Jump to content

Արեւելաբանութիւն (Էտուըրտ Սայիտ)

Արեւելաբանութիւն (անգլերէն՝ Orientalism) գիրք, Էտուըրդ Սայիտի (անգլերէն՝ Edward W. Said) հեղինակած։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է անգլերէնով 1978 թուականին: Անիկա կը համարուի մշակութաբանական եւ յետգաղութատիրական ուսումնասիրութիւններու ոլորտի ամենաազդեցիկ աշխատանքներէն մէկը: 2025 թուականին գիրքը թարգմանուած է հայերէնի (արեւմտահայերէն, աւանդական ուղղագրութեամբ) եւ հրատարակուած Երեւանի մէջ՝ «Նիու-Մակ» (անգլերէն՝ Newmag) ընկերութեան կողմէ՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» ծրագրի շրջանակներուն մէջ[1][2]:

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կը քննադատէ արեւելեան ընկերութիւններու (հասարակութիւններու) արեւմտեան աշխարհին պատկերացումն ու ներկայացումը, մասնաւորապէս Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի ընկերութիւնները։ Սայիտ կը պնդէ, որ «Արեւելագիտութիւնը» Արեւմուտքի ոճ մըն է՝ Արեւելքը նուաճելու, վերաձեւաւորելու եւ անոր վրայ գերիշխելու համար, զայն ներկայացնելով իբրեւ արտասովոր, հետամնաց, անքաղաքակիրթ, եւ երբեմն ալ վտանգաւոր։ Այս խօսոյթը (անգլերէն՝ Discourse), ըստ Սայիտի, կը ծառայէ գաղութատիրական (Colonial) եւ կայսերական (Imperial) նկրտումները արդարացնելու։[1]

Հայերէն թարգմանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքի հայերէն թարգմանութիւնը կատարած են Րաֆֆի Աճէմեան, Մինաս Լուռեան եւ Մարկ Նշանեան: Թարգմանութիւնը կատարուած է անգլերէն բնագիրէն: Հրատարակուած հատորը կազմուած է 764 էջէ եւ հրապարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար» ծրագրի շրջանակներուն մէջ, որ նպատակ ունի հայ ընթերցողներուն մատչելի դարձնել ընկերային գիտութիւններու եւ մարդկային ուսմանց ոլորտի կարեւորագոյն աշխատութիւնները:[1][2]

Առաջին անգամ լոյս տեսնելէ ի վեր, «Արեւելաբանութիւն»-ը դարձած է գրական տեսաբանութեանց, մշակութաբանական եւ յետգաղութատիրական ուսումնասիրութիւններու ազդեցիկ աղբիւր մը: Սայիտի այս աշխատանքը բեկումնային եղաւ՝ խթանելով քննական մօտեցումը դէպի արեւմտեան գիտական աւանդը եւ մշակութային պատկերացումները:

Եդուարդ Ու. Սայիդ «Արեւելաբանութիւն» 2025, «Նյու Մեգ», Երեւան-Հայաստան «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշար»:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «Արեւելաբանութիւն»։ newmag.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-04-05 
  2. 2,0 2,1 vcunha (2023-12-21)։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարը Հայաստանի մէջ»։ Armenian Communities (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2025-04-05