Jump to content

Արթիւր Փինաճեան

Արթիւր Փինաճեան
Ծնած է 28 Մարտ 1914(1914-03-28)
Ծննդավայր Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 19 Օգոստոս 1999(1999-08-19) (85 տարեկանին)
Մահուան վայր Bellport, Սաֆոլկ շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Տեսակ դիմապատկեր
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ

Արթիւր Փինաճեան (Աշոտ, 28 Մարտ 1914(1914-03-28), Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 19 Օգոստոս 1999(1999-08-19), Bellport, Սաֆոլկ շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ արուեստագէտ, գեղանկարիչ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Նիւ Եորք, Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ծնողներէ: Իր ասպարէզը սկսած է Նիւ Եորքի մէջ եւ ունեցած է յաջողութիւններ:

Համաշխարհային Բ. Պատերազմին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ՝ Եւրոպական ցամաքամասին վրայ եւ արժանանացած է զանազան մետալներու եւ «Պրոնզէ աստղ» արիութեան շքանշանի:

Պատերազմէն ետք նուիրուած է նկարչութեան, աշխատակցելով ամերիկեան մամուլին եւ հռչակ շահած է իբրեւ գծանկարիչ (Cartoons), ստեղծած է իւրայատուկ կերպարներ։ Միաժամանակ մղուած է գեղանկարչութեան, սակայն անոր տարիներու աշխատանքը՝ բազմաթիւ պաստառներ «ծածուկ» պահած է:

Յիսուն տարիներու ընթացքին անոր արտադրած արուեստի գործերը մահէն ետք գտնուած են իր բնակարանին մէջ եւ արժանացած արուեստաբաններու ուշադրութեան[1]։ Նկուղէն փրկուած նկարները այսօր կախուած են Նիւ Եորքի «SoHo» պատկերասրահի պատերէն[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]