Աշխարհի Ամէնէն Սուղ Տունը

Անթիլիա, ընտանեկան բմակավայր մը՝ Հնդկաստանի Մումպայ քաղաքին մէջ։

Աշխարհի ամէնէն սուղ տունը կ'արժէ 1 միլիառ տոլար: Անիկա կը գտնուի Մումպայի մէջ (Հնդկաստան) եւ կը պատկանի Հնդկաստանի ամէնէն հարուստ մարդուն` Մուքեշ Ամպանիին:

Մուքեշ Ամպանի իր տունը կոչած է Անթիլիա: Անթիլիա առասպելական կղզի մըն է, որ կը գտնուի Սպանիոյ արեւմուտքը: Սակայն այս կղզին աւելի ծանօթ է եօթը քաղաքներու անունով: Իսկ Մուքեշ Ամպանիի տունը այնքան մեծ է, որ անոր մէջ կրնան բաւել եօթը քաղաքներ:

Սակայն այս տան ոճը շատ իւրայատուկ է: Ան կը նմանի պզտիկներու խաղալիք քարերէ կազմուած շինութիւններուն: Անիկա բաղկացած է 27 յարկէ, ունի 175 մեթր բարձրութիւն եւ 37 հազար քառ. մեթր տարածութիւն:

Ամպանի ընտանիքը

Ամպանի ընտանիքը կազմուած է վեց անդամներէ, եւ ան կը գրաւէ շինութեան հինգ յարկերը: Այս «տան» մէջ մենք կայ մարզանքի ակումբ մը, լողաւազան մը, շարժապատկերի սրահ մը եւ հանդէսի սրահ մը: Առաւել, անիկա օժտուած է տանիքին վրայ ուղղաթիռներ ընդունելու երեք հարթակներով, եւ գետնին տակ 160 ինքնաշարժ ընդգրկող կառատունով մը:

Այս տունը այնքան մեծ է, որ զայն պահելը կը կարօտի 600 հոգինոց անձնակազմի մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]