Աստուած
Միաստուածական կրօնական հաւատքի համակարգերուն մէջ,[1] Աստուած սովորաբար կը նկատուի որպէս գերագոյն էակ, ստեղծիչ եւ հաւատքին գլխաւոր առարկայ։[2] Բազմաստուածական հաւատքին մէջ, աստուածը «հոգի մը կամ էակ մըն է որ կը հաւատուի թէ ստեղծած է, կամ տիեզերքին կամ կեանքին մէկ մասը վերահսկողութեան տակ կը պահէ, որուն համար այս աստուածութիւնը յաճախ կը պաշտուի»։[3] Մէկ աստուածութեան գոյութեան հաւատքը միաստուածութիւն կը կոչուի։[4]
Աստուծոյ մասին հասկացողութիւնները զգալիօրէն կը տարբերին։ Շատ ականաւոր աստուածաբաններ եւ փիլիսոփաներ փաստարկներ մշակած են Աստուծոյ գոյութեան օգտին եւ դէմ։[5] Աթէիզմը կը մերժէ որեւէ աստուածութեան հաւատքը։ Ակնոսթիսիզմը այն հաւատքն է որ Աստուծոյ գոյութիւնը անյայտ կամ անճանաչելի է։ Կարգ մը հաւատացեալներ Աստուծոյ գիտութիւնը հաւատքէն ստացուած կը համարեն։ Աստուած յաճախ կը հասկցուի որպէս գոյութեան մէջ մեծագոյն էակը։[6] Աստուած յաճախ կը հաւատուի որ բոլոր բաներու պատճառն է եւ այսպէս կը նկատուի տիեզերքին ստեղծիչը, պահպանողը եւ տիրակալը։ Աստուած յաճախ կը մտածուի որպէս անմարմին եւ նիւթական ստեղծագործութենէն անկախ,[7][8][9] որ սկզբնապէս փանթէիզմ կոչուեցաւ,[10][11][12] թէեւ եկեղեցական աստուածաբանները փանթէիզմը նկարագրեցին որպէս այն հաւատքը որ Աստուած ինքը նիւթական տիեզերքն է։[13][14] Աստուած երբեմն կը համարուի որպէս ամենաբարերար, մինչ տէիզմը կը պնդէ որ Աստուած ստեղծագործութենէն զատ մարդկութեան հետ չի զբաղիր։
Կարգ մը աւանդութիւններ հոգեւոր նշանակութիւն կու տան Աստուծոյ հետ հարաբերութեան ձեւ մը պահպանելուն, յաճախ ներառելով գործողութիւններ ինչպէս պաշտամունք եւ աղօթք, եւ Աստուածը կը նկատեն բոլոր բարոյական պարտականութիւններու աղբիւրը։[15] Աստուած երբեմն կը նկարագրուի առանց սեռի վերաբերութեան, մինչ ուրիշները կը գործածեն սեռաւորական դերմինաբանութիւն։ Աստուած տարբեր անուններով կը յիշուի՝ կախուած լեզուէն եւ մշակութային աւանդութենէն, երբեմն Աստուծոյ տարբեր տիտղոսներով՝ Աստուծոյ տարատեսակ յատկանիշներու վերաբերութեամբ։
Ցուցասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑
- ↑ Swinburne R. G. (1995)։ «God»։ in Honderich Ted։ The Oxford Companion to Philosophy։ Oxford University Press
- ↑
- «god»։ Cambridge Dictionary
- «God»։ God Definition & Meaning - Merriam-Webster։ Merriam-Webster English Dictionary։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 February 2023-ին
- ↑
- «Theism»։ Dictionary.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 December 2023-ին։ արտագրուած է՝ 2023-11-13
- «Theism»։ Definition of THEISM։ Merriam-Webster English Dictionary։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 May 2011-ին։ արտագրուած է՝ 2023-11-13
- ↑ Plantinga,_Alvin. "God, Arguments for the Existence of", Routledge Encyclopedia of Philosophy, Routledge, 2000.
- ↑ Swinburne R. G. (1995)։ «God»։ in Honderich Ted։ The Oxford Companion to Philosophy։ Oxford University Press
- ↑ Swinburne R. G. (1995)։ «God»։ in Honderich Ted։ The Oxford Companion to Philosophy։ Oxford University Press
- ↑ Bordwell David (2002)։ Catechism of the Catholic Church։ Continuum։ էջ 84։ ISBN 978-0-860-12324-8
- ↑ «Catechism of the Catholic Church»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 March 2013-ին։ արտագրուած է՝ 30 December 2016 – via IntraText
- ↑ Ann Thomson; Bodies of Thought: Science, Religion, and the Soul in the Early Enlightenment, 2008, page 54.
- ↑ Raphson Joseph (1697)։ De spatio reali (լատիներեն)։ Londini։ էջ 2
- ↑ Suttle Gary։ «Joseph Raphson: 1648–1715»։ Pantheist Association for Nature։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 7 April 2023-ին։ արտագրուած է՝ 7 September 2012
- ↑ Worman, J. H., "Pantheism", in Cyclopædia of Biblical, Theological, and Ecclesiastical Literature, Volume 1, John McClintock, James Strong (Eds), Harper & Brothers, 1896, pp. 616–624.
- ↑ Worman cites Wegscheider, Institutiones theologicae dogmaticae, p. 250.
- ↑ Swinburne R. G. (1995)։ «God»։ in Honderich Ted։ The Oxford Companion to Philosophy։ Oxford University Press