Արաբական ապստամբութեան դրօշ
| Արաբական ապստամբութեան դրօշ | |
|---|---|
|
| |
| Տեսակ | դրօշ |
| Ընդունուած է | 1916 |
| Նախագծող | Mark Sykes? |
Արաբական ապստամբութեան դրօշ (արաբ․՝ علم الثورة العربية, թրքերէն՝ Arap İsyanı bayrağı), դրօշ, որ օգտագործուած է արաբ ազգայնականներու կողմէ՝ Օսմանեան կայսրութեան դէմ ապստամբութեան ժամանակ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Դրօշը նախագծուած է բրիտանացի դիւանագէտ Մարկ Սայքսի կողմէ, որ կը փորձէր ցոյց տալ, որ ապստամբութիւնը կազմակերպուած էր բացառապէս արաբներու կողմէ[1]։ Չնայած անոր, որ արաբական ապստամբութիւնը տեղի ունեցած է փոքր տարածքի վրայ եւ կազմակերպուած է անգլիացիներու հետ համատեղ, դրօշը յետագային դարձած է արաբական միւս պետութիւններու ազգային դրօշներու նախահիմք, որոնք անկախացած էին Առաջին համաշխարհային պատերազմէն յետոյ։ Դրօշը դրուած է հետեւեալ պետութիւններու դրօշներու ստեղծման հիմքը՝ Յորդանան, Իրաք, Քուէյթ, Սուտան, Սուրիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եմէն, Պաղեստին, Սոմալ, Արեւմտեան Սահարա եւ Լիպիա։
Հորիզոնական երեք գոյները կը խորհրդանշեն Ապպասեան, Օմայեան եւ Ֆաթիմեան խալիֆայութիւնները։ Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշ է Հաշիմեաններու դինաստիան։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ Հաշիմեանները եղած են Մեծ Բրիտանիոյ դաշնակիցները։ Պատէրազմի աւարտէն ետք՝ Հիժազի մէջ (Արաբական թերակղզի, Յորդանան), Յորդանանի մէջ, ժամանակաւորապէս նաեւ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իշխանութեան եկան Հաշիմեանները։
Մեծ Սուրիան անկում ապրած է 1920 թուականին՝ գոյութիւն ունենալով ընդամէնը քանի մը ամիս։ 1925 թուականին Հիջազի մէջ Հաշիմեաններու իշխանութիւնը տապալուած է Սաուտեաններու կողմէ։ Իրաքում ի մէջ այն տապալուած է 1958 թուականին՝ պետական յեղաշրջման արդիւնքով, իսկ Յորդանանի մէջ՝ մինչ օրս պահպանուած է։
Ներկայիս Աքապայի մէջ կայ դրօշաձող, որուն վրայ կը ծածանուի արաբական ապստամբութեան դրօշը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ William Easterly, The White Man’s Burden, (2006) p. 295