Աստղիկի, Վահագնի ջրվէժ

Աստղիկի ջրվէժը, որուն կը վերագրուի նաեւ Վահագնի ջրվէժ անունը, կը գտնուի Խոսրովի արգելոցին մէջ, Հայաստանի հարաւ-արեւելքը, Արարատի մարզին մէջ։
Աստղիկի ջրվէժը թաքնուած է տաք եւ լեռնային կլիմայ ունեցող անտառապատ շրջանի մէջ։ Անիկա կազմուած է սառնորակ աղբիւրներէ, որոնք վար կ'իյնան ժայռերէն՝ շուրջ 10-12 մեթր բարձրութեամբ։
Ջուրը կ'անցնի հին ժայռաշերտերէ եւ թաց քարերէ, որոնց վրայ մշտական փոշիացած ջուր կը հանգչի՝ ստեղծելով մութ եւ զով միջավայր մը։
Ջրվէժին շուրջ տարածուած են վայրի թուփեր, հազուագիւտ բոյսեր եւ Խոսրովի բնաշխարհին յատուկ անասուններ։
Դիցաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ըստ հայոց հին դիցաբանութեան՝ Աստղիկը սիրոյ, գեղեցկութեան եւ ջուրերու աստուածուհին էր։ Աւանդութիւնը կը պատմէ, թէ Աստղիկը այս վայրին մէջ մինակ կը լուացուէր՝ ծածուկ վայրի մը մէջ, ուր գետնին տակէն ելլող ջուրը սուրբ էր։
Ըստ աւանդութեան, Վահագն՝ ամպրոպի եւ քաջութեան աստուածը, իր սէրը ունեցած է Աստղիկի հանդէպ եւ կ'այցելէր այս վայրը, ուր սիրահարները կը հանդիպէին։
Այս պատճառով, ջրվէժը սիրոյ եւ միութեան խորհրդանիշ է տեղացիներուն եւ այցելուներուն համար[1]։
Այս վայրին պահպանութիւնը կը հսկէ «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցին վարչութիւնը։