Jump to content

Արեւելքի Տղաքը (վէպ)

Արեւելքի Տղաքը արձակագիր, բանաստեղծ, քննադատ Կարօ Փոլատեանի առաջին վէպը։[1]

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ անգղը կը յարձակի բոլոր երգեցիկ թռչուններուն վրայ եւ զանոնք կը խեղդէ: 3000 տարի է մենք բնակած ենք այդ բարձրավանդակին վրայ, բոլոր արշաւանքներու ճամբուն վրայ, եւ բոլոր անգղերէն յարձակումներու ենթարկուած: Մենք երգած ենք շարունակ, եւ անգղերը միշտ յարձակած մեր վրայ: Ահա՛ իմ ցեղիս պատմութիւնը: Համրանքով փոքր, բայց անպայման ազնիւ՝ արիւնով ու հոգիով, շարունակ ջարդուած ենք մեր շուրջի վայրենի ցեղերէն, որովհետեւ չենք ուզած ծախել մեր հոգին, չենք ուզած գլուխ ծռել բիրտ ուժին: Եւ ինչ որ զարմանալի է, չենք անհետացած, չենք սրբուած աշխարհի երեսէն, ամուր կառչած մեր իտէալներուն, մեր երգին (Կարօ Փօլատեան) - (էջ 84)

Մտածումներ կան օդին մէջ, որոնք իրենց շուրջ կը հաւաքեն իրարմէ շատ հեռու գտնուող էակներ, եւ անոնք հո՛ն, այդ ոլորտներուն մէջ զիրար կը գտնեն, կը մտերմանան, զիրար կը հասկնան: - (էջ 88)

Ո՜հ մարդկային էակը անսահման երեւակայութիւն ունի ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու, զայն դարձնելու իր ուզած կողմը, եւ ա՛յնքան ապուշ է որ ինքն ալ կը հաւատայ իր հնարածին: Չի տեսներ թէ իր նետած վերարկուն միշտ բաց տեղ մը կը ձգէ անկէ դուրս մնացած։ - (էջ 98)

Բոլորս ալ հայրենասէրներ ենք: Այնքա՜ն դժբախտ է, այնքա՜ն անիրաւուած է մեր հայրենիքը որ մենք չենք կրնար զայն լքել: Մեր գոյութեան իրաւունքն է ան, մեր կեանքին նպատակը: Ան մեր մայրն է, որ դեռ կ՚ապրի, մեր մորթուած քոյրերուն եւ եղբայրներուն յիշատակն է, մեր հերոսներուն ու նահատակներուն վրէժը: Մեր խռովքը. պէտք է առնենք մեր վրէժը, պէտք է վերահաստատենք գործուած ահռելի անարդարութիւնը որ հանգստանանք, մեր խռովքը անհեանայ, կանոնաւոր մարդեր դառնանք: Ահա թէ ինչո՛ւ զիս եւ իմ բոլոր եղբայրներս այդպէս կը տեսնէք դուք, վայրենի գազաններու կերպարանքով, զարհուրելի դէմքերով: Մենք հալածուած կենդանիներ ենք, վիրաւոր գազաններ… - (էջ 102-103)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Քորթմոսեան Վարանդ։ «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2025-01-31