Արեւածաղիկին կուտերը
Արտաքին տեսք

Արեւածաղիկին կուտերը, առաջին հերթին կ'օգտագործուին արեւածաղիկի ձէթ ստանալու համար, որ կ'օգտագործուի տարբեր տեսակի սննդամթերքի պատրաստման:
Արեւածաղիկի կուտին բարիքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ արեւածաղիկի կուտը մեծ քանակութեամբ բնաթել եւ բնասպիտներ կը պարունակէ:
Անիկա կը հայթայթէ այլազան անթիօքիստաններ եւ քարոթէն, ինչպէս նաեւ` մակնեզիոմ, մանկանեզ, ֆոսֆոր եւ այլն:

- Օրական ափ մը արեւածաղիկի կուտ ուտելով` կը նուազի գէշ քոլեսթերոլին տոկոսը:
- Արեւածաղիկի կուտը կը պաշտպանէ սրտանօթային հիւանդութիւններն եւ կը նուազեցնէ երակներուն մէջ կուտակուած իւղի պահեստները, որոնք ժամանակի ընթացքին կրնան խցել երակները:
- Բժշկական ուսումնասիրութիւններ կը հաստատեն, որ արեւածաղիկի կուտը կը պաշտպանէ քաղցկեղէ:
- Անիկա կը պահպանէ վահանագեղձը եւ կ'ապահովէ անոր առողջ գործունէութիւնը:
- Արեւածաղիկի կուտը կը զօրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը:

- Կը հաւասարակշռէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ:
- Մարսողական դրութիւնը եւս կը բարելաւուի շնորհիւ արեւածաղիկի կուտին:
- Արեւածաղիկի կուտը կը թեթեւցնէ շնչարգելութիւնը ազմը եւ կը կանխարգիլէ գլխացաւը:
- Ափ մը արեւածաղիկի կուտը շնորհիւ կիրին եւ մակնեզիոմին` կ'ապահովէ ոսկորներուն առողջութիւնը:
- Էօ կենսանիւթով հարուստ այս կուտը թարմ եւ առողջ կը պահէ մորթը:
- Մակնեզիոմի պակասը անձկութիւն եւ տրամադրութեան անկում կը պատճառէ, իսկ մակնեզիոմով հարուստ այս կուտը ընկճախտի եւ անքնութեան լաւագոյն դեղն է[1]:
- Արեւածաղիկի կուտը կուշտ պահելու առաւելութիւնը ունի, հետեւաբար անիկա յանձնարարարելի է բոլոր անոնց, որոնք նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին[2]: