Jump to content

Ասկերանի Դէպքեր

Ասկերան

Ասկերանի դէպքեր. վիճաբանութիւններ եւ Բախումներ Ասկերանի հայ բնակչութեան եւ ազերի ագգայնամոլներու միջեւ։ Տեղի ունեցած են 1988Փետրուարի 21-ին։ Հայաստանի հետ վերամիաւորուելու մասին ԼՂԻՄ ժողովական պատգամաւորներու մարզխորհուրդի 1988Փետրուարի 20-ի որոշումէն յետոյ ազերի ծայրահեղականները կը որոշեն մտնել Ստեփանակերտ եւ այնտեղ կարգ ու կանոն հաստատել»։ Ամբոխը՝ 8 հազարէն աւելի, Աղդամի կողմէն շարժուած է դէպի Ասկերանի շրջան, ներխուժած նաֆթամթերքի ձեռնարկութիւն. կազի գրասենեակ, կոմունալ ծառայութեան կոմբինատ, ջարդած սարքաւորումները, տրանաղուտի միջոցները. գիտարուեստական գույքը, հրդեհած ալիւրաղացը եւ ՆԳ պետաւտոտեսչութեան կէտը։

Ասկերանի հայ բնակչութեան եւ ամբոխի միջեւ տեղի ունեցած են ընդհարումներ, որոնք կանխուած են խորհրդային բանակի միջամտութեամբ։ Վնասուածքներ ստացած են 23 հայ բնակիչներ, որոնցմէ 15-ը հրապիտալացուած են։ Դէպքերու կապակցութեամբ ԽՍՀՄ դատախազութիւնը քրեական գործ հարուցած է։ Ազրպէյճանի ՆԳ աշխատակիցները փակած են Ասկերան տանող բոլոր ճանապարհները։ Միեւնոյն ժամանակ Ստեփանակերտի մէջ, մարզի շրջաններուն եւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են զանգուածային հանոսհաւաքներ, բողոքի ցոյցեր։

Այս յօդուածի կամ անոր որոշակի հատուածի սկզբնական կամ ներկայիս տարբերակը առնուած է Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988—1994) հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։