բիւզանդական պատմիչներու, ինչպէս նաեւ արաբ եւ պարսիկ մատենագիրներու տեղեկութիւններուն՝ երբեմն նաեւ լրացնելով անոնց։
Պատմութիւնը արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Xդ. եւ XI դ. 1-ին կիսուն Հայոց կաթողիկոսներու (Պետրոս Ա Գետադարձ, Խաչիկ Բ Անեցի, Սարգիս Ա Սեւանցի), աստուածաբան վարդապետներու եւ մատենագիրներու (Սարգիս, Տիրանուն, Ենովք, Ստեփանոս Տարոնեցի, Սամուէլ Կամրջաձորեցի, Յովհաննէս Կոզեռն) մասին։ Կարեւոր են տեղեկութիւնները կաթողիկոս Պետրոս Ա Գետադարձի քաղաքական գործունէութեան մասին (1022-ի Տրապիզոնի բանակցութիւնները, անոր դիրքորոշումը 1045-ի Բիւզանդիոնի քաղաքականութեան հանդէպ եւ հայրենադաւ դերը Անին կայսրութեանը յանձնելու գործին մէջ): Թոնդրակեան շարժմանը նուիրուած 22-րդ եւ 23-րդ գլուխները ունին աղբիւրագիտական բացառիկ արժէք, որովհետեւ Արիստակէս Լաստիւերցիի տեղեկութիւնները այլ աղբիւրներուն մէջ չեն հանդիպած։ Ի շարս այլ հոգեւորականներու՝ան անոր կարծիքին էր, որ Թոնդրակեան շարժումը կործանման հասցուցած է Բագրատունեաց թագաւորութիւնը։ Թոնդրակեան առաջնորդներէն Արիստակէս Լաստիւերցին ներկայացուցած է Հարք գաւառի եպիսկոպոս Յակոբի եւ Մանանաղիի Կունծիկ աբեղայի գործունէութիւնը, Յակոբին անուանած է «հայր ամենայն չարեացէ, անոր ուսմունքը` մծղնէութիւն։ Ըստ անոր՝ Յակոբ Հարքացին իր ճառերով ձգտած է «տապալել սուրբ եկեղեցին»: Շարժման կեդրոն Հարքի Թոնդրակ գիւղը Ա. Լ. անուանած է «սատանայի բնակարան»: Պատմութիւնը XI դ. կարեւորագոյն սկզբնաղբիւր է ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ հարեւան երկրներու համար։ Ան միաժամանակ հայրենասիրական ողբ է, ուր հեղինակը կը նկարագրէ XI դ. աղէտները։ Պատկերաւոր եւ ազդու ոճի շնորհիւ Արիստակէս Լաստիւերցիի երկը հայ միջնադարեան գեղարուեստական արձակի խոշորագոյն գործերէն է։ Լաստիւերցիի երկը առաջին անգամ հրատարակուած է 1844 թ. Վենետիկի մէջ, 1864 թ. Փարիզիմէջ լոյս տեսած է «պատմութեան» ֆրանսերէն, իսկ 1968 թ. Մոսկուայի մէջ՝ ռուսերէն[5] եւ ապա անգլերէն[6] թարգմանութիւնները։ Պատմութիւնը թարգմանուած է նաեւ վրացերէն, վերածուած աշխարհաբարու[7] Աշխատութեան ձեռագիրները կը պահուին Երեւանի, Վենետիկի, Վիեննայի, Երուսաղէմի եւ այլ շրջաններու մէջ։
Այլ երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արիստակէս Լաստիվերցիի միւս աշխատութիւնը «մեկնութիւն ընթերցուածոց»-ն է՝ նուիրուած Քրիստոսի Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնի ընթերցուածքներու մեկնութեանը։ Հեղինակի նպատակն է բացատրել Ծննդեան եւ Մկրտութեան տօնի ութ օրերու խորհուրդը։ «մեկնութիւնում» Արիստակէս Լաստիվերցին պաշտպանած է Քրիստոսի ծնունդն ու մկրտութիւնը միասին նշելու Հայ եկեղեցւոյ առաքելաւանդ կանոնը։ «քարոզ նոր Կ'իւրակէի» ճառում (կը կոչուի նաեւ «արիստակէս վարդապետի ասացէալ ի նոր Կ'իւրակէն») կը խօսուի նաեւ գարնան զարթօնքի, ծաղկապտուղներու ու ծաղկասերմերու աճի, գարունը ցնծութեամբ դիմաւորող կենդանիներու եւ սերմնացան մարդու մասին։
Արիստակէս Լաստիվերցին այս համընդհանուր շարժման եւ վերափոխման մէջ կը տեսնէ Տէրունական տօնի՝ Նոր Կիրակիի խորհուրդն ու մեկնութիւնը։ Տօնի կապակցութեամբ հեղինակը կոչ կ՛ընէ Յիսուսի Յարութեան օրինակով ոչ թէ արտաքնապէս, այլ ամբողջ էութեամբ վերափոխուիլ, լցուիլ նորացման գաղափարով։
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — 1974. — հատոր 2. — է. 62.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 Հայկական համառոտ հանրագիտարան — 1990. — հատոր 1.
- ↑ Հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչները, 5-18-րդ դարէր: Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն: Երեւան, 1976 էջ 477
- ↑ Արիստակէս Լասիւերցի, Պատմութիւն, աշխատասիրութէամբ Կարէն Իւզբաշէանի
- ↑ Повествование вардапета Аристакэса Ластивертци / Перевод с древнеармянского, вступительная статья, комментарий и приложения К. Н. Юзбашяна. Ответственный редактор Р. Р. Орбели. — М.: Издательство «Наукаէ, Главная редакция восточной литературы, 1968. — (Памятники письменности Востока, вып. XIV).
- ↑ Aristakes Lastivertc'i's History. Translated from Classical Armenian by Robert Bedrosian
- ↑ Արիստակէս Լաստիւերցի, Պատմութիւն, թարգմանութիւնը` Վ.ԱՅ. Գեւորգեանի, Երեւան, 1971