Jump to content

Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ


Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ (ԱՄՀ) միջազգային դրամական ու նիւթական հաստատութիւն է եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մասնագիտական գործակալութիւն մը, որուն գլխաւոր գրասենեակը Ուաշինկթընի մէջ է։ Ան բաղկացած է 191 անդամ երկիրներէ, եւ իր յայտարարուած առաքելութիւնն է «աշխատիլ՝ խրախուսելու համաշխարհային դրամական համագործակցութիւնը, երաշխաւորելու նիւթական կայունութիւնը, դիւրացնելու միջազգային առեւտուրը, յառաջ մղելու բարձր զբաղուածութիւն եւ կայուն տնտեսական աճ, եւ նուազեցնելու աղքատութիւնը աշխարհի մէջ»։[1] ԱՄՀ-ն կը գործէ որպէս վերջին փոխատու իր անդամներուն, որոնք կ՚ապրին իրական կամ հնարաւոր վճարային կշիռի ճգնաժամեր։[2]

Հիմնադրուած 1944 Յուլիսին Պրեթըն Ուուտծ Համագումարի ընթացքին՝ հիմնուելով Հարրի Տեքսթըր Ուայթի եւ Ճոն Մեյնարտ Քեյնսի գաղափարներուն վրայ,[3] ԱՄՀ-ն պաշտօնապէս իր գոյութիւնը սկսաւ 1945-ին՝ 29 անդամ երկիրներով եւ միջազգային դրամական համակարգը վերակառուցելու նպատակով։ Իր առաջին երեք տասնամեակներուն, ԱՄՀ-ն հսկեց Պրեթըն Ուուտծի հաստատուն փոխարժէքային դասաւորութիւններու համակարգը։ Այս համակարգի փլուզումէն ետք 1971-ին, Հիմնադրամին դերը փոխուեցաւ վճարային կշիռի դժուարութիւններու եւ միջազգային նիւթական ճգնաժամերու կառավարման, դառնալով համաշխարայինացման դարաշրջանի առանցքային հաստատութիւն մը։[4]

Քոթա համակարգի միջոցաւ, երկիրները գումարներ կը նուիրաբերեն, որմէ կրնան փոխ առնել եթէ վճարային կշիռի խնդիրներ ապրին. երկրի մը քոթան նաեւ կը որոշէ անոր քուէարկութեան ուժը։[5] Փոխերու պայմանութիւն ըլլալու համար, ԱՄՀ-ն յաճախ կը պահանջէ փոխառու երկիրներէն քաղաքական բարեփոխումներ ձեռնարկել, որոնք կոչուին կառուցուածքային յարմարացում։[6] Կազմակերպութիւնը նաեւ թեքնիքական օգնութիւն կը տայ եւ տնտեսական հսկողութիւն կը մատուցէ իր անդամներուն տնտեսութիւններու վրայ։[7]

ԱՄՀ-ի փոխային պայմանները լայնօրէն քննադատուած են՝ խնայողական միջոցառումներ պարտադրելու համար, որոնք կրնան խոչընդոտել տնտեսական վերականգնումը եւ վնասել ամէնախոցելի բնակչութիւններուն։[8] Քննադատողները կ՚արտայայտեն որ Հիմնարկութեան քաղաքականութիւններն կը սահմանափակեն փոխառու ազգերուն տնտեսական ինքնիշխանութիւնը եւ որ անոր կառավարչական կառուցուածքը գերիշխուած է Արեւմտեան երկիրներուն կողմէ, որոնք կ՚ունենան անարժան մեծ քուէարկութեան ուժ։[9] Ներկայիս կառավարիչ տնօրէնն ու նախագահն է պուլկարացի տնտեսագէտ Քրիսթալինա Կեորկեաւան, որ այս պաշտօնը կը զբաղեցնէ 2019 Հոկտեմբեր 1-էն ի վեր։[10]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «About the IMF»։ International Monetary Fund (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 16 October 2012-ին։ արտագրուած է՝ 14 October 2012 
  2. Isard Peter (2005)։ Globalization and the International Financial System: What's Wrong and What Can be Done։ New York: Cambridge University Press 
  3. Bordo M.D. (1993)։ Bordo M.D., Eichengreen Barry, խմբգրնր․։ «The Bretton Woods International Monetary System: A Historical Overview»։ A Retrospective on the Bretton Woods System (London)։ ISBN 9780226065878։ doi:10.7208/chicago/9780226066905.001.0001 
  4. Lipscy Phillip Y. (2015)։ «Explaining Institutional Change: Policy Areas, Outside Options, and the Bretton Woods Institutions»։ American Journal of Political Science 59 (2): 341–356։ doi:10.1111/ajps.12130 
  5. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found..
  6. Buira Ariel (August 2003)։ «An Analysis of IMF Conditionality»։ G-24 Discussion Papers։ United Nations Conference on Trade and Development (22) 
  7. Schlefer Jonathan (10 April 2012)։ «There is No Invisible Hand»։ Harvard Business Review (Harvard Business Publishing)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 August 2023-ին։ արտագրուած է՝ 15 March 2016 – via hbr.org 
  8. Hertz, Noreena. The Debt Threat. New York: Harper Collins Publishers, 2004.
  9. Derber Charles (2002)։ People Before Profit։ New York: Picador։ ISBN 9780312306700 
  10. Crutsinger Martin (25 September 2019)։ «Economist who grew up in communist Bulgaria is new IMF chief»։ Associated Press։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 April 2022-ին։ արտագրուած է՝ 18 June 2020