Jump to content

Ատեան Ողբերգութիւն (Վէպ)

Ատեան Ողբերգութիւն (Վէպ)

«Ատեան ողբերգութիւն» հայ ժամանակակից գրող Վահրամ Սահակեանի վէպը։ Այն գրուած է 2019 թուականի Յունուար, Փետրուար ամիսներուն եւ հրապարակուած է 2019 թուականի Մարտին։ Շնորհանդէսը տեղի ունեցած է նոյն թուականի 18 Մարտին[1]։ Գիրքը նուիրուած է հայ արուեստի եւ մշակոյթի յիշատակին։ Գիրքին վրայ նշուած է, որ այն 28+ է[2]։ Վէպի գլխաւոր հերոսը ինքըն է, որ կը հանդիպի տարբեր շերտի մարդոց հետ եւ կը զրուցէ անոնց հետ։

Վեպի մօտաւոր ատեանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հպարտ վարկառածներէն մինչեւ ճահճակուղբի յայտնութիւն
  • Փող եւ քաղաքացիական դիրքորոշում պահանջող ճահճակուղբը, անոր մօրմօքները եւ անոր ատեանը
  • Փոքրասիական ծառագորտի սողոսկումը եւ ազգի պառակտման հոգեվերլուծութիւնը
  • Եղիշէի, Ղազար Փարպեցիի, գրանտակեր Վասակ Սիւնիի եւ կուսանոցներու թշնամի Պապ թագաւորի խլրտումները
  • Տաքսիստ Տաքսան, Արա Լուսոն եւ նմանները
  • Բալաբեկը, ուրու փողերը լափած էին իշխանութիւնները, անոր քաշած գաջը, ձեւական ժպտացող արտասհմանցիները եւ Բալաբեկի ատեանը
  • Ներգաղթեալ հնդիկները եւ աշխատասիրութենէն մահացած հայերը
  • Վասպուրը որպէս երկճղկաւոր, միաշերտ բայց հպարտ կենդանի
  • Ինչ կ՚ընէր Վասպուրի նախապապը Էվկալիպտի ծառին, ինչու այդ կ՛ընէր եւ ինչու լաւ կ՛ընէր
  • Երեք ռեւանշիստ հրացանակիրները եւ անոնց դատող Դ'Արտանեանը
  • Պատերազմի ակնթարթ
  • Արգիշտիի եւ անոնց հարբած զինակիցներու անհամ հանաքները
  • Թրթուրը, ճպուռը, Փշագլուխը եւ Սպունգը որպէս նորարար-յեղափոխական
  • Զոհրապի յոյսերը, Թալէաթի համբերութիւնը եւ Մանտելայի սիրած անուադողը
  • Իսկական երիտասարդի յայտնութիւն
  • Չապրած մարդու ճակատագիրը
  • Գեղաճկունը եւ անոր բնոյթը
  • Հայ Կովը, անոր մօրմօքները եւ անոր պատմած անպարկեշտ պատմութիւնը Ջապրայիլի մասին
  • Մեր մեծերը եւ mer poxer@ lapel en գրողներու պէս դէպի այդ մեծերը
  • Ինչեր կը խօսէր Կոմիտասը, եթէ դուք չխօսէիք
  • Աւանդաշեղուածները կլպած Կրիան, Լոռեցի Սաքոյի վնասարար տատը եւ Մարոն ու անոր մրոտուած անունով հայրը
  • Անդաստիրակողները
  • Մարդասպանները եւ տիկին Բակտէրիան
  • Գլխոտանի Խխոնջ որպէս երիտասարդ իրաւապաշտպան, անոր մօր բարի համբաւը եւ անոր անփառունակ վերջաբանը Լամբադա կամուրջի մօտ
  • Ազգասէր Հմայակ Աթագուլեանի ֆեյսպուքի պատի տակի ay senc tarerov մեկնաբանութիւն գրող տիկին Փշաքաղը, իմ հինգերորդ մոլեգնութիւնը եւ այս ամէնը՝ գրուած նախամաշտոցեան հայոց գիրերով
  • Ղասաբաքիւքջօղեանը, անոր բոզ (գորշ) նապաստակը եւ անոր հազար բոզ (գորշ) ձիաւորները
  • Հայու տեսակը, փողի քսակը եւ Հարուցիչը
  • Այն սխալի մասին, որ ժողովուրդը չի սխալուիր
  • Հիասթափուողներեւ եւ հիասթափեցնողները որպէս պատմութիւն կերտողներ
  • Գիրքը որպէս վտանգ, կրօնի տարածները, Անասը, լորիսը Տեր Խառնակի չկայացած նզովքը
  • Տատասէր, տառապաշտ, աղօթասէր գրողներ Օրիորդ Ռազմիկի, նետահար անող Աշոտ Հայկազի, ազգութեամբ եւ էութեամբ գոթ Հրուշ Քնարի եւ միւսներու գրական շնորհանդէսը
  • Միջակ, միջատ սարէն իջաք
  • Կիրթ մարդոցց մասին takanqner u vijvacqner գրող տականքներն ու վիժուածքները
  • Մարդ, որուն խաբած էին ծնուելէն մինչեւ մահ
  • Ընտրակաշառառուածներու խրախճանքը
  • Ինքնավստահութիւնը որպէս մահուան պատճառ, քծնանքը որպէս արժեհամակարգ եւ սուտը որպէս կենսահիւթ
  • Ձրի երկիր ուզողներէն մինչեւ վերջ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Վահրամ Սահակյանի «Ատյան Ողբերգության» գրքի շնորհանդես»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ մայիսի 3-ին։ արտագրուած է՝ 2019 թ․ մայիսի 3 
  2. Վահրամ Սահակյանի նոր գիրքը հավակնում է բեսթսելլեր դառնալ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]