Jump to content

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւն (ԱՀԿ) Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մասնագիտական գործակալութիւն է, որ կը համակարգէ միջազգային հանրային առողջապահական հարցերու եւ արտակարգ իրավիճակներու լուծումները։[1] Ան իր գլխաւոր գրասենեակն ունի Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա, եւ ունի 6 տարածաշրջանային գրասենեակ[2] եւ 150 դաշտային գրասենեակ աշխարհով մէկ։ Միայն ինքնիշխան պետութիւնները կրնան անդամակցիլ. ան ամէնամեծ միջկառավարական առողջապահական կազմակերպութիւնն է միջազգային մակարդակի վրայ։[3]

ԱՀԿ-ի նպատակն է հասնիլ առողջապահութեան ամէնաբարձր հնարաւոր մակարդակին՝աշխարհի բոլոր մարդոց համար, սահմանելով առողջութիւնը որպէս «ամբողջական ֆիզիկական, հոգեկան եւ ընկերային բարեկեցութեան վիճակ եւ ոչ միայն հիւանդութեան կամ թուլութեան բացակայութիւն»։[4] Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան հիմնական գործառոյթները կը ներառեն համաճարակային հիւանդութիւններու վերահսկումի խրախուսումը, հանրային առողջապահութեան, հիւանդութիւններու բուժման եւ առնչակից հարցերու ուսուցման եւ դասընթացներու տրամադրումն ու բարելաւումը, եւ կենսաբանական արտադրանքներու միջազգային չափանիշներու հաստատման խրախուսումը։

ԱՀԿ-ն հիմնադրուեցաւ 1948 Ապրիլ 7-ին, եւ պաշտօնապէս իր աշխատանքը սկսաւ 1948 Սեպտեմբեր 1-ին։[5] Ան ներառեց Ազգերու Դաշինքի Առողջապահական Կազմակերպութեան եւ Փարիզի մէջ տեղակայուած Միջազգային Հանրային Առողջապահութեան Գրասենեակի ծրագրերը, անձնակազմն ու պարտականութիւնները, ներառեալ Հիւանդութիւններու Միջազգային Դասակարգումը (ՀՄԴ)։[6] Գործակալութեան աշխատանքը լուրջօրէն սկսաւ 1951-ին՝ նիւթական եւ թեքնիկական աղբիւրներու զգալի ներմուծումէն ետք։[7]

ԱՀԿ-ին պաշտօնական լիազօրութիւնն է խրախուսել առողջութիւնն ու անվտանգութիւնը, միաժամանակ օգնելով աշխարհի խոցելի բնակչութեանը։ Ան թեքնիկական օգնութիւն կու տայ երկիրներուն, միջազգային առողջապահական չափանիշներ կը սահմանէ, տուեալներ կը հաւաքէ համաշխարհային առողջապահական հարցերու մասին, եւ կը հանդիսանայ գիտական կամ քաղաքական քննարկումներու։[8] Անոր պաշտօնական հրատարակութիւնը, Աշխարհային Առողջութեան Զեկոյցը, գնահատումներ կը տայ համաշխարհային առողջապահական թեմաներու։[9]

ԱՀԿ-ն առաջատար դեր խաղացած է մի քանի հանրային առողջապահական ձեռքբերումներու մէջ, ամէնանշանակալիները՝ ծաղկախտի բնաջնջումը, փոլիոյի գրեթէ-բնաջնջումը, եւ Էպոլա պատուաստի զարգացումը։ Անոր ներկայիս առաջնահերթութիւնները կը ներառեն փոխանցելի հիւանդութիւններ, ինչպիսիք են HIV/AIDS-ը, Էպոլան, մալարիան եւ թոքախտը, ոչ-փոխանցելի հիւանդութիւններ ինչպիսիք են սրտային հիւանդութիւնն ու քաղցկեղը, առողջարար սնուցում, սնունդ եւ սննդային անվտանգութիւն, արհեստանոցային առողջապահութիւն, եւ նիւթերու չարաշահումը։ Գործակալութիւնը կը պաշտպանէ համընդհանուր առողջապահական ծածկման համար, հանրային առողջապահական վտանգներու հետեւողութեան մասնակցութեան, առողջապահական արտակարգ իրավիճակներու պատասխաններու համակարգման, եւ ընդհանուր առողջութեան ու բարեկեցութեան խրախուսման։[10]

ԱՀԿ-ն կը կառավարէ Աշխարհային Առողջապահական Նիստը, որ բաղկացած է անոր 194 անդամ պետութիւններէն։ Նիսը կ՚ընտրէ խորհուրդ մը՝ բաղկացած 34 առողջապահական մասնագէտներէ, կ՛՚ընտրէ ԱՀԿ-ի գլխաւոր տնօրէնը,[11] կը սահմանէ նպատակները եւ առաջնահերթութիւնները, եւ կը հաստատէ պիւտճէն ու գործունէութիւնները։ ԱՀԿ-ն կը ֆինանսաւորուի անդամ պետութիւններու ներդրումներով, ինչպէս նաեւ յատուկ նուիրատուներու կողմէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «The U.S. Government and the World Health Organization»։ Kaiser Family Foundation (en-US)։ 21 January 2025։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 March 2025-ին։ արտագրուած է՝ 2 April 2025
  2. «Regional offices»։ www.who.int (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 April 2024-ին։ արտագրուած է՝ 20 April 2024
  3. «WHO (World Health Organisation)»։ Information Saves Lives | Internews (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2 March 2023-ին։ արտագրուած է՝ 2 March 2023
  4. «Constitution of the World Health Organization»։ www.who.int (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 18 November 2024
  5. Ascher Charles S. (1952)։ «Current Problems in the World Health Organization's Program»։ International Organization (անգլերեն) 6 (1): 27–50։ ISSN 1531-5088։ doi:10.1017/S0020818300016179։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 July 2024-ին։ արտագրուած է՝ 14 July 2024
  6. «Milestones for health over 70 years»։ World Health Organization/Europe (անգլերեն)։ 17 March 2020։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 April 2020-ին։ արտագրուած է՝ 17 March 2020
  7. «World Health Organization | History, Organization, & Definition of Health»։ Encyclopedia Britannica (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 April 2020-ին։ արտագրուած է՝ 18 March 2020
  8. «The U.S. Government and the World Health Organization»։ Kaiser Family Foundation (en-US)։ 21 January 2025։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 March 2025-ին։ արտագրուած է՝ 2 April 2025
  9. «WHO | World health report 2013: Research for universal health coverage»։ WHO։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 March 2020-ին։ արտագրուած է՝ 18 March 2020
  10. «What we do»։ World Health Organization (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17 March 2020-ին։ արտագրուած է՝ 17 March 2020
  11. «Dr Tedros takes office as WHO Director-General»։ World Health Organization։ 1 July 2017։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 April 2018-ին։ արտագրուած է՝ 6 July 2017