Առտնին ելեկտրականութիւն

Մեր տուներուն մէջ գտնուող շատ մը գործքներ կը բանին ելեկտրականութեամբ: Ջուրի ելեկտրական ջեռուցիչը, լուացքի մեքենան, մանրալիք փուռը, փոշեծծիչը, հեռատեսիլը, ռատիօ-ընդունիչը, օդը պայմանաւորող սարքը, լամբերը՝ բոլորն ալ պէտք ունին ելեկտրականութեան:

Ելեկտրական գործիքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջանի ելեկտրականութիւնը կ'արտադրուի ելեկտրակայանի մը մէջ եւ կը փոխադրուի հաստ ելեկտրալարերու միջոցաւ: Տուներու մէջ, մետաղէ թելեր զայն կը հասցնեն մինչեւ վարդակները (prises) եւ անջատիչները:

Մանրալիք Փուռ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մանրալիքները ելեկտրամագնիսական ճառագոյթումներ են զորս կարելի է բաղդատել ռատիոյին եւ հեռատեսիլին ընդունած ճառագայթներուն հետ: Այդ ճառագայթները կ'արագցնեն կերակուրներուն մէջ գտնուող ջուրի մոլեգիւլներու շարժումները: Իրարու քսուելով, անոնք կը յառաջացնեն ջերմութիւն եւ կերակուրը արագօրէն կը տաքցնեն կամ կ'եփեն:

Ելեկտրական Եռուցիչ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եռուցիչ մը կը ծառայէ ելեկտրականութեամբ ջուր տաքցնելու: Անոր յատակը տեղաւորուած ջեռուցիչ լարը կը տաքնայ երբ մէջէն հոսանք անցնի: Երբ ջուրը կը սկսի եռալ, ջերմավարը (thermostat) ինքնագործ կերպով կ'ընդհատէ հոսանքը:

Գրպանի Լամբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրպանի լամբը կը պարունակէ մէկ կամ մէկէ աւելի բարդեր (battery), լամբ մը եւ անջատիչ մը: Ելեկտրաշրջանակ մը կը կազմուի բարդին դրական ծայրէն, որ լամբին կցուած է, մինչեւ անջատիչ, անկէ ալ մինչեւ բարդին ժխտական ծայրը: Մէկէ աւելի բարդերու պարագային, անոնք իրարու վրայ զետեղուած են այնպիսի ձեւով մը որ մէկուն ժխտական ծայրը միացած ըլլայ միւսին դրական ծայրին: Երբ անջատիչին վրայ ճնշենք, հոսանքը կ'անցնի լամբին մէջէն եւ կը վառէ զայն:

Լուացքի Մեքենայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լուացքի մեքենան կը լուայ, կը ցօղուէ եւ կը քամէ լուացքը որ կը գտնուի գլանաձեւ ընդունարանի մը մէջ: Լուսալու հանգրուանին՝ ընդունարանը դանդաղ կը դառնայ ջուրով լեցուն թմկաձեւ աւազանին մէջ: Քամելու ատեն, ընդունարանը կը դառնայ շատ աւելի արագ: Կը պարպուի ջրհանի մը միջոցաւ: Լուացքի, քամելու եւ պարպումի հանգրուանները կը կարգաւորուին ելեկտրոնիկ սարքի մը կողմէ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM