Jump to content

Արթեմիսիոյի նաւամարտ

Արթեմիսիոյի նաւամարտ
Յոյն-պարսկական պատերազմներ
Արթեմիսիոյի նաւամարտ
Թուական Օգոստոս/Սեպտեմբեր Ք․Ա․480
Վայր Արթեմիսիօ (Էվիա)
Արդիւնք Յուներուն համար՝ կատարեալ անել կացութիւն,
պարսիկներու յաղթանակ,
յոյները կը նահանջեն դէպի Սալամինա
Հակառակորդներ
Յոյներ Պարսիկներ
Հրամանատարներ
Էվրիվիատիս (Սփարթի)
Թեմիսթոքլիս (Աթէնք)
Ադիմանտոս (Հին Կորնթոս)
Արթեմիսիա Ա․ (Ալիքարնասոսի թագուհին, պարսիկներուն լուծին տակ)
Ախեմենիս
Կողմերու ուժեր
271 ռազմանաւ 800 ռազմանաւ
Կորուստներ
≈100 ռազմանաւ ≈200 ռազմանաւ

Արթեմիսիոյի նաւամարտ (յուն․՝ Ναυμαχία του Αρτεμισίου)․ Թերմոփիլեսի ճակատամարտին հետ զուգահեռ տեղի ունեցած նաւամարտ, յոյներուն եւ պարսիկներուն միջեւ Ք․Ա․ 480-ին, պարսիկներու Յունաստան երկրորդ արշաւանքին ընթացքին։

Յունապարսկական պատերազմներուն մասին գլխաւոր աղբիւրն է Իրոտոթոս․ ծանօթ իբրեւ «Պատմութեան հայրը»։ Ան հեղինակն է «Իսթորիէ» (Ιστορίαι պատմութիւններ) գործին, Ք․Ա․ 440-430։ Թուքիտիտիս (Ք․Ա․460 - Ք․Ա․399) եւ Փլութարհոս (45-120) կասկածի տակ առած են Իրոտոթոսի գործը, սակայն յետագային Թուքիտիտիս խոստավանած է թէ «պատմութեան հայր»ին՝ Իրոտոթոսին, գործը հարկ չկայ վերագրել կամ սրբագրել, որովհետեւ իրական եղելութիւններու վրայ յենուած է։ Ժամանակակից պատմաբանները անոր գործը արժանահաւատ կը համարեն։

Տիոտորոս Սիչիլեացին Ք․Ա․ 1-ին դարուն գրած է «Պատմական Գրադարան» գործը։ Կը կարծուի թէ անոր աղբիւրները Իրոտոթոսի եւ Էֆորոս Քիմեցիին գործերը եղած են։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արշաւանքին դրդապատճառները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսիկները Քսերքսես Ա․ ղեկավարութեամբ կ՛արշաւեն Յունաստանի վրայ, որպէսզի պահպանեն իրենց համբաւը Մարաթոնի ճակատամարտին կրած պարտութենէն ետք (Ք․Ա․490)։ Աթէնքի քաղաքագէտ եւ սպարապետ Թեմիսթոքլիս յոյներուն կ՛առաջարկէ պարսիկները դիմադրել Թերմոփիլեսին եւ Արթեմիսիոյի նեղ անցքերէն։

Աթէնք եւ Էրեթրիա մասնակցած եւ նեցուկ կանգնած էին Փոքր Ասիոյ արեւմտեան ափերուն յունական քաղաքներուն ապստամբութեան Պարսկական Կայսրութեան բռնիշխանութեան դէմ (Յոնիական Ապստամբութիւն, Ք․Ա․500/499 - Ք․Ա․494)։ Յոնիական Ապստամբութիւնը կը վերջանայ պարսկական նաւատորմիղի յաղթանակով (Ք․Ա․ 493)։

Դարեհ Ա․ կ՛որոշէ պատժել յունական քաղաքները, ինչպէս նաեւ յարմար առիթ մըն էր Պարսկական Կայսրութիւնը դէպի արեւմուտք ընդարձակել։ Կը պահանջէ յունական քաղաք-պետութիւններուն անմիջական յանձնումը։ Յունական քաղաք-պետութիւնները, Աթէնքի եւ Սփարթիի գլխաւորութեամբ կը մերժեն։ Ք․Ա․ 490-ին Դարեհ Ա․-ին հսկայ բանակով, ցամաքէն եւ ծովէն, Յունաստան կ՛արշաւէ։ Կը յաջողի գրաւել Քիքլատես եւ Էրեթրիա։ Սակայն Մարաթոնի ճակատամարտին կը պարտուի աթենացիներու եւ փլաթէեսներու փոքրաթիւ բանակէն եւ կը ստիպուի Ասիա վերադառնալ։

Յոյներուն պատրաստութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․485-ական թուականներուն, աթենացիները կը սկսին պատրաստուիլ դիմադրելու համար պարսկական նոր ներխուժում մը։ Թեմիսթոքլիս, Ք․Ա․ 482-ին աթենացիներուն կը համոզէ ստեղծել ցռկանաւերու նաւատորմիղ մը, ինչպէս նաեւ անոր ջանքերով կը կազմուի Տիլոսեան Դաշինքը (յունական քաղաք-պետութիւններուն պարսիկներուն դէմ դաշնութիւն)։

Ք․Ա․481-ին Քսերքսես յունական քաղաք-պետութիւններուն՝ բացի Աթէնքէն եւ Սփարթիէն, դեսպաններ կը ղրկէ պահանջելով անոնց յանձնումը։ Յոյները երբ կ՛իմանան թէ Քսերքսես Տարտանելէն անցած է, Ք․Ա․480-ին նոր ժողով մը կը գումարեն, ուր կ՛որոշեն փակել Թերմոփիլեսի անցքը․ պարսիկները, որպէսզի հարաւային Յունաստան հասնին, պարտաւոր էին այդ անցքէն անցնիլ։ Ծրագիրին անյաջողութեան պարագային, Պելոպոնեսի քաղաք-պետութիւնները կը ծրագրեն պարսիկներուն դիմադրել Կորնթոսի Նեղուցը եւ աթենացիները կը մտադրեն անզէն բնակչութիւնը՝ կիներ եւ երեխաներ, հաւաքաբար Թրիզինա ղրկել։

Երբ յոյները կը տեղեկանան թէ պարսիկները Ողիմպոսի ծովեզրէն դէպի հարաւ կ՛ուղղուին (Ք․Ա․480 Յուլիսի վերջրեր, Օգոստոսի սկիզբ), իրենց միացեալ նաւատորմիղը դէպի Արթեմիսիօ կը նաւարկէ։ Այդ վայրը կ՛որոշեն, որովհետեւ վտանգաւոր կացութեան մը պարագային, դիւրին կրնային մեկնիլ։ Նաեւ, երեք նաւ Սքիաթօ կը ղրկեն, որպէսզի մնացեալներուն տեղեկացնեն պարսիկներուն ժամանման համար։ 10 օր ետք, պարսիկները Թերմոփիլես կը հասնին։ Յաջորդ օր երբ անոնց նաւերը Արթեմիսիօ կը հասնին, կարկուտի կը բռնուին եւ երկու օրուան մէջ կը կորսնցնեն իրենց նաւատորմիղին 1/3 (400 նաւ)։ Պարսկական հետեւակը Թերմոփիլես կը մնայ։

յունական եռացռկանաւ

Երբ կարկուտը կը դադրի, յունական նաւատորմիղը ի պատիւ Փոսիտոնասին գինեձօնք կը կատարէ եւ Արթեմիսիօ կը հասնի։ Պարսկական նաւատորմիղը Արթեմիսոյի դիմացը՝ Աֆեթէ Ἀφέται (այսօրուան Աֆիսոս) խարիսխ կը նետէ։ Յոյները կը հասկնան թէ առիթ է անոց ծովուժը արժեւորելու եւ կործանել պարսկական նաւատորմիղին մէկ մասը։

Մարտագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
յունական (կապոյտ գոյն) եւ պարսկական (կարմիր գոյն) տեղաշարժումները Թերմոբիլես եւ Արթեմիսիօ

Յոյներուն իւրացուցած ռազմավարութիւնը պարզ էր․ Թերմոփիլես հաւաքուած բանակը ծովէն պաշտպանել, առանց ցրուելու։ Պարսիկներուն ռազմավարութիւնն ալ պարզ էր․ զօրացնել Թերմոփիլես եւ կամ Արթեմիսիօ հաւաքուած իրենց ուժերը։ Ըստ Իրոդոթոսին, պարսիկները աւելի մատակ նաւաստիներ ունէին, որովհետեւ աթենեան նաւերը՝ որոնք յունական նաւատորմիղին մեծամասնութիւնը կը կազմէին, նոր ստեղծուած էին եւ անոնց անձնակազմը անփորձ էր։ Նաեւ յոյն զինիալներուն թիւը մեծ էր, որովհետեւ անոնց մարտավարութիւնը նաւամերձութիւնն էր (resalto)։ Իրապէս, Իրոդոթոս կը նշէ թէ յոյները նաւերը չէին խորտակեր, այլ կը գերավարէին։

Նաւամարտը երեք օր կը տեւէ։

Առաջին օրը, յոյները իրենց նաւերուն խոյերը դէպի դուրս ցցելով, կէս շրջանակ մը կը կազմեն (Իրոդոթոս՝ τοῖσι δὲ Ἕλλησι ὡς ἐσήμηνε, πρῶτα μὲν ἀντίπρῳροι τοῖσι βαρβάροισι γενόμενοι ἐς τὸ μέσον τὰς πρύμνας συνήγαγον, δεύτερα δὲ σημήναντος ἔργου εἴχοντο ἐν ὀλίγῳ περ ἀπολαμφθέντες καὶ κατὰ στόμα)։ Պարսիկները 30 նաւ կը կորսնցնեն։ Այդ իրիկուն զօրաւոր կարկուտ մը եւս կը տեղայ եւ բաւական պարսկական նաւեր կը քանդուին։

Երկրորդ օրը (երկրորդ օրը նաեւ Թերմոփիլեսի ճակատամարտին) պարսիկները կ՛որոշեն չյարձակիլ յոյներուն վրայ, որոնց նաւատորմիղին միացած էին Ատիկէէն հասած ուրիշ 53 նաւեր։ Յոյները նախայարձակ կ՛ըլլան Կիլիկիայէն եկած նաւերուն, սակայն որոնք կը յաջողին դէպի Արթեմիսիօ նաւարկել։

Երրորդ օրը պարսիկները յարձակելու պատրաստ կը զգան եւ իրենց նաւերը շրջանակ կը կազմեն (Իրոդոթոս՝ οἱ δὲ βάρβαροι μηνοειδὲς ποιήσαντες τῶν νεῶν ἐκυκλοῦντο, ὡς περιλάβοιεν αὐτούς)։ Երկու կողմերն ալ կը տուժեն եւ նաւամարտը հաւասար կը վերջանայ։

Արթեմիսիօ հրուանդանի ծովափ․ դիմացը Մաղնիսիա՝ որուն հարաւային ծովեզրին տեղի ունեցաւ Թերմոբիլեսի ճակատամարտը

Յոյները երբ կը լսեն պարսիկներուն յաղթանակը Թերմոփիլեսի ճակատամարտին, կ՛որոշեն նահանջել։

Յոյներուն նահանջով, պարսիկները շրջանը կը կործանեն։ Յոյներուն նաւատորմիղը Սալամինա կ՛ուղղուի, Ատիկէի բնակչութեան մեկնումին օգնելու համար։ Միաժամանակ Թեմիսթոքլիս նամակ կ՛ուղարկէ Յոնիացիներուն՝ չկռուին յոյներուն դէմ։

Յոնիացիներ, արդար չէ կռուիլ ձեր հայրերուն դէմ եւ ստրկացնել Յունաստանը։ Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ դուք մեր կողմը կռուիք։ Բայց եթէ ատիկա հնարաւոր չէ, գոնէ ճակատամարտի ժամանակ մնացէք մեր կողքին եւ համոզեցէք Քարիացիներուն ալ նոյնը ընել: Իսկ եթէ դուք չէք կրնար կատարել ատիկա, եթէ որոշէք մնալ մեզմէ աւելի մեծ ուժի կողքին, երբ մենք հարուածներ պիտի հասցնենք, վախկոտներու նման վարուեցէք եւ յիշեցէք, որ մենք արիւնակից ենք եւ որ բարբարոսներու հետ թշնամութեան պատճառը դուք էք:

ἄνδρες Ἴωνες, οὐ ποιέετε δίκαια ἐπὶ τοὺς πατέρας στρατευόμενοι καὶ τὴν Ἑλλάδα καταδουλούμενοι. ἀλλὰ μάλιστα μὲν πρὸς ἡμέων γίνεσθε· εἰ δὲ ὑμῖν ἐστι τοῦτο μὴ δυνατὸν ποιῆσαι, ὑμεῖς δὲ ἔτι καὶ νῦν ἐκ τοῦ μέσου ἡμῖν ἕζεσθε καὶ αὐτοὶ καὶ τῶν Καρῶν δέεσθε τὰ αὐτὰ ὑμῖν ποιέειν. εἰ δὲ μηδέτερον τούτων οἷόν τε γίνεσθαι, ἀλλ᾽ ὑπ᾽ ἀναγκαίης μέζονος κατέζευχθε ἢ ὥστε ἀπίστασθαι, ὑμεῖς δὲ ἐν τῷ ἔργῳ, ἐπεὰν συμμίσγωμεν, ἐθελοκακέετε μεμνημένοι ὅτι ἀπ᾽ ἡμέων γεγόνατε καὶ ὅτι ἀρχῆθεν ἡ ἔχθρη πρὸς τὸν βάρβαρον ἀπ᾽ ὑμέων ἡμῖν γέγονε․

Թերմոփիլէ եւ Արթեմիսօ

Թերմոփիլեսին ճակատամարտէն ետք, պարսիկները կը քանդեն Վիոթիան, Բլաթէես եւ Թեսբիես, եւ կը յառաջանան բնակչութենէ դատարկ Աթէնքը գրաւելու։ Սալամինային մէջ, Թեմիսթոքլիս հակառակ դէմ կարծիքներուն, կը համոզէ յոյներուն Սալամինա մնալ։ Այդպէս ալ կ՛ըլլայ եւ յոյները կը յաղթեն Սալամինայի ճակատագրական նաւամարտին։

Պարսիկ Քսերքսես արքան, վախնալով թէ յոյները կը քանդեն Էլիսպոնտոսին (Տարտանել) կամուրջը, կ՛որոշէ բանակին մեծ մասին հետ նահանջել։ Մարդոնիոս զօրավարը կը մնայ իր ընտրած զինուորներուն հետ․ ան յաջորդ տարին Աթէնքը կը վերագրաւէ։ Սակայն յոյները, Սփարթացիներուն ղեկավարութեամբ, կ՛որոշեն կռուիլ Մարդոնիոսին դէմ եւ դէպի Աթէնք կ՛առաջանան։ Մարդոնիոս, դէպի Բլադէես կը նահանջէ, յուսալով յաղթահարել յոյներուն։ Բլաթէեսի ճակատամարտին (Ք․Ա․479, Օգոստոս ամիս), յունական հետեւակը կը ջախջախէ պարսիկներուն, իսկ Միքալիսի նաւամարտին (Միքալի, Յոնիա, Փոքր Ասիա) յունական նաւատորմիղը կը յաղթէ պարսիկներուն։

Կարեւորութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բլութարխոս, իր «Թեմիսթոքլիս» (Βίοι Παράλληλοι հատոր) գործին մէջ, կը նշէ թէ՝

նաւամարտները որոնք տեղի ունեցան նեղուցներուն մէջ յոյներուն համար շահեկան էին, որովհետեւ յոյները մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին, վտանգներէն հասկցան թէ նաւերուն մեծաքանակ թիւը, ղեկավարներուն շքեղախումբերը, բարբարոսներուն խուժանը եւ աղմուկը չեն վախցներ տղամարդոց որոնք քաջարի են, կռուիլ գիտեն եւ որոնք հաւատալով իրենց ուժին կ՛արհահարհեն թշնամիներուն յարձակելով եւ պայքարելով անոնց դէմ։ αἱ δὲ γενόμεναι τότε πρὸς τὰς τῶν βαρβάρων ναῦς περὶ τὰ στενὰ μάχαι κρίσιν μὲν εἰς τὰ ὅλα μεγάλην οὐκ ἐποίησαν, τῇ δὲ πείρᾳ μέγιστα τοὺς Ἕλληνας ὤνησαν, ὑπὸ τῶν ἔργων παρὰ τοὺς κινδύνους διδαχθέντας, ὡς οὔτε πλήθη νεῶν οὔτε κόσμοι καὶ λαμπρότητες ἐπισήμων οὔτε κραυγαὶ κομπώδεις ἢ βάρβαροι παιᾶνες ἔχουσι τι δεινὸν ἀνδράσιν ἐπισταμένοις εἰς χεῖρας ἰέναι καὶ μάχεσθαι τολμῶσιν, ἀλλὰ δεῖ τῶν τοιούτων καταφρονοῦντας ἐπ' αὐτὰ τὰ σώματα φέρεσθαι καὶ πρὸς ἐκεῖνα διαγωνίζεσθαι συμπλακέντας․

Իսկ նոյն քերթուածին մէջ կը յիշատակէ Բինդարոսին տաղը Արթեմիսոյի մասին՝

Հոն ուր Աթէնքի հանճար երեխաները հաստատեցին ազատության հիմքը παῖδες Ἀθαναίων ἐβάλοντο φαεννὰν κρηπῖδ' ἐλευθερίας

Ըստ պատմաբան Թոմ Հոլանտին, ինպէս նաեւ Լազընպային եւ Իրոդոթոսին, Արթեմիսիոյի նաւամարտը յունական նաւերուն զինիալներուն համար առաջին փորձառութիւնն էր, իսկ փաստեց իր վճռական դերը Սալամինայի նաւամարտին․ յոյները սորված էին պարսիկներուն մարտավարութիւնը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8][9] [10] [11] [12]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]