Աստուածաբանութիւն

Աստուածաբանութիւնը կրօնական հաւատքի ուսումնասիրութիւնն է, կեդրոնանալով Աստուածայինի բնոյթին եւ կրօնքին պատմութեան վրայ։ Ան կը դասաւանդուի որպէս ակադեմական առարկայ, սովորաբար համալսարաններու, դպրեվանքերու եւ վարժարաններու մէջ։[1] Ան կը զբաղի գերբնականը վերլուծելու յատուկ բովանդակութեամբ, բայց նաեւ կը յարաբերի կրօնական իմացաբանութեան, կը հարցնէ եւ կը փնտռէ պատասխաններ յայտնութեան հարցին։ Յայտնութիւնը կը վերաբերի Աստուծոյ, աստուածներու կամ դիւցազներու ընդունումին, ոչ միայն որպէս գերագոյն կամ բնական աշխարհէն վեր, այլ նաեւ որպէս ցանկացող եւ կարող՝ փոխազդելու բնական աշխարհին հետ եւ իրենք զիրենք յայտնելու մարդկութեան։
Աստուածաբանները կը գործածեն վերլուծութեան եւ փաստարկութեան տարբեր ձեւեր (փորձառական, փիլիսոփայական, ազգագրական, պատմական եւ այլ)՝հասկնալու, բացատրելու, փորձարկելու, քննադատելու, պաշտպանելու կամ խրախուսելու կրօնական անթիւ-անհամար նիւթեր։ Ինչպէս բարոյագիտական փիլիսոփայութեան եւ նախադէպային իրաւունքին մէջ, փաստարկները յաճախ կ՚ենթադրեն նախապէս լուծուած հարցերու գոյութիւնը, եւ կը զարգանան անոնցմէ նմանութիւններ հանելով՝ նոր եզրակացութիւններ քաշելու համար նոր իրավիճակներու մէջ։
Աստուածաբանութեան ուսումնասիրութիւնը կրնայ օգնել աստուածաբանին՝ աւելի խորութեամբ հասկնալու իրենց սեփական կրօնական աւանդութիւնը,[2] ուրիշ կրօնական աւանդութիւններ,[3] կամ կրնայ զիրենք կարող դարձնել ուսումնասիրելու աստուածայինի բնոյթը առանց յղում ընելու որեւէ յատուկ աւանդութեան։ Աստուածաբանութիւնը կրնայ գործածուիլ տարածելու,[4] բարեփոխելու,[5] կամ արդարացնելու համար կրօնական աւանդութիւն մը. կամ կրնայ գործածուիլ համեմատելու,[6] մարտահրաւէր ներկայացնելու (օր.՝ աստուածաշնչային քննադատութիւն), կամ հակադրելու (օր.՝ անկրօնականութիւն) կրօնական աւանդութիւն մը կամ աշխարհայեացք մը։ Աստուածաբանութիւնը կրնայ նաեւ օգնել աստուածաբանին՝ անդրադառնալու ներկայ իրավիճակի մը կամ պէտքի մը կրօնական աւանդութեան մը միջոցով,[7] կամ ուսումնասիրելու աշխարհը մեկնաբանելու հնարաւոր ճամբաները։[8]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «theology»։ Wordnetweb.princeton.edu։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 4 August 2012-ին։ արտագրուած է՝ 2012-11-11
- ↑ See, e.g., Migliore, Daniel L. 2004. Faith Seeking Understanding: An Introduction to Christian Theology (2nd ed.) Grand Rapids: Eerdmans.
- ↑ See, e.g., Kogan, Michael S. 1995. "Toward a Jewish Theology of Christianity." Journal_of_Ecumenical_Studies 32(1):89–106. Archived from the online on 15 June 2006.
- ↑ See, e.g., Dormor, Duncan, et al., eds. 2003. Anglicanism, the Answer to Modernity. London: Continuum.
- ↑ See, e.g., Spong, John Shelby. 2001. Why Christianity Must Change or Die. New York: Harper Collins.
- ↑ See, e.g., Burrell, David. 1994. Freedom and Creation in Three Traditions. Notre Dame: University_of_Notre_Dame_Press.
- ↑ See, e.g., Gorringe, Timothy. 2004. Crime, (Changing Society and the Churches Series). London: Society_for_Promoting_Christian_Knowledge.
- ↑ See e.g., Anne Hunt Overzee's gloss upon the view of Ricœur (1913–2005) as to the role and work of 'theologian': "Paul Ricœur speaks of the theologian as a hermeneut, whose task is to interpret the multivalent, rich metaphors arising from the symbolic bases of tradition so that the symbols may 'speak' once again to our existential situation." Overzee, Anne Hunt. 1992. The Body Divine: The Symbol of the Body in the Works of Teilhard de Chardin and Ramanuja Archived 26 March 2023 at the Wayback Machine., (Cambridge Studies in Religious Traditions 2). Cambridge: Cambridge University Press. 978-0521385169. Retrieved 5 April 2010. p. 4.