Jump to content

Արիադնի

Արիադնի
հին յուն․՝ Ἀριάδνη
Ամուսին Դիոնիսոս
Ծնողներ հայր՝ Մինոաս, մայր՝ Բասիֆայի
Երեխաներ Սթաֆիլոս, Ինոբիօն, Թոաս, Թոաս, Գերամոս, Բեբարիթոս, Էվանթիս, Լաթրամիս, Էվմեդոն, Ֆանոս և Սթաֆիլոս

Արիադնի (յուն․՝Αριάδνη)․ Յունական դիցաբանութեան մէջ Կրետէի Մինոաս թագաւորին եւ Բասիֆայիին դուստրն էր։ Անունը սերտօրէն կապուած է Թիսէասին առասպելին, Մինօթաւրոսին եւ Դիոնիսոս աստուծոյ հետ։ Արիադնին ինչպէս նաեւ Էլենին, բուսականութեան աճման նախայունական աստուածներ են։

Արիադնի եւ Թիսէաս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին դիցաբանական աւանդութիւնները բեռնէ բերան փոխանցուած են, այդ պատճառով ալ առասպելները փոփխութիւններու ենթարկուած են։

Երբ Թիսէա, Աթէնքի թագաւոր Էղէասին որդին, կ՛որոշէ վերջ տալ Մինոասի վայրագութեան եւ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, հոն, Մինոասին դուտրին՝ Արիադնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիադնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը, որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։ Արիադնի դաւաճանեց հայրը եւ հայրենիքը, Կրետէէն մեկնեցաւ սիրահարին՝ Թիսէասին հետ։ Բեռանացի աղբիւրներու համաձայն, Թիսէաս Արիադնին կը ձգէ, իսկ ըստ ուրիշ աղբիւրներու՝ Մինոասէն կամ Մինոթաւրոսէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի։

Արիադնի եւ Դիոնիսոս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրետէէն Աթէնք վերադարձին, Թիսէաս եւ ընկերները կանգ կ՛առնեն Նաքսոս։ Հոն, Թիսէասին երազին մէջ Դիոնիսոս աստուածը կը յայտնուի եւ կ՛ըսէ թէ կղզիէն պէտք է մեկնի առանց Արիադնիին, որովհետեւ ճակատագիրն էր որ Արիադնի կղզին մնայ ու իր կինը դառնայ։ Արիադնի կը մնայ եւ Դիոնիսոսին կ՛ամուսնանայ։ Այդ օրէն Արիադնիին հանդէպ պաշտամունքը կը զարգանայ կղզիին մէջ։ Դիոնիսոս (կամ Աֆրոդիթի եւ կամ Օրես) անոր ոսկեայ թափնեպսակ մը կը նուիրէ՝ Իֆեսթոսին գործ եւ Արիադնին հետը Ողիմպոս կը բերէ։ Աշխարհիկ Արիադնի կը դառնայ աստուծոյ անմահ կողակիցը։

Առասպելին տեղական տարբերակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արիադնի կը պաշտուէր քանի մը շրջաններու մէջ, յատկապէս կղզիներու մէջ՝

Կրետէ, Նաքսոս, Դիլոս, Կիպրոս, ինչպէս նաեւ Ատիկէ եւ Պելոպոնեզ։ Ինչ որ կը վկայէ թէ ան կը պաշտուէր որպէս Էգէականի աստուածութիւն եւ ընդհանրապէս արեւելեան Միջերկրականի աւազանին շուրջ (Αριάδνη < Αριάγνη = αγία՝ սուրբ

Արիադնի որպէս աստուածուհի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարբեր ուսումնասիրողներ, կը համարեն թէ Արիադնի Հիւսող աստուածուհի մըն էր, ինչպէս Արախնի (=սարդ), թելը պտտելու եւ պարզելու պատճառով։ Կը սեպէին թէ ան «կախուող աստուածուհի »մըն էր՝ Κρεμασμένη Θεά։

Ուրիշներու համաձայն, Արիադնիին անունը յառաջ եկած է կրետական «արիաղնի» αριάγνη բառէն, որ շատ վճիտ կը նշանակէ։

Աստղակերպ 43 Արիադնի 1857-ին յայտնաբերուած աստղակերպին տրուած է իր անունը 43 Ariadne։

[1][2] [3]

Յունական դիցաբանութիւն, հերոսները, հտ․ 3, հրտկ․՝ Εκδοτική Αθηνών, Աթէնք 1986, էջ՝ 269-271, 278-281

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]