Jump to content

Ասա՛տ Ֆախրի

Ասա՛տ Ֆախրի
Ծննդավայր Ռաքքա
Մասնագիտութիւն քննադատ և գրագէտ

Ասա՛տ Ֆախրի (արաբերէն՝ أسعد فخري, , Ռաքքա), սուրիացի քննադատ եւ պատմական ուսումնասիրութիւններու հեղինակ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Տէր-Զօր: Ծննդավայրին մէջ իր երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, կամքէ անկախ պատճառներով կը նետուի կեանքի ասպարէջ: Ինքնաշխատութեամբ կը խորացնէ իր գրական-մշակութային գիտելիքները եւ կը դառնայ սուրիացի երիտասարդ քննադատներու սերունդի արժանաւոր ներկայացուցիչներէն մէկը:

1970ական թուականներէն սկսեալ, սուրիական ու արաբական մամուլի եւ գրական ամսագիրներու էջերուն կը ստորագրէ գրախօսականներ, ուսումնասիրութիւններ եւ գրական ու մշակութային այժմէական հարցեր քննարկող յօդուածներ:

1995-ին, «Համազգային»ի Հալէպի ՀԵՄ-ի մասնաճիւղի «Գրական եւ պատմական ուսումնասիրութեանց մատենաշար»ի իբրեւ Գ. հատոր Լաթաքիոյ «Տար էլ-Հիուար» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Ասա՛տ Ֆախրիի «Նոճիին հառաչանքը» 280 էջ հաշուող ուսումնասիրական հատորը:

Ապրած է Ռաքքայի մէջ պաշտօնավարելով «Եփրատի աւազանի շահարկման հաստատութեան» մէջ: