Jump to content

Արա (անձնանուն)

Արա
Տեսակ արական
Սեռ արական
Ծագում
Ծագման լեզու հայերէն
Գիր Հայերէնի Այբուբեն
Կապուած յօդուածներ «Արա» սկսող էջեր
Ara (given name) Ուիքիպահեստին մէջ

Արա, հայկական արական անձնանուն։ Հայ հին դիցաբանական անուններէն, որ մեզի աւանդած է պատմահայր Մովսէս Խորենացին։ Ծնունդ արած է գարնան, բուսականութեան, բերքի, յետագային նաեւ պատերազմի, ուժի աստուծոյ անունէն, որուն պաշտամունքը եղած է խեթերու, ուրարտացիներու, հայերու եւ փոքրասիական ժողովուրդներու մէջ[1]։ Արա անունը, ըստ Գրիգոր Ղափանցեանի, ծնունդ արած է աքքատա-շումերական լեզուներէն եւ կը նմանցնէ խեթական Ara բոյսերու աստուածութեան։ Թարգմանաբար կը նշանակէ անտառ, արտ։[2] Գիտնականին կարծիքով մեր հնագոյն տեղանուններուն մէջ՝ «արա» մասնիկը, Արա աստուծոյ անունն է (Արագածանի-Արայի գետ, Արահեզ, Արագէն գիւղանունները, Արաժին լեռնանունը եւ այլն)։ Գիտնականներէն ոմանք նոյնութիւն նկատած են մեր Արայի եւ յունական Արես աստուծոյ միջեւ (իբրեւ մեռնող եւ վերստին յարութիւն առնող աստուածներու)։ Գրիգոր Ղափանցեանն ալ նոյն կարծիքը յայտնած է, իսկ Ա. Մատիկեանը՝ անվարան կերպով, կը նոյնացնէ Արան եւ յունական Արեսը։ Այժմ Արա անձնանունը լայնօրէն տարածուած անուն է։

Յայտնի անուանակիցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիին քով: Նկարիչ՝ Վարդգէս Սուրէնեանց, 1899 թուական
  • Արա Գեղեցիկ, հայ դիցաբանական կերպար, մեռնող եւ յարութիւն առնող աստուածութիւն
  1. Է. Գ. Տուրկարեան, Անուանագիրք 1985 թ. Երեւան
  2. Գ. Ղափանցեան, «Արա Գեղեցիկի պաշտամունքը». ՀՍՍՌ ԳԱ Տեղեկագիր հասարակական գիտութիւններու, № 1 . pp. 89-97.