Jump to content

Ապպաս Իպն Ֆիրնաս

Ապպաս Իպն Ֆիրնաս
արաբերէն՝ عباس بن فرناس
Ծննդեան անուն արաբերէն՝ عبَّاس بن فِرناس بن وِرداس التاكِرني
Ծնած է 810[1]
Ծննդավայր Ռոնդա, Մալագա, Անտալուսիա, Սպանիա
Մահացած է 887[2]
Մահուան վայր Կորդովա, Անտալուսիա, Սպանիա
Մայրենի լեզու Արաբերէն
Կրօնք Իսլամութիւն
Մասնագիտութիւն գիւտարար, բժիշկ, քիմիկոս, երաժիշտ, բանաստեղծ, աստղագէտ

Ապու Ալ Քասէմ Ապպաս Իպն Ֆիրնաս Պն Ուարտաս Ալ Դաքրնի (810[1], Ռոնդա, Մալագա, Անտալուսիա, Սպանիա - 887[2], Կորդովա, Անտալուսիա, Սպանիա), ծնած է Անտալուս, մահմետական կրօնքի հաւատացեալ, գիտական հանրագիտարանի հնարիչ, բժիշկ, ճարտարագէտ, աստղագէտ, երաժիշտ եւ արաբերէն լեզուի բանաստեղծ: Ծնած է Սպանիայի Ռօնտա քաղաքին մէջ:

Ան հռչակաւոր դարձաւ, երբ առաջին անգամ փորձեց թռչիլ:

Ենթադրութիւններ կան թէ լատիներէնով զինք կը կոչէին Armen Firman:

Որպէս գնահատանք, յիշատակ եւ պարգեւատրում Ապպաս Իպն Ֆիրնասին լուսնի վրայ հարուածային խորշ մը անուանեցին իր անունով[3][4][5]:

Ապու-Ալ Քասէմ Ապպաս Իպն Ֆիրնաս Պն Ուարտաս Ալ Դաքրնին ծնած է Դաքրանայի Ռօնտա քաղաքին մէջ, ընտանիքի մը մէջ, որուն արմատները Ամազիղէն (Amazighen) է իպն Ումայայի հետեւորդներէն են: Ան ապրեցաւ եւ սորվեցաւ Քորթոպայի մէջ, մասնագիտացաւ փիլիսոփայութեան, քիմիաի եւ աստղագիտութեան մէջ:

Երբ ճանչցուեցաւ Ապպաս իպն Ֆիրնասի գիւտերը, զինք դատավճռեցին մզկիթի մէջ ժողովուրդին ներկայութեամբ, իբրեւ մեղաւոր եւ կրօնքէն շեղուած անձ:

Ան ստեղծեց ջրային ժամացոյցը, որ անուանուեցաւ միքադա "الميقاتة" , կարողացաւ ստեղծել թափանցիկ ապակի քարերէ եւ բժշկական ակնոցներ, առաւել եւս մանեկաւոր գունդի ստեղծումը, որ կը կազմուի օղակներէ, որոնք կը սերտեն մոլորակներու եւ աստղերու շարժումը, նոյնպէս զարգացուցած է գաւարզի քարը ջարդելու միջոցները՝ Անտալուսի մէջ, Եգիպտոս ուղարկելու փոխարէն: Ինք ստեղծած է առաջին գրիչը ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ քանի մը տեսակի չափահարներ։

Իպն Ֆիրնաս իր տան մէջ կազմած էր սենեակ մը, որուն միջոցով հեշտ էր դիտել երկինքը, աստղերը, ամպերը, կայծակներն ու փոթորիկները։

Իսկ իր ամէնէն հռչակաւոր փորձը արհեստական թեւերու օգտագործումն էր, թռչելու փորձ կատարելու համար, Պաղտատի Րուսաֆա պալատին կողքը, որուն մասին յիշած է Մաքարրին։

Ապպաս Իպն Ֆիրնասէն քաջալերուած է Eilmer of Malmesbury իր առագաստա-օդանաւի 1010-1000 տարիներուն Անգլիոյ մէջ, բայց այս փորձը հաստատող չկայ։

Որպէս յուշ, լուսնի վրայ հարուածային խորշ մը անուանեցին իր անունով: Այս խորշի լայնքը մօտաւորապէս 89 քմ է:

Կառուցուեցաւ իր յուշարձանը Պաղտատի օդակայանին առջեւ, որուն վրայ գրուեցաւ «առաջին արաբ օդաչուն ծնած է Անտալուսի մէջ»:

Լիպիան արտադրեց իր անունով նամակադրոշմ, Դարապլուսի օդակայանի պանդոկը անուանեցին իր անունով եւ ուրիշ մէկ օդակայան Պաղտատի հիւսիսը կոչուեցաւ իր անունով։

2011-ին բացումը եղաւ Ապպաս իպն Ֆիրնասի կամուրջը, որուն կեդրոնական հատուածին մէջ կը գտնուի Ապպաս իպն Ֆիրնասի յուշարձանը, որ կերպարուած է դեւերով, որոնք կը ձգտին կամուրջի երկու ծայրերուն: Կամուրջը կը գտուի Քուրթուպայի մէջ, Գվադալկիվիր արաբերէն Ուատի էլ Քեպիր գետին վրայ:

Րօնտայի մէջ բացուեցաւ աստղագիտական կեդրոն, Ապպաս Իպն Ֆիրնասի անուամբ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 opac.vatlib.it
  2. 2,0 2,1 2,2 الزركلي خ. ا. الأعلام: قاموس تراجم لأشهر الرجال والنساء من العرب والمستعربين والمستشرقين — 15 — بيروت: دار العلم للملايين, 2002. — հատոր 3. — է. 264.
  3. Lévi-Provençal E.։ «ʿAbbās b. Firnās»։ in Bearman P., Bianquis Th., Bosworth C.E., van Donzel E., Heinrichs W.P.։ Encyclopaedia of Islam 1 (2nd հրտրկթն․)։ Brill publishers։ էջ 11 
  4. 'Abbas Ibn Firnas։ The Engines of Our Ingenuity (1910) 
  5. Lynn Townsend White, Jr. (Spring, 1961). "Eilmer of Malmesbury, an Eleventh Century Aviator: A Case Study of Technological Innovation, Its Context and Tradition", Technology and Culture 2 (2), p. 97-111 [100f.]