Արդ եւս

Արդ Եւս (in view), (արեւմտահայ մշակոյթի ծրագիր), «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած միակ նպաստի ծրագիրը[1]:
Ծրագիրին նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Արդ Եւս|in view» դրամաշնորհային ծրագիրին նպատակն է ստեղծագործ միտքերուն հնարաւորութիւն տալ արեւմտահայերէն լեզուով մշակելու մտածուած եւ իրականացուող ժամանակակից մշակութային նախաձեռնութիւններ։ Ծրագիրը կը խրախուսէ գաղափարներու, փորձառութիւններու եւ զգացմուներու ստեղծագործական արտայայտութիւնները լրատուամիջոցներու լայն շրջանակին մէջ, ներառեալ արուեստը, նոր երաժշտութիւնը, գրականութիւնը, քննադատական եւ կրաֆիկական վէպերը, տեսանիւթերը, ստեղծագործական հեռարձակումը եւ արեւմտահայերէնով մշակութային արտայայտման այլ ձեւեր: Այս դրամաշնորհային ծրագիրը նպատակ ունի օգտագործել մշակոյթի ուժը եւ ստեղծել նոր հայկական պատմութիւններ, որոնք արմատաւորուած են ստեղծագործականութեան, մարդկային արժանապատուութեան, համերաշխութեան եւ համընդհանուր արժէքներու վրայ։
«Արդ Եւս|in view» ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ անհատներուն եւ փոքր խումբերուն ստեղծել, արտադրել եւ տարածել արեւմտահայերէնով բազմազան մշակութային արտադրանք։ Մշակութային արտադրութիւնը լայն իմաստով կը հասկցուի որպէս գործնական վարժութիւններ, ներկայացումներ, արտայայտութիւններ, գիտելիքներ, հմտութիւններ, ինչպէս նաեւ գործիքներ եւ տարածքներ, որոնց մէջ լեզուն կեդրոնական տեղ կը զբաղեցնէ:
Ծրագիրը կը խթանէ ստեղծագործ միտքերը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու։ Հիմնարկութիւնը ամէն տարի կը հովանաւորէ մօտ տասը ծրագիր՝ իւրաքանչիւրին տրամադրելով դրամական նպաստ։
Ծրագիրին Առաջնահերթութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արժեւորել արեւմտահայերէնով ստեղծագործելը։
- Զօրացնել լեզուի ու մշակոյթի միջեւ հարազատ կապը, ապահովելու երկուքին զարգացումը։
- Շեշտել մշակոյթի յարակցական ուժն ու կարողութիւնը։
- Քաջալերել ժամանակի ընթացքին զարգացող եւ երկարաժամկէտ կիրարկութիւններ, որոնք պիտի երաշխաւորեն արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակութիւնը։
- Զարգացնել նորարար մշակութային կիրարկութիւններու ցանց մը՝ ապահովելու անոնց տեսանելիութիւնը հայկական աշխարհին մէջ։
- Ստեղծել բաց միջավայր, ուր բոլորը կրնան մշակոյթ ստեղծելու եւ պահպանելու գործընթացին մասնակցիլ եւ անոր պատասխանատուութիւնը կրել՝ քաջալերելով ստեղծագործութիւնը եւ ներարարութիւնը։
- Անդրադառնալ համամարդկային հիմնահարցերու եւ կապեր հաստատել այլ մշակոյթներու հետ՝ արեւմտահայերէնի միջոցով։
- Ապահովել տարբեր սեռերու մասնակցութեան հաւասարութիւնը։
- Ապահովել երիտասարդներու մասնակցութիւնը մեր հասարակաց մշակութային շրջարկին եւ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։
- Ապահովել հայկական տարբեր համայնքներու կենսունակութիւնը մշակոյթի միջոցով[2]։
Դիմելու չափանիշեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս նպաստի դիմումնագիրը բաց է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին արեւմտահայերէնով մշակութային նիւթեր արտադրել Սփիւռքէն եւ Հայաստանէն։ Դիմումները կրնան կատարուիլ անհատական կամ խմբային, ինչպէս նաեւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու կողմէ։ Տասնըութ տարեկանէն վեր բոլորը կրնան դիմել, բացի շահոյթ հետապնդող կազմակերպութիւններէ։ Պարտադիր չէ որ դիմողները ըլլան կայացած կամ փորձառու արուեստագէտներ։
Ծրագիրները կրնան ըլլալ բազմա/միջգիտակարգային, օրինակ՝
- Արուեստի տարբեր բնագաւառներ, ժառանգութիւն (որպէս ներշնչումի աղբիւր), եւ մարդաբանական գիտութիւններ։
- Գաղափարներ, փորձառութիւններ, եւ տարբեր զգացումներ արտայայտելու ստեղծագործական դրսեւորումներ, որոնք կրնան ներառել հետեւեալ ձեւաչափերը, բայց չեն սահմանափակուիր անոնցմով՝
- Տեսողական արուեստներ։
- Գրականութիւն, գրաքննադատութիւն, վերլուծական յօդուածներ, թարգմանութիւններ (գիրք, ձայնագիրք, թերթ, ամսագիր, կայքէջ, առցանց ներկայութիւն, շարանկար)։
- Բազմա/միջգիտակարգային բնագաւառներ, որոնք գոյացած են արդի հաղորդակցութեան ձեւերու շնորհիւ։
- Նոր երաժշտութիւն։
- Թատրոն, կատարողական արուեստներ։
- Տեսերիզներ, եւ այլ արտայայտչամիջոցներ՝ installations, animations, blogs, YouTube-ի կայաններ, podcasts, յաւելուածներ (applications), խաղեր եւ այլն։
- Ձայնասփիւռի յայտագիրներ եւ այլ հեռարձակումներ (առցանց ծրագիրներ ինչպէս օրինակ՝ Mixcloud, SoundCloud, iTunes…)։
Գնահատումի չափանիշեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդ եւս նպաստի դիմումները կը գնահատուին հետեւեալ չափանիշերու հիման վրայ՝
- Ստեղծագործ եւ նորարար տարրերու եւ մտքերու առկայութիւն։
- Նիւթերու առընչելիութիւն։
- Մշակութային բազմազանութիւն, ժամանակակից եւ աշխարհին հետ առնչուող նիւթերու անդրադարձ։
- Նորարարութիւն արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ։
- Աշխատանքի եւ պարունակութեան որակ։
- Յառաջադէմ մօտեցումներու որդեգրում։
- Մշակութային արտադրութիւն որ ձեւաւորուած ըլլայ տարբեր արտայայտչամիջոցներով եւ աւանդութիւններով, որոնք պարունակեն նոր գիտելիքներ եւ կիրարկութիւններ։
- Ժամանակակից արտայայտչամիջոցներու գործածութիւն։
- Լեզուի գործածութիւն որպէս արտայայտութեան հիմնական միջոց։
Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի ծրագիրներու, որոնք՝
- Դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառներուն մէջ։
- Դիմեն յստակ լսարանի կամ թիրախի մը, ներառեալ աննկատ մնացած շրջանակներ։
- Ներգրաւեն կիներն ու երիտասարդները։
- Շարունակեն ունենալ իրենց դրական ազդեցութիւնը ծրագիրի աւարտէն ետք։
- Անդրադառնան բնապահպանական եւ կենսոլորտի հարցերու՝ երբ եւ եթէ հնարաւոր է։
Յանձնարարելի է որ դիմողները օգտուին այժմու միջազգային յաջող մշակութային գործունէութիւններէն, եւ փորձեն այդ օրինակները համարկել մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ։
Գնահատումի ընթացակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծրագիրներու գնահատումը պիտի կատարուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ, մասնագէտներու խորհրդակցութեամբ։ Արդիւնքները կը հրապարակուին դիմումի վերջնաժամկէտէն վեց շաբաթ ետք։ Բոլոր դիմումները պէտք է ըլլան առցանց։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան այս ծրագիրին մասին, ինչպէս նաեւ այլ ծրագիրներու մասին կարդալու եւ տեղեկանալու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։