Jump to content

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը
Հեղինակ Տուկլաս Ատամս
Լեզու անգլերէն (բնագիր)
Ոճ գիտական-երեւակայածին կատակերգութիւն
Հրատարակող Pan Books, Միացեալ Թագաւորութիւն
Հրատարակչական թուական

12 Հոկտմեբեր 1979 (Միացեալ Թագաւորութիւն),

Հոկտեմբեր 1980 (Ա․Մ․Ն․)
Հրատարակուած Հայերէնով
2022, Ապրիլ Զարդիս Մատենաշար

Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը․ գիտական-երեւակայածին կատակերկութիւն։ Հեղինակն է Տուկլաս Ատամս (11 Մարտ 1952, Անգլիա - 11 Մայիս 2001, Սանթա Պարպարա, Քալիֆորնիա)։ Վէպը «The Hitchhiker's Guide to the Galaxy» առաջին անգամ հրատարակուած է «Pan Books »հրատարակչատան կողմէն, Լոնտոն, 12 Հոկտեմբեր 1979-ին եւ առաջին երեք ամսուան ընթացքին ծախուած են 250․000 կտորներ։ Հայերէնի թարգմանուած է Րաֆֆի Աճէմեանին կողմէն, Զարդիս մատենաշար (օժանդակուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ)։

Վէպին բնագիրը ստեղծուած է 1978-ին իբրեւ BBC-ի ռատիօ-կատակերգութիւն։ Ապա յաջորդաբար՝ վերածուած է հինգ հատորներով գիրքի, հեռատեսիլի ժապաւէնաշարի (1981), համակարգիչի խաղի (1984) եւ ֆիլմի (2005)։

Երկիր մոլորակին վրայ, մարդ արարածը միշտ ենթադրած էր թէ ինք աւելի խելացի էր քան դելփինները։

Արթիւր Տէնթի համար սովորական Հինգշաբթի առաւօտ մըն է, մինչեւ այն ատեն՝ երբ տունը կը սկսի քանդուիլ։ Շատ չանցած՝ Երկրագունդն ալ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին, գերանջրպետային ճեպընթաց նոր երթուղիի մը տեղ բանալու համար, իսկ Արթիւրի լաւագոյն բարեկամը կը յայտարարէ որ ինք արտմոլորակային մըն է։ Սա պահուս անոնք սանձարձակ կը սուրան անջրպետին մէկ կողմէն միւսը, հետերնին առած միայն անձեռոց մը ու գիրք մը, որուն վրայ ծաւալուն ու համակրելի գիրերով դրոշմուած է՝ ԱՌԱՆՑ ԽՈՒՃԱՊԻ։

Գիրքը Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցն է եւ շաբաթավերջը դեռ նոր կը սկսի։

Ստեղծարար գրագիտութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքը կրնայ գործածուիլ դպրոցներուն մէջ իբրեւ օժանդակ դասագիրք։ Անկէ լաւագոյնս օգտուելու համար պատրաստուած են յատուկ ստեղծարար գրագիտութեան նիւթեր եւ ուսուցիչի ուղեցոյց մը, որոնց կարելի է հասնիլ օգտագործելով զնտուկ դաստիարակչական կայքէջին ընծայած հնարաւորութիւնները (Սանդուխ, Զարդիս, Վերջին հսկաները, «վարժութիւններ» յղումին հետեւելով)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]