Արեւ լուսին ժապաւէն
| Հեղինակ | Անի Կարմիրեան |
|---|---|
| Լեզու | հայերէն |
| Ոճ | Գրել-կարդալը հաճոյքով իւրացնելու ծրագիր |
Արեւ լուսին ժապաւէն․ Նախակրթարանի մատղաշ տարիքի՝ 6-7, երեխային կարողութիւնները զարգացնելու (իբրեւ կարդացող եւ գրող) ծրագիր։ Հեղինակն է՝ Անի Կարմիրեան։
Ծրագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծրագիրը ունի 28 բաժին եւ իւրաքանչիւր բաժին «ժապաւէն» կոչուած է։ Ծրագրին իւրայատկութիւններէն մէկն է թէ այբուբենի կարգով չի յառաջանար, այլ ժապաւէնէ ժապաւէն հիւսուած ծրագիր է։ Ուրեմն անհրաժեշտ է շարքը պահել։
Ամէն մէկ ժապաւէն կ՛երկարի 20-էն 25 էջի վրայ եւ կը կրէ իր ուրոյն անունը՝ «Բ ժապաւէն», «Զ ժապաւէն» եւ այլն, եւ խաղիկներէ բաղկացած է։
Ծրագրին փուլերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծրագիրը ծիլ տուած է 1992-ին, Մկնիկ աշխատանոցին մէջ, Փարիզ։ 1998-ին սկսած է զարգանալ Նիու Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանին մէջ։ Տարիներով զարգանալէ ետք, ծրագիրը խումբի մը ներդրումով մաղուած, հիւսուած է եւ առցանց հրապարակուած է։ 2020-էն սկսեալ մաս կը կազմէ նաեւ Գանատայի, Յունաստանի եւ Ֆրանսայի կարգ մը դպրոցներու առօրեային, եւ ինչպէս հեղինակը կ՛ըսէ՝ «չստիկներուն առօրեային»։
Ծրագրին նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժապաւէնները զանազան ձեւերով երեխային կարդացողի եւ գրողի յատկութիւնները կը յայտնաբերեն, կը մարզեն։ Կը փորձեն կարդալու տարբեր հմտութիւններ միասին զարգացնել։ Երեխան կը մղեն երեւակայութիւնը աշխատցնել եւ ան ունի ազատութիւնը ստեղծելու, քանի սխալ կամ ճիշդի հարց չկայ, ոչ ալ «կը դատուին» կամ «կը ծաղրուին»։
Անհրաժեշտ է ուրեմն ուղեկցողը (ուսուցիչը) նախապէս իւրացուցած ըլլայ այդ ծրագիրը աշխատանոցներու ընմէջէն։ Որովհետեւ ան դատող չէ, սորվեցնող չէ, այլ խումբին մաս կը կազմէ, խաղին մաս կը կազմէ եւ ուղեկցող է։
Ծրագրին նպատակներէն է լեզուին հարստութիւնը ցուցնել, կարդալը խաճոյք ըլլայ, խմբային խաղ մը, ուր երեխան անվերջ պաշար կը հաւաքէ։ Այդպիսով երեխան ինքնավստահութիւն կ՛ունենայ եւ կը ծաղկի։ Այսինքն, ան լեզուին հետ «խաղալու» իրաւունքը կ՛ունենայ։
Վերջաւորութեան, երեխան է որ ժապաւէնները իրարու կը կապէ եւ փունջ մը կը կազմէ։
Հեղինակին մեծարումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զնտուկ կայքէջին մէջ, հեղինակը հանդէս կու գայ հետեւեալ խօսքերով․-(բաժին մը)
Եկէ՛ք, ձեռք ձեռքի տանք
մանկապարտէզի
կախարդական աշխարհը
փոխադրե՛նք վեր՝ առաջին դասարան,—
մտածեցին երեքը մէկ՝
արեւ, լուսին, ժապաւէն։
Միայն թէ ճամբայ չելած
որոշեցին յարգել միշտ
չստիկները անխտի՛ր։
Արեւը բերաւ լոյս, ուժ,
կորով, ջերմութիւն եւ կեանք.
լուսինը՝ խաղաղութիւն,
ժամանակի կշռոյթ, յոյս.
ժապաւէնը՝ գիծ եւ գոյն,
ճկուն միտք, երգ, պար եւ խաղ։
Գիշեր ցերեկ, անդադար,
արեւ, լուսին, ժապաւէն
ապահովութիւն,
համարձակութիւն
եւ վստահութիւն
յանձնեցին չստիկներուն,
որպէսզի ցերեկ գիշեր,
չստիկները իրենց կարգին,
ժապաւէններով գոյնզգոյն
ճառագայթներ հիւսեն,
արեւի լոյսով
երկինքէն դէպի երկիր,
լուսինի լոյսով
երկիրէն դէպի երկինք,
ու …
երեւակայութիւնը
կեանք ստանայ։