Jump to content

Ասթրէա

Ասթրէա
հին յուն․՝ Ἀστραῖα
Ծնողներ հայր՝ Զեւս[1][2] և Ասթրէոս, մայր՝ Թեմիս[1][2] և Էոս

Ասթրէա (հին յուն․՝ Ἀστραία)․ Ան արդարադատութեան կոյս աստուածուհին էր եւ հին յունական կրօնին, ինչպէս նաեւ յունական դիցաբանութեան մէջ եղած է Զեւսին եւ Թեմիս արդարութեան աստուածուհիին դուստր, եւ կամ նաեւ Ասթրէոս Տիտանին եւ Էոս Տիտանուհիին դուստր որ նաեւ Դիքի կը կոչուէր եւ այդ պատճառով կը նոյնանայ համանուն աստուածուհիին հետ։ Զայն կը պատկերացնէին՝ մէկ ձեռքին կշիռք բռնած եւ միւս ձեռքին՝ յարդ բռնած։

Անուան ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աստուածուհիին անունը՝ «Ասթրէա» (հին յունարէնով՝ Ἀστραία), կը ծագի յունարէն ἀστήρ (աստիր) բառէն, որ աստղ կը նշանակէ։

Յունական դիցաբանութեան մէջ, Ասթրէա կ՛ապրէր աշխարհիկ մարդոց հետ Մարդկային Ցեղերու (առասպելաբանութիւն) ժամանակին ընթացքին, երբ աշխարհին մէջ մարդիկ առաքինի էին եւ չարիք գոյութիւն չունէր։  սակայն ժամանակի ընթացքին , երբ մարդկային ցեղը աւելի դաժան եւ ապականուած դարձաւ, Ասթրէա որոշեց մարդկութիւնը ընդմիշտ լքել եւ ապրիլ աստղերուն մէջ որպէս Կոյս համաստեղութիւնը: Կոյսը կապուած էր հին ժամանակներուն յունական քանի մը դիցուհիներու հետ։

Ասթրէա Տիասին օգնեց Տիտաններու դէմ կռիւին՝ Թիթանոմախիային, տիտաններու մարտին ընթացքին։ Ան ալ զայն պատուեց իրաւունքը տալով որ կայծակը իր նպատակակէտին ուղղէ։ Ասկէ ետք, Ասթրէա դարձաւ Արդարութեան մարմնացումը, հսկողութեան տեսանկիւնէն, եւ յաճախ կը կոչուէր «Աստուածային Դատաստան»։ Այս դիմումը մինչեւ այսօր մնացած է ժողովրդական արտայայտութիւն մը , որ ժողովրդային լեզուին մէջ յաճախ կը գործածուի՝ «Աստուածային դատաստան, կրակ պիտի իջնէ մեզ այրելու»։

Ասթրէայի առասպելը զանազան կերպերով վերագրուած է Ք.Ա. 8-րդ դարու յոյն բանաստեղծ Իսիոդոսին, որ իր պահպանուած գործերուն մէջ մարգարէացած է, թէ քանի որ մարդկութիւնն այնքան վատթարացած էր բարոյականութեան եւ առաքինութեան մէջ իր դարուն (Երկաթէ Դարուն), Նեմեսիս եւ Էդոս դիցուհիները, որոնք մարմնաւորումն էին համապատասխանաբար աստուածային հատուցման եւ խոնարհութեան, վերջնականապէս պիտի լքէին երկիրը մէկընդմիշտ եւ վերադառնային Ողիմպոս լեռը, մարդիկը ձգելով իրենց ճարին՝ տանելու դժուարութիւններն ու չարիքները:

Ասթրէային ժառանգութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպական Վերածնունդին ընթացքին, Ասթրէա կապուած էր այն ժամանակի մշակոյթի ընդհանուր նորոգման ոգիին հետ, յատկապէս Անգլիոյ մէջ, ուր ան բանաստեղծական գրականութեան մէջ նոյնացուեցաւ Թագուհի Եղիսաբէթ Ա.-ին հետ, որպէս կուսակոյս Թագուհի, որ կը թագաւորէր Մարդկային Ցեղերու (առասպելաբանութիւն) ժամանակաշրջանին ։

5 Ասթրէա աստղղակերպ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխաւոր Ասթրէա ասղակերպը իր անունով կոչուած է․ 8 Դեկտեմբեր 1845-ին յայտնաբերուած աստղակերպը առած է անոր անունը՝ 5 Ասթրէա աստղակերպ։ Իր անունը նաեւ առաջարկուած էր Ուրանոս մոլորակին համար:

[3] [4] [5][6]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 Astraea // Encyclopædia Britannica: a dictionary of arts, sciences, literature and general information / H. Chisholm — 11 — New York, Cambridge, England: University Press, 1911. — Vol. 2. — P. 794.
  2. 1 2 Астрея // Энциклопедический словарь / под ред. И. Е. АндреевскийСПб.: Брокгауз — Ефрон, 1890. — Т. II. — С. 366.
  3. </nowiki>   Ասթրէա, հտ․5, Frances Amelia Yates,Taylor & Francis, 1999 - Պատմութիւն - 233 էջ(յունարէն)
  4. </nowiki> Հին յունական աշխարհի բառարան, 4 հատոր, Γιάννης (յունարէն)
  5. </nowiki> Ասթրէա,  Brill's New Pauly Online, Fritz (Columbus, OH) Graf(անգլերէն)
  6. Ասղակերպերու արխիւացանկ(անգլերէն)