Jump to content

Արարատեան բարբառ

Արարատեան Բարբառ, նաեւ յայտնի որպէս Երեւանի Բարբառ‘ Արեւելահայերէն բարբառ մըն է, որ կը խօսուի Արարատեան Դաշտի մէջ եւ շրջակայքը։ Անիկա հիմք ծառայեց աշխարհաբար երկու կանոնարկուած ձեւերէն մէկուն՝ արդի արեւելահայերէնին։ Գրաբար բառերը, ինչպէս նաեւ հայկական բնիկ բառերը, որոնք վկայուած չեն գրաբարի մէջ, արարատեան բարբառի բառապաշարի զգալի մասը կը կազմեն[1]: Պատմութեան ընթացքին, բարբառը ազդուած է քանի մը լեզուներէ, յատկապէս ռուսերէնէն եւ պարսկերէնէն եւ փոխառեալ բառերը այսօր զգալի ներկայութիւն ունին անոր մէջ։ Այսօր անիկա հայկական ամէնէն տարածուած բարբառն է:

Հրաչեայ Աճառեանի Դասակարգում հայկական բարբառներուն (1909) աշխատութեան համաձայն՝ Արարատեան բարբառի տարածքը

Այսօր, Արարատեան բարբառը, որ խօսակցական Արեւելահայերէնի հիմքն է[2], կը խօսուի Արարատեան Դաշտի բոլոր բնիկ բնակիչներուն կողմէ։ Ասկէ զատ, Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութիւնի եւ Վրաստանի Սամցխէ-Ճաւախք շրջանին մէջ բոլոր բարբառները ազդուած են Արարատեան բարբառին կանոնարկուած ձեւէն՝ կրթական համակարգին միջոցաւ[3]: Վերջին հայ գաղթականներուն մեծ մասը, որոնք 1980-ականներու վերջերէն ի վեր գաղթած են օտար երկիրներ, կը խօսին Արարատեան բարբառը[4]:

Պատմականօրէն, անիկա ծանօթ էր որպէս՝ արարատեան բարբառ, քանի որ կը խօսուի Արարատեան դաշտին մէջ։ 19-րդ դարուն, ջանքեր թափուեցան արդի գրական հայերէն լեզու մը ստեղծելու։ 1841-ին, հայ գրող Խաչատուր Աբովեան աւարտեց իր «Վէրք Հայաստանի» վէպը, որ գրուած էր Արարատեան բարբառով։ Բարբառին կարեւորութիւնը բարձրացաւ 1918-ին, երբ Երեւան դարձաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մայրաքաղաքը։ Արեւելահայերէն լեզուն եւ արարատեան բարբառը մեծապէս ազդուած են ռուսերէն լեզուէն[3]:

Խաչատուր Աբովեան՝ արդի Արեւելահայ գրական լեզուի հիմնադիրը

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արարատեան բարբառը հայերէնի հնագոյն տարբերակներէն մէկն է։ Արեւելեան բարբառախումբի «-ում» ճիւղին պատկանող այս բարբառը զարգացման բաւական երկար ուղի անցած է։ Արարատեան բարբառի հետքերը ի յայտ եկած են դեռեւս 13-րդ դարու աղբիւրներուն մէջ։ Այսպէս, Վարդան Բարձրաբերդցին կը գրէ. «Ամէնու սիրտն հետ քեզ լաւ են, եւ քեզ աղօթք են առնում»։ Այս նախադասութեան մէջ Երեւանի բարբառէն կը նկատենք անկատար դերբայը, դերբայական խոնարհումը եւ նախադասութեան կառուցուածքը, ուր օժանդակ բայը կը դրուի դերբայէն առաջ։

Երեւանի բարբառի դրսեւորումներ տեսանելի են նաեւ 15-րդ դարու հեղինակներու գործերուն մէջ, բայց անիկա լաւագոյնս իր արտայայտութիւնը գտած է 17-րդ դարու վաճառական Զաքարիա Ագուլեցիի (1630–1691)[5],օրագրային գրառումներուն («Օրագրութիւն») մէջ։ Վերջինս գրած է ժողովուրդին հասկնալի, պարզ լեզուով, թէեւ իր խօսքին մէջ կը նկատուի նաեւ Ջուղայի եւ Ագուլիսի բարբառներուն ազդեցութիւնը։ 1675 թուականին Մարսէյի մէջ հրատարակուած «Արհեստ համարողութեան» եւ 1687-ին[6] Վենետիկի մէջ լոյս տեսած «Պարզաբանութիւն» աշխատութիւնները Արարատեան բարբառի առաջին գրաւոր աղբիւրներէն են։

Արարատեան բարբառը ունէր տարածքային մեծ ընդգրկում՝ Արեւելեան Հայաստանի կեդրոնական մասը, Նախիջեւանը, Աստապատը, Կաղզուանը, Ճակատքը (Սուրմալու), Խանլարը, Շահումեանը եւ այլն։ Արարատեան բարբառով խօսող բնակավայրեր կան նաեւ Վրաստանի Մառնէուլի շրջանին մէջ։ Սակայն Շահ-Աբասի մեծ գաղթը, ինչպէս նաեւ 1827 թուականի ռուս-պարսկական պատերազմները մեծ հետք ձգեցին բարբառի տարածքային ընդգրկման վրայ։

Ներկայիս Արարատեան բարբառը կ'ընդգրկէ Հայաստանի Հանրապետութեան բազմաթիւ բնակավայրեր՝ Աշտարակը, Էջմիածինը, Արմաւիրը, Նայիրին, Կոտայքը։ Արարատեան բարբառի խօսուածքներէն տարածքային ամէնամեծ ընդգրկուածութիւնը ունի Լոռին։ Բջնին, Արզականը, Ալափարսը Հրազդանի մէջ, Դդմաշէնը, Ծաղկունքը Սեւանի մէջ նոյնպէս կը մտնեն Արարատեան բարբառի սահմաններուն մէջ։

Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի՝ այս բարբառին մէջ կը մտնեն նաեւ Պայազիտի եւ Թաւրիզի ենթաբարբառները։

Արարատեան բարբառը առաջին անգամ գրութեան մէջ կը յայտնուի 13-րդ դարուն՝ Վարդան Բարձրաբերդցիի գրութիւններուն մէջ։ 17-րդ դարու հայ վաճառականը՝ Նախիջեւանէն, Զաքարիա Ագուլեցի (1630–1691)[5], որ օրագրութիւն կը պահէր, նաեւ արարատեան բարբառով գրեց, թէեւ իր տեղական բարբառին որոշ ազդեցութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://arar.sci.am/dlibra/publication/41982/edition/37595/content
  2. Dana Leo Paul, խմբգր․ (2011)։ World encyclopedia of entrepreneurship։ Elgar original reference։ Cheltenham, U.K Northampton, Mass, USA: Edward Elgar։ ISBN 978-1-84980-845-3
  3. 1 2 Mattheier Klaus J., Dittmar Norbert, Ammon Ulrich (2006)։ Sociolinguistics: an international handbook of the science of language and society։ Handbooks of linguistics and communication science (2nd completely rev. and extended ed հրտրկթն․)։ Berlin New York: Wlater de Gruyter։ ISBN 978-3-11-018418-1
  4. Samkian, Artineh (2007). Constructing Identities, Perceiving Lives: Armenian High School Students' Perceptions of Identity and Education. Los Angeles: University of California. p. 126.
  5. 1 2 Bardakjian Kevork B. (2000)։ A reference guide to modern Armenian literature, 1500-1920: with an introductory history։ Detroit: Wayne State University Press։ ISBN 978-0-8143-2747-0
  6. https://archive.today/20130302194157/http://hayeren.hayastan.com/st.php?st=st27arm.html