Jump to content

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Թանգարան

Առաջին համաշխարհային պատերազմի թանգարան (Ռուսաստան)

Առաջին համաշխարհային պատերազմի թանգարան (ռուսМузей «Россия в Великой войне), ռազմա-պատմական թանգարան Սանկտ Փեթերսպուրկի Ցարսքոյէ Սելօ քաղաքին մէջ՝ նուիրուած Առաջին համաշխարհային պատերազմին Ռուսական կայսրութեան մասնակցութեան: Կը հանդիսանայ Ցարսքոյէ Սելօ արգելոց-թանգարանի մէկ մասը: Թանգարանի ցուցադրութիւնը պատրաստուած է 1917-ին, սակայն մէկ տարի ետք փակուած է: «Ռուսաստանը Մեծ պատերազմին» թանգարանը բացուած է 2014-ին՝ նուիրուած Առաջին համաշխարհային պատերազմի 100-ամեակին:

Կը գտնուի Ալեքսանտրովսկի զբօսայգիի հարեւանութեամբ, ռազմական պալատի շէնքին մէջ, որ Նիքոլա Բ.-ի օրօք կառուցած է ճարտարապետ Սիմիոն Սիտորչուկը, որպէս ռազմական պատմութեան եւ հերոսներու թանգարան: Ներկայիս ցուցահանդէսային տարածքը կը կազմէ մօտ 900 մ²[1]:

«Ռուսաստանը Մեծ պատերազմին» ցուցահանդէսը՝ թանգարանի աշխատակիցները ստեղծած են ո՛չ միայն իրենց սեփական պահեստներէն, այլ թանգարանային հաւաքածոներու համալրման մասնակցած են սովորական փեթերսպուրկցիները[2]:

Թանգարանի բաժիններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս թանգարանը ունի 13 բաժին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յագեցած է էլեկտրոնային պաստառներով եւ պլանշետներով տեղեկատուական կրպակով, ուր կարելի է տեղեկութիւններ ստանալ պատերազմի հիմնական դրուագներու, անոր մասնակիցներու, համազգեստի եւ այդ տարիներու զէնքերու մասին[3]:

  • «Պատերազմի սկիզբ»
  • «Ռազմական գործողութիւններ»
  • «Օդագնացներ ու օդաչուներ»
  • «Նաւատորմ»
  • «Դիրքային կռիւ»
  • «Գիորգիեւեան ասպետներ»
  • «Կայսերական ընտանիքը պատերազմական տարիներուն»
  • «Կարմիր խաչն ու բանտարկեալները»
  • «Հոգեւորականութիւն»
  • այլ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]