Առողջութիւն
Առողջութիւնը տարատեսակ սահմանումներ ունի, որոնք գործածուած են տարբեր նպատակներու համար ժամանակին ընթացքին։ Ընդհանուր առմամբ, ան կը վերաբերի ֆիզիքական եւ զգացական բարեկեցութեան, մանաւանդ կապուած մարդկային մարմինին բնականոն գործունէութեան հետ, հիւանդութեան, ցաւին (ներառեալ հոգեկան ցաւը) կամ վնասուածքի բացակայութեամբ։

Առողջութիւնը կրնայ խրախուսուիլ առողջարար գործունէութիւններ յօրդորելով, ինչպէս կանոնաւոր ֆիզիքական վարժութիւն եւ բաւարար քուն,[1] եւ անառողջ գործունէութիւններ կամ իրավիճակներ նուազեցնելով կամ խուսափելով անոնցմէ, ինչպէս ծխելը կամ չափազանց սթրէսը։ Առողջութեան վրայ ազդող գործօններէն ոմանք կախում ունին անհատական ընտրութիւններէն, ինչպէս բարձր վտանգ ներկայացնող վարքագիծի մը մէջ մտնելը, մինչ ուրիշները կառուցուածքային պատճառներով, ինչպէս հասարակութիւնը այնպէս կազմակերպուած ըլլալը որ դիւրացնէ կամ դժուարացնէ մարդոց համար անհրաժեշտ առողջապահական ծառայութիւններ ստանալը։ Դեռ, ուրիշ գործօններ կը գտնուին ինչպէս անհատական այնպէս ալ խմբակային ընտրութիւններէն անդին, ինչպէս ժառանգական խանգարումները։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Benefits of Physical Activity»։ Centers for Disease Control and Prevention (en-us)։ 5 April 2021։ արտագրուած է՝ 11 September 2021